Համայնք
Հրապարակված է: 10/22/2026
Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 22-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Տէր Գեւորգ Քահանայ Աբեանի, այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ։ Ան անձնական հանդիպումներ ունեցաւ ուսուցիչներուն եւ աշխատակազմին հետ՝ իր խորին գնահատանքը յայտնելով անոնց նուիրեալ աշխատանքին եւ կրթական առաքելութեան հանդէպ ունեցած յանձնառութեան համար։ Սրբազան Հայրը նաեւ շրջեց Վարժարանի տարածքին մէջ եւ ծանօթացաւ նորակառոյց բաժնին։
Այցելութեան կարեւորագոյն պահերէն մէկը միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն հետ Սրբազան Հօր ունեցած հանդիպումն էր։ Ան զրուցեց աշակերտներուն հետ հաւատքի, բարութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին։ Աշակերտները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Սրբազան Հօր եւ ստանալու անոր հայրական խրատներն ու պատասխանները։
Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը աշակերտներուն հետ միասին աղօթեց՝ փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը։ Ան զանոնք յորդորեց մեծնալ սիրոյ, բարութեան, իմաստութեան եւ հաւատքի ոգիով՝ միշտ արժեւորելով իրենց հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը։
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Սրբազան Հօր խօսքերը եւ մասնակցեցան միասնական աղօթքին՝ ուրախութեամբ ընդունելով անոր ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը։ Այցելութիւնը ոգեւորիչ առիթ մը հանդիսացաւ աշակերտներուն համար եւ անգամ մը եւս ընդգծեց կրթութեան, հաւատքի եւ ազգային արժէքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապը։ Սրբազան Հայրը նաեւ հոգեւոր գրքեր նուիրեց Վարժարանի ուսուցիչներուն եւ գրադարանին՝ նպաստելով աշակերտներուն եւ կրթական համայնքին հոգեւոր զարգացման ու քրիստոնէական արժէքներու ամրապնդման։
Այցելութեան աւարտին Վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր՝ այս այցելութեան, ինչպէս նաեւ Վարժարանին եւ կրթական առաքելութեան նկատմամբ անոր մշտական հայրական հոգածութեան համար։