Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Առաջնորդարանէն Ներս Ընդունեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Պատուիրակութիւնը

Թեմ

Հրապարակված է: 09/28/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ի գիտութիւն կը հաղորդենք, որ Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարի (Armenian Assembly of America) պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Տիարք Օսքար Թաթոսեան՝ Համագումարի Համանախագահ, Պրայըն Արտունի՝ Գործադիր Տնօրէն, Տէյվիտ Օճաքեան՝ Արեւմտեան Շրջանի Տնօրէն, եւ Տիկին Մերի Ճօ Պազարեան՝ Զարգացման եւ Անդամակցութեան Տնօրէն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Գործադիր Տնօրէն Տիար Յարութ Մարգարեան։

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան հայ ժողովուրդի եւ ամերիկահայ համայնքի կեանքին առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգային կազմակերպութիւններու միջեւ գործակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքի ամրապնդման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքի անհրաժեշտութեան։

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչները եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած մտքերու փոխանակման։ Ան կարեւոր նկատեց ամերիկահայ կեանքէն ներս եկեղեցական եւ ազգային կառոյցներու միջեւ փոխադարձ կապերու ամրապնդումը եւ գործակցութեան զարգացումը՝ ի նպաստ մեր համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի հզօրացման։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի գործունէութեան եւ ամերիկահայ համայնքէն ներս անոր իրականացուցած աշխատանքներուն։ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը գնահատանքով անդրադարձաւ կազմակերպութեան ծառայութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր պատասխանատուներուն ու անդամներուն՝ մաղթելով շարունակական եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն։

Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչներն իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր ջերմ ընդունելութեան համար եւ արժեւորեցին հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած մտքերու փոխանակումը։

Հանդիպման աւարտին երկուստեք ընդգծուեցաւ նման հանդիպումներու եւ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի առաւել հզօրացման։

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները