Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 08/27/2026
Օգոստոս 23-ին, օրհնութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առիթով՝ Յութայի Հայ Առաքելական համայնքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանի։


Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ օրուան խորհուրդին համահունչ Տէր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին իմաստին, ներկայացնելով Ս. Աստուածածնի առանձնայատուկ տեղն ու դերը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու կեանքին մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ Վերափոխման խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեամբ ապրուած կեանքը իր լրումը կը գտնէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը՝ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն Աստծուն Իր առատ պարգեւներուն եւ շնորհներուն համար։

Արարողութենէն ետք Տէր Հայրը օրհնուած խաղողը բաժնեց համայնքի հաւատացեալներուն՝ վերածելով այդ պահը ուրախութեան եւ եղբայրական սիրոյ գեղեցիկ առիթի։
Օրուան աւարտին Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան ջերմ եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ՝ քաջալերելով համայնքի անդամները՝ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն։
Այս օրհնաբեր օրը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ, որ Յութայի հայորդիները համախմբուին Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ՝ միասին աղօթելու, Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու եւ պահպանելու մեր հայրենի սուրբ աւանդութիւնները՝ հաւատքով, սիրով եւ միասնութեամբ։