Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Արեւմտեան Թեմի Հովանաւորութեամբ Գերապատիւ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի Հոգեւոր Եւ Աստուածաբանական Հրատարակութիւնները

Թեմ

Հրապարակված է: 08/20/2026


ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ եւ Թեմակալ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, անցնող տարիներուն լոյս տեսան Գերապատիւ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի հեղինակած եւ աշխատասիրած բազմաթիւ գիրքեր, որոնք իրենց հոգեւոր, աստուածաբանական, պատմական եւ դաստիարակչական բովանդակութեամբ արժէքաւոր ներդրում կը հանդիսանան մեր եկեղեցական գրականութեան անդաստանէն ներս։

Արեւմտեան Թեմի հրատարակչական առաքելութիւնը երկար տարիներէ ի վեր կարեւոր տեղ կը յատկացնէ հոգեւոր եւ կրօնական գրականութեան տարածման՝ նպատակ ունենալով հաւատացեալ ժողովուրդին, երիտասարդութեան եւ նոր սերունդներուն մատուցել մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատքը, աստուածաբանական մտածողութիւնը, ծիսական աւանդութիւններն ու հայրերու հոգեւոր ժառանգութիւնը լուսաբանող աշխատութիւններ։ Այս հրատարակչական գործունէութեան մէջ իր նշանակալի մասնակցութիւնը ունեցած է նաեւ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան։

Հայր Սուրբի աշխատութիւնները կ՚ընդգրկեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնական եւ ծիսական կեանքը, սուրբերու վարքը, պահեցողութեան խորհուրդը, հայ եկեղեցական աւանդութիւնները, աստուածաբանական ու հայրախօսական մտածողութիւնը, հայ վանականութեան պատմութիւնը, Սուրբ Գրոց մեկնողական ժառանգութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքի ուսուցումը։ Անոնք կը միտին ընթերցողը հաղորդակից դարձնելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան եւ զայն ապրուած հաւատքի վերածելու պատգամին։

Այս շարքին մէջ յատկանշական է «Հայ Առաքելական Եկեղեցի. Տօներ, Սուրբեր, Պահքեր եւ Կրօնական Աւանդութիւններ» հատորը, որ պատրաստուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնարարութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Գիրքը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօները, Մեծ Պահքի կիրակիներու խորհուրդները, Սուրբ Խաչին նուիրուած տօներն ու սուրբերու կեանքին եւ հաւատքի վկայութեան առնչուող նիւթեր։

Գերապատիւ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած է նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատքի խոստովանութիւնը»՝ յառաջաբանով եւ աշխարհաբար թարգմանութեամբ։ Արեւմտեան Թեմի հրատարակչական ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հայր Սուրբի Սուրբ Հաղորդութեան, Սուրբ Պատարագի բացատրութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքին եւ պատմական Հայաստանի վանական ուսումնառութեան ու հոգեւոր-իմացական կեդրոններուն նուիրուած աշխատութիւնները։

Այս հրատարակութիւնները միասնաբար կը վկայեն Հայր Սուրբի երկարամեայ մտաւոր եւ հոգեւոր վաստակին մասին։ Ան իր գրիչով հետեւողականօրէն կը ձգտի ընթերցողին առջեւ բանալ մեր Եկեղեցւոյ աստուածաբանական, հայրախօսական, ծիսական եւ պատմական գանձարանը, անցեալի հարուստ ժառանգութիւնը կապելով այսօրուան հաւատացեալի հոգեւոր կեանքին։

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձրօրէն կը գնահատէ Գերապատիւ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի երկարամեայ գրական եւ եկեղեցանուէր վաստակը, անոր հետեւողական աշխատասիրութիւնն ու նուիրումը՝ հայ հոգեւոր գրականութեան հարստացման եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր ժառանգութեան տարածման ուղղութեամբ։

Մեր այս հաղորդագրութեան կից կը ներկայացնենք Հայր Տաճատի մինչեւ օրս Առաջնորդարանին հրատարակած հատորները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային հրատարակելի աշխատասիրութիւնները: 

Հայր Սուրբին կը մաղթենք քաջառողջութիւն, հոգեւոր ու մտաւոր անսպառ կորով եւ ստեղծագործական նորանոր իրագործումներ շարունակելու իր գրական եւ եկեղեցանուէր առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի հոգեւոր շինութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։

 

ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին կողմէ

 

1)    Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Նոր Պատգամաւորը, Լ. Անճելըս, 2007:

2)    Հաղորդութիւն, Լոս Անճելըս, 2008:

3)    Հայ Վանականութեան Պատմութիւնը եւ Վարդապետներու Դասակարգը, ծագում, ձեւաւորում, զարգացում, Դ-ԺԸ դարեր, Լոս Անճելըս, 2015:  

4)    Հայ կեղեցւոյ Վարդապետները իբր Հաւատքի Ուսուցիչ եւ Աստուածաբան, Ե-ԺԸ դարեր, Լոս Անճելըս, 2016:

5)    Սբ. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս, Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատքի Խոստովանութիւնը», Լոս Անճելըս, 2018:

6)    Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տօներ, Պահքեր եւ Կրօնական Աւանդութիւններ, Լոս Անճելըս, 2018: 

7)    ՍԲ. Գրիգոր Նարեկացի, Մատեան Ողբերգութեան, Լոս Անճելըս, 2021. Աշխարհաբար Թարգմանութիւն: 

8)    Ինչու՞ կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի, Լոս Անճելըս, 2022:

9)    Վանական Հոգեկանութիւնը Քրիստոնէութեան Առաջին դարերուն, վկայութիւն, արմատներ, ապագայի կառուցում, Լոս Անճեըս, 2022: 

10)                       Հայ Վանական Հոգեկանութեան Ճգնողական Աւանդութիւնը, դիմագիծ եւ խորութիւն, Դ-ԺԹ դարեր, Լոս Անճելըս, 2022:

 

11)                       Մեր Լաւագոյններէն Մէկը, Սբ. Ներսէս Ս. Շնորհալի Կաթողիկոս, Լոս Անճելըս, 2022: 

12)                       Պատմական Հայաստանի Հոգեւոր-Իմացական Լուսաւորութեան եւ Մշակոյթի Կեդրոնները, Ե-ԺԹ դարեր, Լոս Անճելըս, 2023:

13) Ապաշխարութեան եւ Խոստովանանքի Աստուածաբանական բովանդակութիւնը, համաձայն Հայ Աստուածաբանական Մտածողութեան, Լոս Անճելըս, 2023:

14) Հայ Եկեղեցին կը լուսաւորէ, Լոս Անճելըս, 2023:

15) Յիշողութիւն 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան, Լոս Անճելըս, 2023:

16) Սբ. Ներսէս Շնորհալի, Հաւատով խոստովանիմ, Ե. տպգր., Լոս Անճելըս, 2024, գրաբար եւ աշխարհաբար թարգմանութիւն:

17) Վանական¬Ճգնողական Կեանք եւ Վանական Կանոնադրութիւններ Հայոց մօտ, Դ¬ԺԹ դարեր, ծագում, զարգացում, հոգեկանութիւն, Լոս Անճելըս, 2026:

18) Communion, Los Angeles, 2025.

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

ՀՈԳՇՆ. Հ. ՏԱՃԱՏ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ

1)     Հասկնանք եւ Ապրինք մեր Սուրբ Պատարագը, (ծագում, ծիսական կառոյց, բովանդակութիւն, Քրիստոնէական ընկալում): 

2)    Կինը Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթին մէջ:, Դ-ԺԸ դարեր: 

3)    Մարդ-Աստուած Փոխ-Յարաբերութեան Աստուածաբանութիւնը Սաղմոսներուն մէջ: 

4)     Սբ. Ներսէս Շնորհալի Կթղ.ին Հովուական Մտահոգութիւնները, բովանդակութիւն, վերլուծում եւ արժեւորում:  

5)    Քահանայ Եկեղեցականին Հոգեղէն Կառոյցը, Ինքնութիւնը եւ Դիմագիծը Եկեղեցւոյ Առաքելութեան մէջ (եկեղեցական-աստուածաբանական մփերձեցում): 

6)   Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը եւ Ընկերային զարգացման Աստուածաբանութիւն մը 

7)   Հայութեան 1915ի Տառապանքին Փորձառութիւնը, Աստուածաբանական մերձեցումի փորձ մը: 

8)    Քրիստոնէական Հաւատքին Արմատները (Աստուածաշնչական Մտածողութիւն): 

9)    Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք, (Աստուածաբանական եւ Հայրախօսական մերձեցում): 

10)  Արեւմտեան Հայաստանի Վանքերը եւ Եկեղեցիները 1915ի Ցեղասպանութեան տարիներուն (փաստաթուղթեր, թուաքանակ եւ տուեալներ) 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները