
Քսանմէկերորդ դարու համաշխարհայնացած եւ յարափոփոխ աշխարհին մէջ երբ մարդկային կեանքը յաճախ կը հեռանայ իր հոգեւոր արմատներէն, Եկեղեցին կը շարունակէ կանգնիլ որպէս Աւետարանի ճշմարտութեան անսասան պահապանն ու մարդկային հոգեւոր արժէքներու լուսաւոր փարոսը։ Հայրենիքէն հեռու եւ բազմամշակութային աշխարհի ալիքներուն մէջ ապրող հայութեան համար Հայոց Եկեղեցին եղած է եւ կը մնայ սրբազան ապաստարան մը, ուր կը պահպանուին հաւատքը, լեզուն եւ ազգային ինքնութիւնը, եւ ուր սերունդներ կը գտնեն իրենց հոգեւոր արմատներն ու ազգային ինքնութեան կենդանի աղբիւրը։ Սփիւռքի իրականութեան մէջ Եկեղեցին կը դառնայ այն հոգեւոր համայնքը, ուր մարդը կը վերագտնէ իր ներքին խաղաղութիւնը եւ կը վերանորոգէ իր կապը Աստուծոյ հետ։
Հակառակ հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան լոյսը լուսանցքայնացնող ժամանակի մարտահրաւէրներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի իմաստուն առաջնորդութեան ներքոյ այսօր բազմաբնոյթ հոգեւոր եւ հովուական ծառայութիւն մը կը ծաւալէ, որ կը վկայէ Եկեղեցւոյ կենդանի եւ կենսատու ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Կազմակերպչական գործունէութեան սահմաններէն շատ անդին Առաջնորդարանին եւ եկեղեցական դասուն համար այս առաքելութիւնը խոր եւ գիտակից հոգեւոր կոչում մըն է, որուն նպատակը մարդը առաջնորդելն է դէպի Աստուծոյ հետ կենդանի հաղորդութիւն եւ համայնքը համախմբել հաւատքի շուրջ, Եկեղեցին դարձնելով սիրոյ, ծառայութեան եւ միութեան կենդանի օճախն ու լուսաւոր կեանքի խորհրդանիշը մեր ժողովուրդին համար։Եկեղեցւոյ այս եզակի հոգեւոր առաքելութիւնը իր ակունքը կը գտնէ Քրիստոսի փոխանցած աստուածային պատուէրին մէջ։ Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր համբարձման պահուն Իր աշակերտներուն յանձնեց Իր իսկ հաստատած Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ըսելով. «Գացէ՛ք ուրեմն եւ բոլոր ազգերը ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի» (Մտ. 28։19-20) ։ Այդ օրէն ի վեր Եկեղեցին աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ կը շարունակէ սերմանել Աւետարանի լոյսը եւ առաջնորդել մարդը դէպի հաւատք, ճշմարտութիւն եւ փրկութիւն։
Թեմի ուսումնական ծրագիրները կը ներկայացուին ըստ տարիքային հերթականութեան։
Քրիստոնէական Ուսուցման Խորհուրդ (Christian Educational Council) – Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ծրագիր
Խորհուրդին նպատակն է Թեմի բոլոր կիրակնօրեայ վարժարաններուն տրամադրել միասնական ուղեցոյց մը, որ յստակութիւն եւ միօրինակութիւն կը մտցնէ անոնց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։
2020 թուականէն սկսեալ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեսիլքով սկիզբ առին վեցամեայ դասացուցակի մշակման աշխատանքները, որոնք աւարտեցան 2022-ին։ Այս ծրագիրը ամբողջութեամբ հիմնուած է Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ուսմունքին եւ աւանդութիւններուն վրայ եւ նպատակ ունի հայ աշակերտը աստիճանական եւ մասնագիտական կերպով ծանօթացնել իր մաքուր եւ անաղարտ հաւատքին՝ զերծ պահելով զայն օտարածին ազդեցութիւններէ։
Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Առաքելութիւն
Այս առաքելութիւնը կը զբաղի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի ուսուցմամբ։ Դասընթացքները կը կատարուին Թեմի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
2026 ուսումնական տարիէն սկսեալ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ, հայոց լեզուի դասերուն կից պիտի ուսուցանուին նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ մասնայատուկ դասեր։ Ուրախ ենք տեղեկացնելու, թէ Արեւմտեան Թեմին մէջ մեր լեզուն եւ մշակոյթը կը սորվին հազարաւոր աշակերտներ, որոնց թիւը տարուէ տարի կը շատնայ։
ACYO – Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Կազմակերպութիւն
Մօտ ութ տասնամեակ առաջ հիմնուած այս կազմակերպութիւնը այսօր նոր վերածնունդ կ՚ապրի Թեմէն ներս։ Կազմակերպութիւնը կը ձեռնարկէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներու՝ ուխտագնացութիւններ, բարեսիրական դրամահաւաքներ, հոգեւորականներու հետ քննարկումներ, մարզական մրցումներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ։ Վերջին տարիներուն մեծ թիւով երիտասարդներ միացած են այս ծրագրին, եւ շատ ծուխերու մէջ կը կազմակերպուին աղօթքներ եւ հոգեւոր քննարկումներ։
Քահանայութեան Թեկնածուներու Համար Դասընթացքներ
Թեմը կը զօրանայ ուսեալ եւ բանիմաց քահանաներով, որոնք կոչուած են հովուելու Տիրոջ հօտը։ Այս գիտակցութեամբ Թեմը հաստատեց քահանայութեան թեկնածուներու համար նախատեսուած մասնայատուկ դասընթացքներ, որոնք նախապատրաստական հիմք կը ծառայեն՝ հետագային ճեմարաններու մէջ մասնագիտական ուսումը շարունակելու համար։
Սարկաւագներու Վերապատրաստման Դասընթացքներ
Արդէն քանի մը տարի է, որ Արեւմտեան Թեմին մէջ կը կազմակերպուին դպրաց եւ սարկաւագներու վերապատրաստման դասընթացքներ, որոնք տեղի կ՚ունենան Առաջնորդարանին պատկանող ճամբարին մէջ եւ կը տեւեն մէկ շաբաթ։ Ծրագիրին կը մասնակցին նոր ձեռնադրուած երիտասարդներ, որոնք նուիրումով կը ծառայեն իրենց ծուխերուն մէջ։
Սուրբ Գրային Սերտողութիւններ – Bible Studies
«Քու Խօսքդ ճրագ է իմ ոտքերուս եւ լոյս իմ ճանապարհիս» (Սաղմոս 118(119):105)։
2006 թուականէն սկսեալ Արեւմտեան Թեմը ձեռնարկեց Սուրբ Գրքի մասնագիտական սերտողութիւններ, որոնք տարիներու ընթացքին ընդարձակուեցան եւ բազմամարդ դարձան։ Այս ժամանակահատուածին մէջ հազարաւոր սուրբգրային դասախօսութիւններ մատուցուած են տարբեր ծուխերու մէջ եւ նաեւ առցանց տարբերակով։
Քրիստոնէական Ուսուցման Դասընթացքներ (Christian Study Courses)
Թեմն իր հիմնադրութենէն ի վեր զբաղած է Եկեղեցւոյ հաւատի եւ աւանդութիւններու ուսուցմամբ։ Սակայն վերջին տասնամեակին այս պահանջքը դարձաւ առաւել կենսական։ Այս պատճառով 2012 թուականի յունիսին հիմնուեցաւ «Քրիստոնէական Ուսուցման Դասընթացքներ» ծրագիրը, որ շաբաթական դասընթացքներու միջոցով կը ներկայացնէ մեր Եկեղեցւոյ հաւատի հիմնական սկզբունքները։ Դասընթացքներուն ընթացքին կը գործածուին ժամանակակից տեսալսողական միջոցներ, իսկ դասերը կը ձայնագրուին եւ կը դառնան հասանելի համացանցի մէջ։
Առաքելոց Լսարան – Disciple’s Mission
Այս նախաձեռնութիւնը ստեղծուեցաւ որպէս շարունակութիւն քրիստոնէական ուսուցման ծրագիրին՝ զայն տարածելու Լոս Անջելեսէն դուրս գտնուող համայնքներուն մէջ։ Ուխտագնացութիւններու միջոցով թեմի հաւատացեալները կը հանդիպին, միասին կ՚աղօթեն եւ կը սորվին իրենց հաւատի ճշմարտութիւնները՝ դառնալով «միասիրտ եւ միախորհուրդ» (Գործք 4։32)։
Հաւատաւոր Ծառայողներու Ծրագիր – Lay Ministry
Քրիստոնէական ուսուցման դասընթացքներու յաջողութիւնը պատճառ դարձաւ նոր նախաձեռնութեան ստեղծման։ Ծրագիրը կը միտի խորացնել մասնակիցներու գիտելիքները եւ ստանձնել ուսուցչական ծառայութիւն։ Ծրագիրը սկսաւ 2024 թուականի մայիսին եւ կը շարունակուի փուլային եղանակով։
Հոգեւոր Առանձնացում Ամառային Ճամբարին Մէջ
2013 թուականէն սկսեալ կը կազմակերպուին եռօրեայ հոգեւոր առանձնացումներ թեմի ամառային ճամբարին մէջ՝ նպատակ ունենալով մասնակիցները մերձեցնել իրարու եւ ծանօթացնել Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան։ Այս հանդիպումները կը նպաստեն քրիստոնէական «Koinonia»-ի՝ եղբայրական հաղորդակցութեան իրականացման։
Տիկնանց Հոգեւոր Առանձնացման Ծրագիր
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է խթանել հաւատացեալ կիներու հոգեւոր աճը՝ աղօթքի, եկեղեցական արարողութիւններու եւ հոգեւոր դասընթացքներու միջոցով։ Վերջին տարիներուն այս հանդիպումները կը կազմակերպուին Մալիբուի գեղատեսիլ վանքի մը մէջ։
Հրատարակութիւններ
2003 թուականէն ի վեր Արեւմտեան Թեմը հրատարակած է շուրջ 350 գիրք եւ 1000-էն աւելի գրքոյկներ ու տեղեկագրեր։ Այս հրատարակութիւնները օգտակար եղած են տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներու համար եւ կը կազմեն Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակակից հրատարակչական կարեւոր ներդրումը։
«Ոսկեղենիկ» Մատենաշար
2019 թուականին հիմնուած այս մատենաշարը նպատակ ունի հայ հոգեւոր գրականութեան քիչ ծանօթ գործերը գրաբարէ վերածել աշխարհաբարի եւ նորովի շրջանառութեան մէջ դնել։ Ծրագրին կը մասնակցին նաեւ գիտնականներ Հայաստանէն։
«Աղա-Սարգսեան» Գրադարան
Գրադարանը բացուեցաւ 2005 թուականի յունիսի 6-ին՝։ Այսօր ան կը պարունակէ շուրջ 15,000 գիրք եւ պարբերական, եւ 1,000-էն աւելի հնատիպ գրքեր, ինչպես նաեւ արժէքաւոր ձեռագիրներ եւ մանրանկարներ։
«Իփասըլ» – Առաքելական Աւետարանչութիւն Էլեկտրոնային Աշխարհին Համար
Այս ծրագիրը սկսաւ 2022 թուականի սեպտեմբերի 25-ին։ Ան կը ներառէ հեռուստատեսային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, ուսուցողական տեսանիւթեր եւ առցանց յօդուածներ, որոնց կը հետեւին հազարաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհէն։
Նոր Տեսիլք՝ Վերածնունդի Համար
2024 թուականի երկրորդ կէսին Թեմը ձեռնարկեց նորարարական նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է Եկեղեցին դարձնել աւելի արդիական եւ ապագայամէտ կառոյց՝ հիմնուած քրիստոնէական հաւատքի եւ հայկական ժառանգութեան վրայ։
Ծխական Ղեկավարներու Վերապատրաստման Ծրագիր
Թեմի տեսիլքին կեդրոնը մարդիկ են՝ աւելի քան հազար առաջնորդներ, կամաւորներ եւ ուսուցիչներ։ 2025 թուականի փետրուարին սկսաւ Ծխական Ղեկավարներու Վերապատրաստման ծրագիրը, որ կը կազմակերպէ պարբերական սեմինարներ եւ դասախօսութիւններ։
Խորանի Սպասաւորներու Վերապատրաստման Ծրագիր
2025 թուականի յունիսին մեկնարկած այս ծրագիրը նպատակ ունի զարգացնել 250-է աւելի սարկաւագներու եւ խորանի սպասաւորներու աստուածաբանական գիտելիքները եւ ծիսական փորձառութիւնը։
Ծուխերու Վերակենդանացում
«Նորարարենք Մեր Ծուխերը» նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ վերափոխել ծուխերը՝ դարձնելով զանոնք հաւատի եւ համայնքային կեանքի կենդանի կեդրոններ։
Ստեղծագործութեան եւ Գիտութեան Տարածքներ
Ստեղծուած է Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական Ընկերակցութիւնը (ACTS), որ կը նպաստէ աստուածաբանական հետազօտութեան եւ մտաւոր երկխօսութեան զարգացման։
Հեռուստատեսային Բաժանմունք
2005 թուականին սկսաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Ձայն» հեռուստածրագիրը, որ հետագային վերածուեցաւ ամբողջական հեռուստատեսային բաժանմունքի եւ այսօր կը հեռարձակուի նաեւ համացանցային հարթակներու միջոցով։
Կայքէջ
Առաջնորդարանին կայքէջը կը ներկայացնէ Թեմի գործունէութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ տեղեկութիւններ։ Կայքէջ կարող են այցելել www.wdacna.com հասցէով։
Արուեստագիտութիւն (Technology) եւ Մամուլ (Media)
Թեմը կը ծրագրեն հիմնել Նորարարութեան եւ Մամուլի կեդրոն մը, ուր պիտի ստեղծուին ժամանակակից ծրագիրներ՝ քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական մշակոյթը փոխան-ցելու համար։
Ապագային Նայելով
Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները միայն ծրագիրներ չեն, այլ շարժում։ Արեւմտեան Թեմը կը ձգտի կերտել ապագայ մը, որ կը արտացոլէ հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքի նուիրումը։
Այս ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները կը կազմեն Արեւմտեան Թեմի կրթական եւ հոգեւոր առաքելութեան յստակ ուղեգիծը՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել հաւատացեալներու կապը Եկեղեցւոյ հետ եւ խթանել անոնց մէջ ծառայութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Այս կերպ հայ հաւատացեալին մէջ առաւել եւս կը զօրանայ քրիստոնէական հաւատքը, կը խորանայ Աւետարանի ըմբռնումը եւ կ՛արմատաւորուին մեր ազգային եւ եկեղեցական ժառանգութեան սրբազան արժէքները։ Այս համոզումով, Արեւմտեան Թեմը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ իբրեւ հաւատքի, կրթութեան եւ ծառայութեան կենդանի համայնք մը, ուր Աւետարանի լոյսը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ կը լուսաւորէ հայ ժողովուրդի ճանապարհը ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Սոյն գիտակցութեամբ եւ տեսիլքով Արեւմտեան Թեմը իր հոգեւորականաց դասով, Առաջնորդարանի անձնակազմով՝ ի գլուխ ունենալով Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութիւնը՝ հասնելով ժամանակակից աշխարհի հայ մարդոուն, հայ ընտանիքին ու երիտասարդին, անոնց կեանքի ճանապարհը լուսաւորելով Աւետարանի կենարար լոյսով եւ հայկական դարաւոր աւանդութիւններով։
Դիւան Առաջնորդարանի