Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Յուշ Երեկոյ՝ Նուիրուած Դոկտ. Սիլվա Պապայեան Գարայեանի Յիշատակին

Համայնք

Հրապարակված է: 11/20/2026


ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴՈԿՏ. ՍԻԼՎԱ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

   Սոյն թուականի Նոյեմբեր 17-ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ՝ նուիրուած Դոկտ. Սիլվա Պապայեան Գարայեանի յիշատակին։ Երեկոն մէկտեղած էր անոր նախկին աշակերտները, ուսուցչական կազմի անդամները, հարազատներն ու մտերիմները՝ միասին յարգանքի տուրք մատուցելու անոր կեանքին եւ երկարամեայ կրթական վաստակին։

   Միջոցառումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Տ. Գեւորգ Քահանայ Աբեան ներկաներուն փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գրաւոր պատգամը՝ նուիրուած Դոկտ. Սիլվա Պապայեան Գարայեանի կրթական ծառայութեան եւ վաստակին։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը, անդրադառնալով հանգուցեալ դաստիարակին մանկավարժական առաքելութեան, կը նշէր. «Դաստիարակը գիտելիք փոխանցելով եւ մարդուն հանդէպ հոգածութիւն ցուցաբերելով՝ կրնայ բարիք գործել ամբողջ հասարակութեան»։

    Պատգամին մէջ առանձնայատուկ կերպով ընդգծուած էր նաեւ ուսուցիչին թողած անմահ ժառանգութիւնը. «Տարիներ կ՚անցնին, սակայն աշակերտը կը պահէ իր ուսուցիչէն ստացած գիտելիքը, քաջալերանքը եւ մարդկային օրինակը»։

    Երեկոյին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Քահանայ Թաշճեան։ Յուշահանդէսի ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացումներով, ազգային երգերով ու պարերով՝ իրենց կատարումներով կենդանի պահելով սիրելի դաստիարակին յիշատակը։ Անոր մտերիմներն ալ իրենց սրտաբուխ յուշերով եւ անձնական պատմութիւններով բաժնեկցեցան ներկաներուն հետ՝ վերակենդանացնելով անոր մարդկային ջերմ նկարագիրն ու կրթական նուիրումը։

    Յուշ երեկոն դարձաւ երախտագիտութեան եւ սիրոյ գեղեցիկ արտայայտութիւն մը՝ յիշեցնելով, որ իսկական դաստիարակի վաստակը չի սահմանափակուիր դասարանով կամ պաշտօնով, այլ կը շարունակուի անոր կրթած սերունդներուն, փոխանցած արժէքներուն եւ մարդոց սրտերուն մէջ թողած բարի հետքին ընդմէջէն։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները