Թեմ
Հրապարակված է: 11/20/2026
Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կու գանք ծանուցելու, որ Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ Zoom-ի միջոցով տեղի ունեցաւ 9 Յունուար 2027-ին գումարուելիք Սարկաւագաց Համագումարի նախապատրաստական ժողովը։ Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ աշխատանքները եւ կազմուեցան յանձնախումբեր, որոնք ստանձնեցին Համագումարի կազմակերպման տարբեր պարտականութիւններ։
Շաբաթ, 9 Յունուար 2027-ին, Սարկաւագաց Համագումարը Առաջնորդարանէն ներս պիտի համախմբէ Թեմիս բոլոր ծուխերու սարկաւագները։ Համագումարին պիտի յաջորդէ տասներկու դասընթացքներէ բաղկացած կրթական յատուկ ծրագիր մը։
Նշեալ դասընթացքներուն նպատակն է խորացնել սարկաւագներուն եկեղեցական ու աստուածաբանական գիտելիքները եւ զօրացնել Սուրբ Սեղանին սպասաւորելու անոնց գործնական պատրաստութիւնը։ Ծրագիրը միաժամանակ պիտի նպաստէ հոգեւոր հովիւներուն եւ սարկաւագներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման, որպէսզի սարկաւագները, իրենց հոգեւոր հովիւներուն առաջնորդութեամբ, իրենց ստացած գիտելիքները ի սպաս դնեն համայնքի հոգեւոր կարիքներուն։
Տասներկու դասընթացքներուն ամբողջութեամբ մասնակցող եւ կրթական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտող սարկաւագներուն պիտի յանձնուին յատուկ վկայագրեր։ Այդ վկայագրերուն հիման վրայ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր արտօնութեամբ եւ իրենց հոգեւոր հովիւներուն առաջնորդութեամբ, անոնք պիտի կարենան կատարել ժամերգութիւններ, առաջնորդել Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ եւ եկեղեցւոյ ատեանէն հոգեւոր պատգամներ փոխանցել։ Տօնական առիթներով անոնք նաեւ պիտի կարենան հոգեւոր հովիւներուն գլխաւորութեամբ մասնակցիլ Սուրբ Հաղորդութեան բաշխման։ Անոնց ծառայութիւնը պիտի ընդգրկէ նաեւ այցելութիւններ հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն, դասաւանդութիւն Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն մէջ եւ տարբեր պատասխանատուութիւններ ծխական յանձնախումբերուն մէջ։