Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ամն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ներկայ Գտնուեցաւ Զաւէն Խանճեանին Նուիրուած Ոգեկոչման Երեկոյին

Համայնք

Հրապարակված է: 11/13/2026


ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԻՆ

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2026-ին, Կլէնտէյլի մէջ տեղի ունեցած Զաւէն Խանճեանի անմար յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ կայացած ձեռնարկին առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ հանգուցեալին կեանքն ու բազմակողմանի գործունէութիւնը ամփոփող «Մարդը՝ բազմում կոչումներով» հատորը։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հոգեւոր եւ համայնքային առաջնորդներ, որոնք անդրադարձան հանգուցեալին ազգային, հոգեւոր ու մշակութային վաստակին՝ գնահատանքով յիշելով անոր նուիրումը, նախաձեռնող ոգին եւ համայնքային կեանքին բերած գործօն մասնակցութիւնը։ Անոնց խօսքերուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ հաւատքի եւ գործի մարդը, որ իր կարողութիւններն ու փորձառութիւնը ի սպաս դրած էր մեր ժողովուրդի կարիքներուն։

Զաւէն Խանճեան իր հանրային գործունէութեան ընթացքին պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեց ազգային, կրթական եւ բարեսիրական տարբեր կառոյցներու մէջ։ Յատկապէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի իր տասնամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան սատարեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական, հոգեւոր ու մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման։ Անոր ուշադրութեան կեդրոնին էին մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը, համայնքներու կենսունակութիւնը եւ դժուար պայմաններու մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն աջակցութիւնը։ Միաժամանակ, իր գիրքերով եւ մամուլի էջերուն լոյս տեսած գրութիւններով ան ընթերցողին փոխանցեց հայրենիքի հանդէպ սէրը, ծննդավայր Հալէպի յիշողութիւնները եւ ազգային կեանքին վերաբերող իր մտորումները։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր մասնակցութիւնը եւս արժեւորեց հանգուցեալին յիշատակին նուիրուած այս հաւաքը՝ ընդգծելով քրիստոնէական հաւատքով ներշնչուած եւ մեր ժողովուրդին ծառայելու գիտակցութեամբ ապրուած կեանքին օրինակը։ Զաւէն Խանճեանի վաստակը կը վկայէ, թէ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ նուիրումը իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէ գործնական ծառայութեան մէջ՝ կրթական հաստատութիւններու զօրացման, կարօտեալներու հոգածութեան եւ համայնքային կապերու ամրապնդման միջոցաւ։

Ոգեկոչման երեկոն դարձաւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը մարդու մը հանդէպ, որ իր խօսքն ու գործը ծառայեցուց հայ կեանքի շինութեան։ Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող նոր հատորը այս ժառանգութիւնը կը փոխանցէ նաեւ գալիք սերունդներուն՝ կենդանի պահելով անոր յիշատակն ու ծառայութեան օրինակը։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները