Գլոբալ
Հրապարակված է: 10/21/2026
Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Նորթրիճի Ս. Մարիամ եւ Ս. Աթանաս Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցի (St. Mary & St. Athanasius Coptic Orthodox Church), ուր մասնակցեցաւ միասնական աղօթքի՝ հրաւերով Ղպտի Եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Սերապիոնի, ներկայութեամբ Ասորի Եկեղեցւոյ առաջնորդ Քափլան Արքեպիսկոպոսի եւ ընկերակից այլ հոգեւորականներուն։
Աղօթական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ եղբայրական հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդները եկեղեցական կեանքին առաւել ներգրաւելու եւ անոնց հոգեւոր դաստիարակութիւնը խթանելու միջոցները։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ միասնական աղօթքներուն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ նոր սերունդին մէջ քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ եկեղեցական համայնքներու միջեւ եղբայրական կապերու խորացման կարեւորութիւնը։
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը վերահաստատեց միասնական աղօթքի եւ հոգեւոր գործակցութեան շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի