Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Նախագահութեամբ Գումարուեցաւ Ամն Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովը

Թեմ

Հրապարակված է: 10/07/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026-ին, նախագահութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ Թեմի Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովը՝ մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականներուն։ Ժողովը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 9։30-ին Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ կատարուած աղօթքով, որուն աւարտին հոգւոց կարդացուեցաւ՝ ի յիշատակ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հոգելոյս Առաջնորդներուն, վարդապետներուն եւ քահանաներուն։ Ապա, բոլորը ողջունելէ ետք, Սրբազան Հայրը ժողովականներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

Արեւմտեան Թեմէն ներս տարիներու ընթացքին գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է իւրաքանչիւր տարի Հոգեւորականաց երեք Ընդհանուր Ժողովներու կանոնաւոր գումարումը։ Առաջինը տեղի կ՚ունենայ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին, երկրորդը՝ Մայիս ամսուն, իսկ երրորդը՝ Հոկտեմբերի սկիզբը՝ ամփոփելու անցնող ամիսներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ նախանշելու յառաջիկայ ընելիքները։ Այս հաւաքները միայն աշխատանքային հարցերու քննարկման առիթներ չեն, այլ նաեւ հոգեւոր եղբայրութիւնը ամրապնդելու, միասնաբար աղօթելու, զիրար լսելու եւ հովուական փորձառութիւններ փոխանակելու կարեւոր հանդիպումներ են՝ կենդանի դարձնելով Սաղմոսերգուին խօսքը. «Ահա՜ որքան բարի եւ որքան վայելուչ է, որ եղբայրները միասին բնակին»։

Ժողովին բացման աղօթական բաժինը կատարուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։ Հոգւոցի աղօթքին ընթացքին երախտագիտութեամբ ոգեկոչուեցան Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայած եւ ի Տէր ննջած հոգեւորականները, որոնց աղօթական, քարոզչական եւ հովուական վաստակին շարունակութիւնն է այսօրուան թեմական կեանքը։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ անոնց յիշատակին առջեւ խոնարհիլը ոչ միայն երախտագիտութեան արտայայտութիւն է, այլ նաեւ յիշեցում, որ հոգեւոր սպասաւորութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուող նուիրական առաքելութիւն մըն է։ Այս առիթով ան ըսաւ. «Մեծ բախտաւորութիւն կը նկատեմ, որ առիթը ունեցած եմ անձամբ տեսնելու եւ ճանչնալու նախկին Առաջնորդներէն շատերը, ինչպէս նաեւ վերջին երկու տասնամեակներուն ի Տէր ննջած մեր հոգեւոր սպասաւորները»։

Աղօթական բաժինէն ետք հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան Առաջնորդարանի «Համբար» սրահը, ուր շարունակուեցան ժողովին աշխատանքները։

Իր խօսքին բնաբան ընտրելով Ղուկասի Աւետարանէն՝ «Թող ձեր գօտիները մէջքներիդ պնդուած ըլլան եւ ճրագներդ՝ վառուած» (Ղուկաս 12։35) պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը զայն ներկայացուց իբրեւ պատրաստ ըլլալու կոչ։ Անդրադառնալով Ս. Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի մեկնութեան՝ Բարձրաշնորհ Սրբազանը նշեց, որ պնդուած գօտին կը խորհրդանշէ բարի եւ գովելի գործերու համար միտքի պատրաստութիւնն ու ջանասիրութիւնը, իսկ վառուած ճրագը՝ արթնութիւնը, զգօնութիւնն ու հոգեւոր պատրաստակամութիւնը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ հոգեւորականի ձեռնադրութիւնը ինքնին ծառայութեան պատրաստ ըլլալու երաշխիք չէ, այլ այդ պատրաստութիւնը պէտք է մշտապէս նորոգուի հոգեւոր, մտաւոր, հովուական եւ կազմակերպչական հետեւողական աշխատանքով։ «Բաւարար չէ կանչուած ըլլալը։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք այդ կոչումին լիարժէքօրէն պատասխանելու», ընդգծեց Թեմակալ Առաջնորդը։

Շարունակելով իր պատգամը՝ Սրբազան Հայրը հոգեւորականաց ժողովները նկատեց ծառայութեան արդար գնահատման եւ ինքնահայեցողութեան կարեւոր առիթներ։ Ան հրաւիրեց հոգեւոր հովիւները չափելի յառաջընթաց արձանագրելու իրենց քարոզներուն պատրաստութեան, հովուական խնամքին ու այցելութիւններուն, անձնական զարգացման, եկեղեցական կեանքին նոր մարդոց ներգրաւման, նոր առաջնորդներու պատրաստութեան, կրթական աշխատանքներուն եւ ծուխերու կազմակերպչական ու տնտեսական վիճակի բարելաւման մէջ։ Անդրադառնալով Առաջնորդարանի դերին՝ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Թեմը ուղղութիւն, համակարգում, կրթական նիւթեր, վերապատրաստման հնարաւորութիւններ եւ անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրէ, սակայն չի կրնար հովուական ծառայութիւն մատուցանել հովիւին փոխարէն։ Հետեւաբար ան յորդորեց հոգեւորականներն ու ծխական ղեկավարութիւնները չանտեսել կամ կանխակալօրէն չմերժել տրամադրուած միջոցները, այլ լրջօրէն ուսումնասիրել, տեղական պայմաններուն յարմարեցնել եւ գործածել զանոնք՝ ընդգծելով. «Առաջնորդարանը կրնայ միջոցը ստեղծել։ Ծուխը պէտք է զայն կեանքի կոչէ»։ Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները հրաւիրեց պարբերաբար հարց տալու իրենք իրենց. «Ո՞ւր եմ այսօր։ Ի՞նչ գործ ըրի։ Կը յառաջանա՞մ, թէ՞ տեղքայլ կ՚ընեմ»։

Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն՝ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ իր հոգեւոր եղբայրներուն կը ներկայացնէ անցնող շրջանի թեմական գործունէութիւնը, իրականացուած նախաձեռնութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Այս գործելակերպը կ՚արտացոլէ Բարձրաշնորհ Սրբազանին համեստութիւնը, նուիրումն ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը՝ հաստատելով այն համոզումը, որ առաջնորդութիւնը նախ եւ առաջ անձնուէր ծառայութիւն է։

Նախքան զեկոյցին ներկայացումը Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Թեմի վատառողջ հոգեւորականներու վիճակին, որմէ ետք ներկաները միասնաբար աղօթեցին անոնց ապաքինման եւ զօրացման համար։

Սրտի խօսքէն ետք Սրբազան Հայրը ժողովին ներկայացուց իր զեկոյցը։

Զեկոյցին սկիզբը Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւներուն անձնուէր ծառայութիւնը Թեմի ծուխերուն մէջ եւ շեշտեց, որ նման հանդիպումները առիթ են բաժնեկցելու հովուական փորձառութիւնները, միասին քննելու ծուխերու կարիքները եւ համադրելու թեմական աշխատանքները։ Ապա ներկայացուց Պատգամաւորական Ժողովներու ընթացքին արծարծուած հարցերն ու առաջարկները՝ կարեւորելով անոնց հետեւողական քննութիւնը։ Այնուհետեւ Բարձրաշնորհ Սրբազանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Թեմի շինարարական աշխատանքներուն՝ յիշելով Առաջնորդարանի նոր կառոյցը, Կլէնտըլի նոր եկեղեցին ու համալիրը, Լաս Վեկասի daycare-ը, Արիզոնայի Տարեցներու Տան ծրագիրը եւ շինարարական այլ ծրագիրներ։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանէն ներս քահանայութեան թեկնածուներու աստուածաբանական ուսումնառութեան, անոնց հոգեւոր պատրաստութեան եւ ծուխերուն մէջ ձեռք բերած փորձառութեան։ Այս առնչութեամբ Թեմակալ Առաջնորդը խօսեցաւ ձեռնադրութիւններուն վերաբերող հարցերուն եւ Սարկաւագաց Խորհուրդի աշխատանքներուն մասին՝ շեշտելով ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու կազմաւորման կարեւորութիւնը։ Զեկոյցին մէջ տեղ գտան նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակի պատրաստութիւնները, աւետարանչութեան աշխատանքները, Շաբաթօրեայ ու Կիրակնօրեայ վարժարաններուն եւ Առաջնորդարանի յարակից կառոյցներուն վերաբերող հարցերը։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը անդրադարձաւ պարականոն եկեղեցիներու հարցին, Հայաստանեան ու մարդասիրական ծրագիրներուն եւ Թեմական Ուղեցոյցին։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ այս աշխատանքներուն յառաջընթացը կը պահանջէ սերտ համագործակցութիւն, հեռանկարային ծրագրաւորում եւ հետեւողական աշխատանք։

Ժողովին ընթացքին կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ նաեւ աստուածաբանական եւ հովուական հարցերու։ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանի գլխաւորութեամբ կազմուած աշխատանքային խումբը անդրադարձաւ Սուրբ Պատարագի եւ աւետարանչութեան փոխյարաբերութեան, անոնց առանձնայատկութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ունեցած նշանակութեան։ Զեկոյցներուն յաջորդեց մտքերու շահեկան փոխանակում, որ տարբեր համայնքներու մէջ սպասաւորող հոգեւոր հայրերուն առիթ տուաւ բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնն ու տարիներու ընթացքին կուտակած գիտելիքները։

Առաւօտեան բաժինի աւարտին եւ խմբանկարի նկարահանումէն ետք ներկաները համախմբուեցան ագապէի՝ սիրոյ ճաշին շուրջ։ Պաշտօնական օրակարգը պահ մը իր տեղը զիջեց անմիջական զրոյցին եւ եղբայրական ջերմութեան՝ յիշեցնելով Եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւնը, երբ հասարակաց սեղանը նաեւ միասնականութեան արտայայտութիւն էր։

Սրբազան Հօր զեկոյցէն ետք ժողովը շարունակուեցաւ օրակարգային նիւթերու քննարկումով։ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեան ներկայացուց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած ծրագիրները։ Աւետարանչութեան նիւթին առնչութեամբ քննուեցան ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն հասնելու ուղիները։ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի երկարաժամկէտ ծրագիրներուն վերաբերող իր զեկոյցն ու յատուկ հարցախոյզը (survey)։ Ժողովականները այնուհետեւ անդրադարձան Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխատանքներուն, հայերէնի ուսուցման ու քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու պատրաստութեան շրջանային աշխատանիստերուն։ Արեւմտեան Թեմի Երիտասարդացի Ընդհանուր Պատասխանատու Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեան ներկայացուց երիտասարդաց մասին իր զեկոյցը։ Այս առնչութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ երիտասարդական մարմիններուն՝ կարեւորելով անոնց առաքելութիւնը ծուխերուն մէջ երիտասարդներու մասնակցութիւնը զօրացնելու եւ զանոնք եկեղեցական կեանքին հաղորդակից դարձնելու ուղղութեամբ։ Ժողովականները արժեւորեցին ամառնային ճամբարին եզակի դերը նոր սերունդի հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութեան մէջ։ Քննարկուեցան նաեւ Թեմական Ուղեցոյցը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պսակի եւ Սուրբ Մկրտութեան վերաբերեալ ուղեցոյցները։

Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակին անդրադառնալով՝ նշուեցաւ, որ Թեմը պաշտօնապէս կեանքի կոչուած է Հայրապետական Կոնդակով՝ 1927 թուականի Նոյեմբերին։ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեան ներկայացուց յոբելենական տարուան համար նախատեսուած գլխաւոր ձեռնարկները, անոնց բովանդակութիւնն ու ժամանակացոյցը ամփոփող տեղեկատուական թերթիկը։ Ընդգծուեցաւ, որ հարիւրամեակը մէկ դարու աղօթքի, նուիրումի ու հաւատարմութեան վկայութիւնն է եւ միաժամանակ առիթ՝ արժեւորելու անցեալը ու նոր պատասխանատուութեամբ դիմաւորելու ապագան։

Դոկտ. Հրաչ Սարկաւագ Չիլինկիրեան հանգամանօրէն ներկայացուց Թեմէն ներս կատարուած առցանց հարցախոյզին արդիւնքները՝ անդրադառնալով մասնակիցներու կազմին, արտայայտուած կարծիքներուն, առաջնահերթութիւններուն եւ նախընտրութիւններուն։ Ներկայացուած տուեալները առիթ ընծայեցին առաւել ամբողջական պատկերացում կազմելու համայնքի ակնկալութիւններուն մասին եւ գիտական մօտեցումով ուղղութիւն տալու Թեմի երկարաժամկէտ ծրագրաւորման։

Ժողովին ընթացքին գնահատանքի արժանացաւ Ստեփան Աւագ Սարկաւագ Յովակիմեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կամաւորաբար կը ծառայէ տարեցներու «Արարատ Տուն» հաստատութեան մէջ։ Յովնան Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր անշահախնդիր նուիրումին համար եւ ի նշան գնահատանքի սրբապատկեր մը նուիրեց անոր։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշատակեց նաեւ այն հոգեւորականները, որոնց ձեռնադրութեան կամ ծննդեան տարեդարձները կը զուգադիպէին այդ օրերուն՝ շնորհաւորելով զանոնք եւ մաղթելով քաջառողջութիւն ու երկարամեայ սպասաւորութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Վան Նայսի Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեան ներկաներուն յիշեցուց, որ Հոկտեմբեր 7-ին կը լրանար Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 36-րդ տարեդարձը։ Իր եւ ներկայ հոգեւորականներուն անունով Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեան սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Թեմակալ Առաջնորդին՝ մաղթելով երկարամեայ ու արգասաբեր ծառայութիւն ի սպաս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Լաս Վեկասի Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Սասուն Ծայրագոյն Վարդապետ Զմրուխտեանի ծննդեան տարեդարձին անակնկալ շնորհաւորութեամբ։ Հոգեւոր եղբայրները տօնական կարկանդակով եւ շնորհաւորական երգով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին բազմավաստակ Հայր Սուրբին՝ օրը դարձնելով առաւել յիշարժան։

Ժողովին ներկայացուած զեկոյցներն ու ծաւալած քննարկումները անդրադարձ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի անցած ճանապարհին եւ յառաջիկայ ընելիքներուն։ Այդ ճանապարհին հետ անքակտելիօրէն կապուած է Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աւելի քան երկու տասնամեակներու առաջնորդական վաստակը։ Իր գիտելիքներն ու կարողութիւնները անմնացորդ ի սպաս դնելով Թեմի հոգեւոր ու համայնքային կեանքի զարգացման՝ Սրբազան Հայրը իր նշանակալից ներդրումը կը բերէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան՝ անխախտ պահելով իր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ։

Ժողովի փակման իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց հոգեւորականներուն մասնակցութիւնն ու քննարկումներուն բերած ներդրումը։ Սրբազան Հայրը յորդորեց բոլորը միասնական ոգիով շարունակել իրենց հովուական ծառայութիւնը եւ հետեւողական աշխատանքով յառաջ տանիլ Թեմի հովուական, կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրները։ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ Բարձրաշնորհ Սրբազանը մաղթեց, որ բոլորի հաւաքական ծառայութիւնը նորոգէ բոլորին յանձնառութիւնը՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ժողովուրդին։

Դիւան Առաջնորդարանի

7 Հոկտեմբեր 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները