Թեմ
Հրապարակված է: 10/07/2026
Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ին, նախագահութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանի Արմէն Համբար սրահին մէջ կայացաւ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի հեղինակած գիրքերու շնորհանդէսը։ Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ այս յատուկ երեկոն նուիրուած էր Բարեշնորհ Սարկաւագին երկար տարիներու հովուական ծառայութեան կողքին ծաւալած գրական եւ աստուածաբանական վաստակի ներկայացման ու արժեւորման։ Շնորհանդէսին ներկայ էին հոգեւորականներ, մտաւորականներ, գրասէրներ եւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին իրենց մասնակցութեամբ պատուելու հեղինակը եւ հաղորդակից դառնալու անոր հոգեւոր ու գրական վաստակին։ Ձեռնարկը նաեւ գեղեցիկ նախերգանք մը հանդիսացաւ յաջորդ օրը գումարուելիք Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովին։
Աւելի քան երեսունհինգ գիրքերու հեղինակ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեան տասնամեակներ շարունակ նուիրուած է աստուածաբանական ուսումնասիրութեան եւ գրական աշխատանքին։ Անոր հրատարակութիւնները կ՚անդրադառնան ընկերային, բարոյական, կրօնական եւ հոգեւոր բազմազան հարցերու՝ հարստացնելով Հայ Եկեղեցւոյ գրական ժառանգութիւնը եւ հաւատացեալներուն մատուցելով հոգեւոր ու կրթադաստիարակչական արժէք ներկայացնող աշխատութիւններ։

Շնորհանդէսի հանդիսավարն էր Արեւմտեան Թեմի հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Տիար Սերգէյ Առուստամեան։ Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ ետք առաջին ելոյթով հանդէս եկաւ Տիար Նորայր Պօղոսեան, որ խմբագրական աշխատանքը կատարած է հեղինակին շարք մը հրատարակութիւններուն։ Տիար Պօղոսեան լուսարձակի տակ առաւ Գէորգ Սարկաւագի գրական վաստակն ու գիրքերուն կրթադաստիարակչական արժէքը՝ մասնաւորաբար ընդգծելով աստուածաբանական խորունկ գաղափարները պարզ, մատչելի եւ բնական լեզուով ներկայացնելու անոր կարողութիւնը։ Բանախօսը դիտել տուաւ, որ հեղինակը հաւատացեալներուն առօրեայ կեանքէն ծնող հարցումները կը քննէ Սուրբ Գիրքի եւ հայրախօսական գրականութեան լոյսին տակ՝ իր խօսքը հասկնալի ու հոգեհարազատ դարձնելով ընթերցողին։ Տիար Պօղոսեան նաեւ վեր առաւ անոր աշխատասիրութիւնը, պրպտող միտքն ու Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը։

Ապա խօսք առաւ Հոգեշնորհ Տէր Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Եարտըմեան։ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ ներկայացուած գիրքերուն աստուածաբանական խորքին եւ ժամանակակից ընկերութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն առջեւ ծառացող բարոյական եւ ընկերային հարցերու լուսաբանման մէջ հեղինակին բերած ներդրումին։ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ընդգծեց, որ այս աշխատութիւնները հիմնուած են Սուրբ Գիրքի վկայութիւններուն, Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցումներուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան վրայ։ Նման հրատարակութիւններ հաւատացեալին կ՚օգնեն առաւել խորութեամբ ճանչնալու իր Եկեղեցին, ըմբռնելու անոր խորհուրդներն ու ծէսերը եւ գիտակից կերպով պաշտպանելու առաքելաւանդ հաւատքը։
Շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագի հրատարակութիւնները, որոնք կ՚ընդգրկեն Սուրբ Խորհուրդներու, եկեղեցական ծէսերու, աղօթական կեանքի, քրիստոնէական բարոյագիտութեան, սուրբգրային մեկնութեան եւ հաւատքի պաշտպանութեան վերաբերող բազմազան նիւթեր։ «Սուրբ Հաղորդութիւն Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոսաւանդ Խորհրդի», «Փրկութեան Եռաթեւ Սիւները՝ Հաւատք, Գործեր եւ Եկեղեցի», «Բարեխօսութեան Վարդապետութիւնը եւ Ննջեցեալների Համար Աղօթքները», «Ինչո՞ւ ենք խաչակնքում», «Հարցեր Մկրտութեան Մասին», «Ինչո՞ւ ենք Քահանային կոչում Հայր», «Աստուածաշնչի մէջ որտե՞ղ է գրուած» եւ «Բուրվառի Լուռ Քարոզը Հայ Եկեղեցում. Երբ Խունկը Խօսում է» գիրքերն ու բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններ կը լուսաբանեն Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ հոգեւոր կեանքին առնչուող հարցեր։ Իր աշխատասիրութիւններուն ընդմէջէն հեղինակը տեղեկութիւն կը փոխանցէ եւ ընթերցողը կը հրաւիրէ իր գիտելիքը վերածելու ապրուած հաւատքի, աղօթքի ու ծառայութեան։ Գիրքերը միաժամանակ կը պատասխանեն հաւատացեալներուն յուզող հարցումներուն, կը բացատրեն եկեղեցական սովորութիւններուն հոգեւոր իմաստը եւ կ՚ամրապնդեն անոնց կապը Մայր Եկեղեցւոյ հետ։


Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը հոգեւոր ու մշակութային յատուկ շունչ հաղորդեց շնորհանդէսին։ Հանդէս եկան հեղինակին կողակիցը՝ Ռուզան Գէորգեան, եւ դուստրը՝ Յասմիկ Գէորգեան, որոնք դաշնամուրային զուգանուագով կատարեցին Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» ստեղծագործութեան հանրածանօթ վալսը։ Իսկ հեղինակին որդին՝ Բարեշնորհ Դաւիթ Սարկաւագ Գէորգեան, տուտուկով կատարեց Կոմիտաս Վարդապետի «Հաւուն, Հաւուն» ստեղծագործութիւնը։ Այնուհետեւ, ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Րաֆֆի Միքայէլեանի, Սրբոց Ղեւոնդեան Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը ներկայացուց «Տէր Ողորմեա»ն՝ երգչախումբի անդամ Եուրա Եսայեանի մշակումով, եւ Մայեսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի «Սուրբ, Սուրբ» ստեղծագործութիւնը։

Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, Տիկնանց Միութեան եւ յարակից մարմիններուն անունով Տիար Վարդան Նազարեան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանին՝ անոր նուիրեալ հովուական ծառայութեան եւ գրական բեղուն վաստակին համար։

Իր սրտի խօսքին մէջ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեան Տիրոջ փառք եւ գոհութիւն յայտնելէ ետք ներկայացուց իր աշխատութիւններն ու անոնց ստեղծման շարժառիթները։ Հեղինակը բացատրեց, որ գիրքերուն նիւթերը մեծ մասամբ ծնունդ առած են հովուական ծառայութեան ընթացքին հաւատացեալներուն բարձրացուցած հարցումներէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումները պարզ ու հիմնաւոր կերպով ներկայացնելու անհրաժեշտութենէն։ Գէորգ Սարկաւագ կարեւորեց հաւատացեալներուն ծանօթացումը Եկեղեցւոյ Հայրերէն մեզի փոխանցուած կրօնական ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան՝ միաժամանակ շեշտելով անոնց ուսուցումները մերօրեայ կեանքին մէջ գործադրելու նշանակութիւնը։ Հեղինակը նաեւ ընդգծեց, որ իր գրական աշխատանքը նպատակ ունի զօրացնելու աղօթական կեանքը, հոգեւոր նորոգութիւնն ու Եկեղեցւոյ հանդէպ գիտակից պատկանելիութիւնը։ Բարեշնորհ Սարկաւագը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ տարիներ շարունակ իրեն ընծայած քաջալերանքին, հայրական հոգածութեան եւ հրատարակչական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն, երաժշտական կատարողներուն, կազմակերպիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն։

Փակման պատգամը փոխանցեց Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի հովուական եւ գրական վաստակը՝ վեր առնելով անոր քրիստոնէական նախանձախնդիր ոգին, հետեւողական պրպտումները եւ հաւատացեալներուն հոգեւոր կրթութեան հանդէպ նուիրումը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ ծառայութեան այս երկու բնագաւառները կը բխին նոյն հոգեւոր կոչումէն. Գէորգ Սարկաւագ իր ներկայութեամբ եւ հոգեւոր խնամքով կը ծառայէ իրեն վստահուած համայնքին, իսկ իր գիրքերով հովուական ծառայութեան սահմանները կ՚ընդարձակէ՝ Աստուծոյ խօսքն ու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձերը հասցնելով ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակի։
Բարձրաշնորհ Սրբազանը հեղինակին գիրքերը բնորոշեց իբրեւ հաւատացեալներուն հոգեւոր սնունդ պարգեւող աշխատութիւններ եւ գնահատեց Եկեղեցւոյ ժառանգութեան «հոգեւոր գոհարները» ժամանակակից ընթերցողին մատուցելու անոր անխոնջ ջանքերը։ Այս հրատարակութիւնները կը հարստացնեն Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ գրական վաստակը, կը լուսաբանեն հաւատացեալներուն առջեւ ծառացող հարցերը եւ զանոնք կ՚առաջնորդեն դէպի եկեղեցական կեանքին ու սրբազան խորհուրդներուն առաւել գիտակից մասնակցութիւն։
Թեմակալ Առաջնորդը շնորհաւորեց Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը եւ մաղթեց, որ նոյն եռանդով շարունակէ իր հովուական, աստուածաբանական ու գրական առաքելութիւնը՝ նոր աշխատութիւններով լուսաւորելով հաւատացեալներուն միտքն ու հոգին։ Սրբազան Հայրը նաեւ յորդորեց ներկաները ընթերցելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու նոր սերունդին ծանօթացնելու այս հոգեշահ գիրքերը՝ զանոնք դարձնելով հաւատքի ճանաչման եւ հոգեւոր աճման մնայուն ուղեկիցներ։
Շնորհանդէսի աւարտին ներկաներուն նուիրուեցան հեղինակին գիրքերէն օրինակներ եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Այս հոգեշահ ձեռնարկը նորովի արժեւորեց հայ քրիստոնէական գրականութեան մնայուն նշանակութիւնը եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձերը պահպանելու ու գալիք սերունդներուն փոխանցելու մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի