Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 09/24/2026
Հաւատքի, աղօթքի եւ ազգային ոգիի վերանորոգման բացառիկ օրեր ապրեցաւ Արիզոնայի հայ համայնքը Շաբաթ, 19 եւ Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ին, երբ Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան հովուական այցելութեամբ գտնուեցաւ Արիզոնա՝ իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը բերելով հաւատացեալ ժողովուրդին։
Երկօրեայ այցելութիւնը վերածուեցաւ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի իսկական տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանի, Ծխական Խորհուրդի եւ յարակից կառոյցներու կազմակերպած բազմաբովանդակ ձեռնարկները համախմբեցին համայնքը Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ՝ աղօթքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան ոգիով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան, տօնական երկօրեակը սկիզբ առաւ Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման 17-րդ տարեդարձին նուիրուած «Armenian American Songs & Stories» խորագրեալ հանդիսաւոր համերգով։ Երեկոն միաժամանակ նուիրուած էր ամերիկահայ նշանաւոր երգահան Ալան Յովհաննէսի կեանքին եւ երաժշտական հարուստ ժառանգութեան։ Երաժշտական բազմաբովանդակ յայտագրի ուշագրաւ պահերէն մէկը հանդիսացաւ երգահանի թիւ 6՝ «Ատանա» լարային քառեակին համաշխարհային առաջին կատարումը։ Դաշնամուրային, լարային եւ այլ երաժշտական կատարումներով հարուստ յայտագիրը հանդիսութեան հաղորդեց մշակութային առանձնայատուկ շուք՝ հայ երաժշտական ժառանգութիւնը ներկայացնելով ամերիկահայ մշակութային կեանքի կենդանի միջավայրին մէջ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը փոխանցեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, երաժիշտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Տէր Զաքարիա Քահանայի աշխատասրութեամբ իրենց մասնակցութեամբ նպաստեցին երեկոյի յաջողութեան՝ ընդգծելով նման մշակութային ձեռնարկներու կարեւորութիւնը հայ երաժշտական ժառանգութեան արժեւորման եւ նոր սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ։



Կիրակի, 20 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։ Հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ աղօթակցութեամբ, օրուան հոգեւոր խորհուրդը առաւել եւս հարստացաւ դպիրներուն ուրարի տուուչութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով կատարուած Հանրապետական Մաղթանքով։ Նոր սպասաւորները կոչուեցան հաւատքով ու նուիրումով ծառայելու Սուրբ Խորանին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման 17-րդ տարեդարձը՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին կոչուած է ըլլալու ոչ միայն աղօթքի սրբազան տուն, այլեւ հաւատքի, հոգեւոր դաստիարակութեան, հայեցի ինքնութեան պահպանման եւ համայնքային համախմբման կենդանի կեդրոն։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կ՚իրագործուի հաւատացեալներու կենդանի մասնակցութեամբ, նուիրեալ ծառայութեամբ եւ քրիստոնէական արժէքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումով։
Անդրադառնալով դպրաց ուրարի տուուչութեան՝ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Սուրբ Խորանին ծառայելու կոչումին կարեւորութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը փոխանցեց նոր սպասաւորներուն՝ մաղթելով, որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն հաւատքով, խոնարհութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին՝ շնորհաւորելով համայնքը եւ ընդգծելով անկախութեան ու պետականութեան անփոխարինելի արժէքը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ «Անկախութիւնը սրբազան է, իսկ պետականութիւնը՝ բացարձակ արժէք», շեշտեց Սրբազան Հայրը՝ յիշեցնելով նաեւ Սուրբ Գրքի պատգամը՝ «Իբրեւ ազատներ ապրեցէք» (Ա. Պետրոս 2։16)։ Ան ընդգծեց, որ ազատութիւնը ոչ միայն ժառանգուած պարգեւ է, այլեւ պատասխանատուութիւն՝ հայրենիքը պահպանելու, ամրապնդելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու։ Սրբազան Հայրը յարգանքով ոգեկոչեց Հայաստանի ազատութեան եւ անվտանգութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակը եւ աղօթեց, որ Ամենակալն Աստուած Իր հովանիին ներքեւ պահէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անսասան պահէ անոր սահմանները եւ խաղաղութիւն, ապահովութիւն ու միասնականութիւն պարգեւէ մեր ժողովուրդին։



Իր քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը ուղղեց Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանին՝ անոր նուիրեալ հովուական ծառայութեան եւ համայնքի հոգեւոր կեանքի զարգացման ի խնդիր տարած հետեւողական աշխատանքին համար։ Ան իր գնահատանքը փոխանցեց նաեւ Ծխական Խորհուրդին, յարակից բոլոր կառոյցներուն եւ անոնց անդամներուն՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան զօրացման եւ համայնքի կեանքի կազմակերպման մէջ իրենց բերած նուիրեալ ծառայութեան համար։ Միաժամանակ, Սրբազան Հայրը վեր առաւ յատուկ գնահատանքի արժանացած անձերուն երկարամեայ վաստակն ու եկեղեցանուէր ծառայութիւնը՝ շնորհաւորելով զանոնք եւ մաղթելով շարունակական եռանդ ու արդիւնաւոր ծառայութիւն։

Հովուական այցելութեան յիշատակելի պահերէն մէկը հանդիսացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիպումը Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն հետ։ Սրբազան Հայրը հայրական ջերմութեամբ զրուցեց աշակերտներուն հետ, փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը եւ քաջալերեց զանոնք ամուր պահելու քրիստոնէական հաւատքը, հայ լեզուն եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը։
Այցելութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր մօտէն ծանօթանալու Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից դպրոցի նոր շէնքի կառուցման մտայղացման եւ այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն։ Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ գնահատանքով ողջունեց այս հեռանկարային նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ կրթական նոր օճախի ստեղծումը կարեւոր ներդրում պիտի հանդիսանայ Արիզոնայի հայ նոր սերունդի քրիստոնէական, հայեցի եւ կրթական դաստիարակութեան ամրապնդման գործին մէջ։
Երկօրեայ հովուական այցելութիւնը իր ամբողջութեան մէջ դարձաւ Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կենսունակութեան եւ Արիզոնայի հայ համայնքի եկեղեցասիրութեան գեղեցիկ վկայութիւն։ Հոգեւոր կեանքի աշխուժութիւնը, նոր սերունդին հանդէպ ցուցաբերուող հոգածութիւնը, համայնքային միասնականութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները առաւել եւս ընդգծեցին համայնքի շարունակական վերելքն ու ապագայակերտ տեսլականը։
Այցելութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը փոխանցեց Արժանապատիւ Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանին, Ծխական Խորհուրդին, յարակից բոլոր կառոյցներուն եւ համայնքի նուիրեալ անդամներուն, որոնց միասնական աշխատանքով այս այցելութիւնը վերածուեցաւ հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային անմոռանալի տօնախմբութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը շարունակէ իր օրհնաբեր առաքելութիւնը նոյն հաւատքով, միասնական ոգիով եւ նորանոր իրագործումներով՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն Արիզոնայի հայ համայնքին։
Դիւան Առաջնորդարանի
21 Սեպտեմբեր 2026