Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Խաչվերացը Եւ Մայր Տաճարի Օծման 16-Րդ Տարեդարձը

Թեմ

Հրապարակված է: 09/15/2026


ԽԱՉՎԵՐԱՑԸ ԵՒ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՕԾՄԱՆ 16-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հաւատացեալները համախմբուեցան՝ տօնախմբելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հինգերորդ եւ տարուան վերջին տաղաւար տօնը՝ Խաչվերացը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Խաչի առանցքային նշանակութեան։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Խաչը լոկ Քրիստոսի չարչարանքներուն խորհրդանիշը չէ, այլ մահուան դէմ Անոր յաղթանակին նշանը եւ հաւատացեալներուն յոյսի աղբիւրը։

«Խաչը կը հռչակէ Քրիստոսի յաղթանակը մահուան դէմ եւ կը մնայ յոյսի հզօր նշան մը աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ անորոշութիւններով եւ խռովութիւններով լի է», ըսաւ Յովնան Սրբազան։ «Երբ հաւատքով կ՚ընդունինք Խաչը, կը վերյիշենք, որ Աստուծոյ սէրը աւելի զօրեղ է, քան որեւէ փորձութիւն, եւ թէ Քրիստոսով խաւարը երբեք վերջին խօսքը չունի»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Մայր Տաճարի համայնքը համախմբուեցաւ «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ՝ տօնական ճաշկերոյթով նշելու թէ՛ Խաչվերացի տօնը եւ թէ՛ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի օծման 16-րդ տարեդարձը։ Հանդիսավարն էր Ուիլիըմ Պայրամեան։ Իր խօսքը փոխանցեց Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Պետրոս Անսէրեան։

Իր խօսքին մէջ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մայր Տաճարի Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ ծխական օժանդակ կառոյցներուն՝ անոնց անսասան հաւատքին, նուիրեալ ծառայութեան եւ համայնքէն ներս Քրիստոսի Աւետարանը տարածելու յանձնառութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւս իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ընդգծելով Մայր Տաճարի կենսական դերը՝ որպէս հայ համայնքի կրօնական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային կեդրոն։ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տէր Խաժակի հովուական առաջնորդութիւնը եւ դրուատեց Ծխական Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց նուիրումը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մայր Տաճարի կեանքին եւ առաքելութեան։

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբի երգեցողութեամբ՝ ղեկավարութեամբ Բարեշնորհ Արթուր Սարկաւագ Վարդանեանի, ստեղծելով տօնական երաժշտական մթնոլորտ։ Ներկաները նաեւ վայելեցին անուանի դաշնակահար Արմէն Մարտիրոսեանի երաժշտական կատարումները, ինչպէս նաեւ «Sound of Children» երգչախումբի Լիլի Միշէլի յատուկ մեներգը։

Խաչվերացի տօնը գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ Մայր Տաճարի համայնքին համար՝ վերանորոգելու իր հաւատքը առ Քրիստոս եւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ իր սրբազան յարկին տակ 16 տարիներ շարունակ կատարուած աղօթական կեանքին, ծառայութեան, կրթական աշխատանքին, համայնքային սերտ կապին եւ հոգեւոր առաքելութեան համար։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները