Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Տարեկան Կրթական Աշխատանոցը

Թեմ

Հրապարակված է: 08/26/2026


ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու տարեկան կրթական աշխատանոցը (Western Diocese Christian Educators’ Annual Workshop), հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։

Աշխատանոցին մասնակցեցան հոգեւորականներ, Կիրակնօրեայ Վարժարաններու պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, օգնականներ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող կրթական մշակներ։ Այս համախմբումը առիթ հանդիսացաւ գիտելիքներու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ նորոգելու այն յանձնառութիւնը, որով Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները կը շարունակեն նոր սերունդներու հոգեւոր կազմաւորման իրենց կարեւոր առաքելութիւնը։ Կիրակնօրեայ Վարժարանները ներկայիս կը գործեն շուրջ 18 ծուխերու մէջ, իսկ Թեմի կրթական համակարգին մէջ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն աւելի քան 220 նուիրեալ ուսուցիչներ։

Աշխատանոցի բացման Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ ողջունելով եւ բարձր գնահատելով հոգեւորականներու, պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու եկեղեցանուէր աշխատանքը։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ բոլորին կոչումն է խորացնել նոր սերունդի հաւատքը եւ մանուկները առաւել մօտեցնել Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։ Իր պատգամին առանցքը դարձնելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ձեռնադրութեան կարգին մէջ հնչող խորիմաստ «Աշակերտիմ եւ հետեւիմ» բառերը՝ ան շեշտեց, որ այս կոչումը չի սահմանափակուիր միայն հոգեւորականութեամբ, այլ կ՚ուղղուի նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած իւրաքանչիւր անձի։ «Նախքան ուրիշները Քրիստոսի հետեւելու առաջնորդելը, հարկ է մենք եւս շարունակենք մնալ Անոր աշակերտները, սորվիլ Անկէ եւ թոյլ տալ, որ Քրիստոս կազմաւորէ մեր սիրտն ու միտքը», շեշտեց Սրբազան Հայրը։

Անդրադառնալով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու առաքելութեան՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր մանուկներուն Աստուածաշունչի մասին գիտելիքներ փոխանցելով, աղօթքներ սորվեցնելով կամ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելահաստատ հաւատքին ու դարերու խորքէն եկող սրբազան աւանդութիւններուն ծանօթացնելով։ Անոր խորագոյն նպատակը մանուկները Քրիստոսի հետ կենդանի հանդիպման առաջնորդելն է, որպէսզի անոնք ճանչնան ու ապրին քրիստոնէական հաւատքը եւ իրենց կեանքը դիտեն այդ հաւատքի լոյսին տակ։

Այս առումով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առանձնապէս արժեւորեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչին կոչումը։ «Ուսուցիչները պարզապէս գիտելիք փոխանցողներ չեն, այլ քրիստոնէական հաւատքի կենդանի վկաներ։ Իրենց խօսքով, անձնական օրինակով, աղօթքով եւ հոգատար ներկայութեամբ անոնք կը նպաստեն մանուկներու հոգեւոր աշխարհի կազմաւորման» շեշտեց Սրբազան Հայրը, միաժամանակ յորդորեց բոլորը շարունակաբար սորվելու, հասկնալու նոր սերունդի հարցադրումները, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ այն միջավայրը, ուր այսօր կը կազմաւորուին անոնց ինքնութիւնն ու արժէքները։ Ան ներկաներուն յիշեցուց նաեւ, որ այսօր Կիրակնօրեայ Վարժարաններու դասարաններուն մէջ դաստիարակուող մանուկները վաղուան ծխականները, ծնողները, ուսուցիչները, առաջնորդներն ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ սպասաւորներն են։ Անոնք գուցէ տարիներ ետք չյիշեն իւրաքանչիւր դասի մանրամասնութիւնները, սակայն իրենց հոգիներուն մէջ պիտի պահպանեն այն ապրումը, թէ Եկեղեցին եղած է սիրոյ, պատկանելիութեան, աղօթքի եւ Քրիստոսի կենդանի ներկայութեան տունը։ Այս գիտակցութեամբ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները իրենց կեանքի ու եկեղեցանուէր աշխատանքի նշանաբան դարձնելու «Աշակերտիմ եւ հետեւիմ» նուիրական բառերը, շարունակաբար մնալու Քրիստոսի աշակերտները եւ իրենց հաւատքով, խօսքով ու կենդանի օրինակով նոր սերունդները առաջնորդելու դէպի Աստուծոյ ճանաչողութիւն։

Ապա աշխատանոցի դասախօսներէն Դոկտ. Անի Շահինեան ներկայացուց «Cultivating Spirituality: Forming Young Hearts and Minds in the Way of Christ» նիւթը՝ մասնակիցներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով քրիստոնէական դաստիարակութեան բուն նպատակին վրայ։ Աշխատանոցի երկրորդ դասախօսն էր Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականներէն Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։ Տէր Հայրը իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ ժամանակակից հաղորդակցական եւ թուային միջոցներու գործածութեան՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պատգամը նոր սերունդներուն հասանելի դարձնելու առաքելութեան մէջ։ Այստեղ Տէր Վազգէնին միացաւ նաեւ Կրէկ Պէյլերեանը, որուն մասին անդրադարձ կայ առանձին յօդուածով։

Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր մասնաւոր գնահատանքը յայտնեց դասախօսներուն եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի անդամներուն եւ մանաւանդ  Ատենապետ՝ Զարուհի Տէր Մկրտիչեանին Թեմէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ցուցաբերած հետեւողական նուիրումին եւ աշխատանոցի կազմակերպման համար։

Յատկանշական է, որ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու կրթական ծրագիրներու զարգացման, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ անհրաժեշտ կրթական միջոցներու տրամադրման ուղղութեամբ։ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ նախորդ տարուան աշխատանոցին քննարկուած էին Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսումնական ծրագիրները, դասաւանդման նոր միջոցները եւ տարբեր տարիքի անձանց հետ աշխատելու եղանակները։

Տարեկան այս կրթական աշխատանոցը անգամ մը եւս հաստատեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը Արեւմտեան Թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ, որ առիթ կ՚ընծայէ ուսուցիչներուն ու կրթական մշակներուն հարստացնելու իրենց գիտելիքներն ու մանկավարժական փորձառութիւնը, այլեւ կը զօրացնէ անոնց եկեղեցանուէր կոչումն ու պատասխանատուութիւնը նոր սերունդներու հոգեւոր կազմաւորման հանդէպ։ Նման աշխատանոցներու շարունակական կազմակերպումը կենսական նշանակութիւն ունի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ մեր մանուկներուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելահաստատ հաւատքին, դարերու խորքէն եկող սրբազան աւանդութիւններուն ու անանց հոգեւոր ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու նուիրական գործին մէջ։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները