Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 08/21/2026
Օգոստոս 16-ին, Օրհնութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի՝ Փորթըր Ռենչի եւ Գրանատա Հիլզի Առաքելական համայնքը հոգեւոր մեծ ուրախութեամբ նշեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սիրելի տօներէն մէկը՝ Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնը եւ Խաղողօրհնէքը։
Այս առիթով համայնքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Արժ. Տ. Գեւորգ քահանայ Աբեանի։ Տօնական Սուրբ Պատարագին ներկայ էին հարիւրէն աւելի հաւատացեալներ, որոնք համախմբուած էին աղօթքով եւ քրիստոնէական սիրով՝ միասին ապրելու Ս. Աստուածամօր տօնին հոգեւոր խորհուրդը։


Օրուան խորհուրդին համահունչ Տէր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին իմաստին, ներկայացնելով Ս. Աստուածածնի առանձնայատուկ տեղն ու դերը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու կեանքին մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ Վերափոխման խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեամբ ապրուած կեանքը իր լրումը կը գտնէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։ Ս. Աստուածամօր կեանքը մեզի կը սորվեցնէ վստահիլ Աստուծոյ կամքին, նոյնիսկ այն պահերուն, երբ մեր առջեւ դրուած ճանապարհը դժուար է կամ անորոշ։ Ան իր ամբողջ կեանքով դարձաւ Աստուծոյ կամքին հաւատարիմ եւ այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս աղօթքի, հաւատքի եւ սիրոյ կենդանի օրինակ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Խաղողօրհնէքը միայն գեղեցիկ աւանդութիւն մը չէ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր ունեցած բոլոր բարիքները Աստուծոյ պարգեւներն են։ Տարուան առաջին բերքը Աստուծոյ նուիրելով՝ մենք կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը եւ կը խնդրենք, որ Տէրը օրհնէ մեր ընտանիքները, մեր աշխատանքը, մեր կեանքը եւ մեր համայնքը։ Ինչպէս որթատունկը պտուղ կու տայ, երբ կը սնուի հողէն եւ ջուրէն, նոյնպէս ալ քրիստոնեայի կեանքը պտղաբեր կը դառնայ, երբ ան արմատաւորուած է Քրիստոսի մէջ։
Տօնական արարողութիւններէն ետք համայնքի անդամները համախմբուեցան հիւրասիրութեան շուրջ, շարունակելով օրուան ուրախութիւնը եղբայրական սիրով, զրոյցով եւ հաղորդակցութեամբ։ Այս հաւաքը առիթ մը եղաւ ոչ միայն միասին տօնելու, այլեւ համայնքի անդամներուն միջեւ սէրն ու միութիւնը ամրապնդելու։
Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնը եւ Խաղողօրհնէքը այս տարի եւս դարձան մեր համայնքի կեանքի գեղեցիկ եւ օրհնաբեր օրերէն մէկը։ Թող Ս. Աստուածածնի բարեխօսութեամբ Տէրը միշտ պահէ ու պահպանէ մեր համայնքը, զօրացնէ մեր հաւատքը, օրհնէ մեր ընտանիքները եւ առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի ամուր եկեղեցական ու հոգեւոր կեանք։