Թեմ
Հրապարակված է: 08/20/2026
ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ. «ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ, ԵՐԲ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ»
Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հանդիսաւորութեամբ նշեց իր հինգ տաղաւար տօներէն՝ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Աստուածամօր կեանքի ու երկնային փառաւորման խորհուրդով օծուն այս տօնը դարեր շարունակ հայ հաւատացեալին համար եղած է հաւատքի, աղօթքի եւ հոգեւոր նորոգութեան առանձնայատուկ առիթ, Սուրբ Կոյսի խոնարհութիւնն ու աստուածանուէր կեանքը ներկայացնելով որպէս քրիստոնէական հաւատքի եւ նուիրումի լուսաւոր օրինակ։
Տաղաւար այս տօնին առիթով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարը համախմբած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին իրենց աղօթքը միացնելու Սուրբ Եկեղեցւոյ աղօթքին եւ հաղորդակից դառնալու Աստուածամօր Վերափոխման տօնի հոգեւոր խորհուրդին։

Օրուան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Կլէնտըլի համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեան եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի։



Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ի Լոս Անճելըս Գլխաւոր Հիւպատոս Ազնուաշուք Տիկին Աննա Աւետիսեան, Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան, Թեմական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։







Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուածամօր Վերափոխման տօնի հոգեւոր խորհուրդին՝ Աստուածամայրը ներկայացնելով որպէս հաւատքի, խոնարհութեան, մայրական սիրոյ եւ աստուածանուէր կեանքի լուսեղէն տիպար։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Աստուածամայրը իր ամբողջ կեանքով պատասխանեց Աստուծոյ կոչին եւ իր երկիւղած ու քաջ հաւատքով դարձաւ ոչ միայն Յիսուս Մանուկի գուրգուրացող Մայրը, այլեւ՝ մայրական սիրոյ եւ նուիրումի ներշնչման աղբիւր ողջ մարդկութեան համար։
«Աստուածամայրը՝ Աստուծոյ ընտրեալն է, որ իրեն շնորհուած կոչումին պատասխանեց երկիւղած սրտով եւ այն քաջ հաւատքով, որ իր մէջ կը կրէր Աստուածորդին՝ լոյսն աշխարհին եւ կեանքի նոր ճանապարհը մարդկանց հոգիներուն մէջ», ընդգծեց Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով հաւատացեալները Աստուածամօր օրինակով իրենց կեանքը վերածելու աղօթքի, հաւատքի եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան կենդանի վկայութեան։
Անդրադառնալով յատկապէս մայրութեան սրբազան կոչումին Սրբազան Հայրը զուգահեռ մը գծեց Աստուածամօր եւ քրիստոնեայ մայրերու կեանքին միջեւ։ Ինչպէս Աստուածամայրը սիրով ու գուրգուրանքով ուղեկից դարձաւ իր Որդւոյն երկրաւոր կեանքին, նոյնպէս մայրերը իրենց զաւակներու կեանքի բոլոր հանգրուաններուն անոնց կողքին են ուրախանալով անոնց յաջողութիւններով եւ կիսելով անոնց դժուարութիւններն ու տառապանքները։
Այս առումով Սրբազան Հայրը շեշտեց. «Մայրութիւնը՝ սրբութիւն է», մայրերուն յորդորելով իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն փոխանցել աղօթքի ոգին եւ անոնց սրտերուն մէջ ամրագրել Քրիստոսի սիրոյ պատուիրանը։ Ան ընդգծեց, որ Աստուածամօր տօնախմբութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն տօնական հանդիսութեամբ, այլ պէտք է դառնայ հոգեւոր վերափոխման եւ կեանքը նորոգելու անկեղծ յանձնառութիւն։
Իր պատգամը ուղղելով հայ մայրերուն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Բացէ՛ք ձեր հոգիին դռները, որպէսզի հոն պատկերուի օրհնեալ ներկայութիւնը Աստուածամօր։ Հետեւեցէ՛ք անոր կեանքի սուրբ օրինակին»։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը մայրերուն յորդորեց իրենց ընտանեկան կեանքը կառուցել հաւատքի եւ աղօթքի հիմերուն վրայ եւ իրենց զաւակները դաստիարակել Քրիստոսի սիրոյ ու լոյսի ոգիով։



Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը Աստուածամօր կերպարը բնորոշեց որպէս երկինքն ու երկիրը իրար կապող «ոսկեղէն շղթան» եւ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը փակեց ըսելով. «Խոնարհեցէ՛ք Աստուածամօր պատկերին առջեւ աղօթքով ու երկիւղածութեամբ եւ այն դարձուցէք հայելին ձեր հոգիին»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Վերափոխման տօնի աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը օրհնելով խաղողի առաջին բերքը։ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր այս գեղեցիկ աւանդութիւնը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ Իր պարգեւած բարիքներուն համար եւ խնդրելու Անոր օրհնութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին, ընտանիքներուն եւ համայնքներուն վրայ։
Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւար տօնի հանդիսաւոր նշումը անգամ մը եւս ընդգծեց Արեւմտեան Թեմէն ներս մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ տօներուն եւ հայ քրիստոնէական դարաւոր աւանդութիւններուն կենդանի պահպանման ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։ Հաւատացեալներու համախմբումը մեր եկեղեցիներուն շուրջ, ընտանիքներու եւ մանաւանդ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը եկեղեցական ու համայնքային կեանքին էական նշանակութիւն ունին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան ամրապնդման համար։
Այս առաքելութեան մէջ վճռորոշ է Առաջնորդ Սրբազան Հօր շարունակական հովուական ծառայութիւն Արեւմտեան Թեմի ծուխերն ու հաւատացեալները Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու, երիտասարդ սերունդը մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն հաղորդակից դարձնելու եւ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը կենդանի պահելու ու տարածելու ուղղութեամբ։ Իր հովուական առաջնորդութեամբ եւ հետեւողական նախաձեռնութիւններով Թեմի հոգեւոր հովիւներու միասնական նուիրումով ու ճիգով Սրբազան Հայրը կը շարունակէ զօրացնել Թեմի եկեղեցական ու համայնքային կեանքը, մեր դարաւոր հաւատքն ու աւանդութիւնները դարձնելով ապրող ներկայութիւն ներկայ եւ գալիք սերունդներու կեանքին մէջ։