Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ամն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Ձեռամբ Տեղի Ունեցան Տենվըրի Նորակառոյց Սրբոց Հռիփսիմեանց Եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Նաւակատիքի Ու Օծուման Արարողութիւնները

Թեմ

Հրապարակված է: 06/30/2026


ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՏԵՆՎԸՐԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԻ ՈՒ ՕԾՈՒՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Դարերու ընթացքին, ուր որ ալ հայը հաստատուած է, իր առաջին հոգածութիւններէն եղած է եկեղեցի կառուցելը, որ իւրաքանչիւր հայու համար եղած է եւ կը մնայ աղօթքի տուն, ազգային ինքնութեան, հոգեւոր կեանքի, կրթութեան եւ համայնքային համախմբման կենդանի օճախ։ Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ են համախմբուած մեր ժողովուրդի զաւակները, պահպանուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուած մեր հաւատքը, լեզուն, մշակոյթն ու ազգային ինքնութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով, եկեղեցաշինութիւնը հայ ժողովուրդին համար եղած է հաւատքի կենդանի վկայութիւն, ազգային յարատեւութեան, հոգեւոր կենսունակութեան եւ աննկուն կամքի ամենէն վառ մարմնաւորումը։

Այս դարաւոր աւանդութեան շարունակութիւնն էր, որ 2026 թուականի Յունիս 27 եւ 28-ին պատմական եւ անմոռանալի օրեր արձանագրեց Տենվըրի եւ Քոլորատոյի հայ համայնքի կեանքին մէջ, երբ հանդիսաւորապէս կատարուեցան համայնքի նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքի եւ օծման սրբազան արարողութիւնները։ Երկար տարիներու աղօթքի, նուիրումի, զոհողութեան եւ հաւաքական ճիգերու արդիւնքը հանդիսացող այս սրբավայրը այսուհետեւ պիտի ծառայէ որպէս աղօթքի, հաւատքի, կրթութեան եւ ազգային կեանքի օրհնաբեր կեդրոն՝ ի սպաս ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած երկօրեայ հանդիսութիւնները համախմբեցին պաշտօնական հրաւիրեալներ, նոր եկեղեցւոյ կնքահայրերը, ծխական խորհուրդի անդամները եւ Տենվըրի եւ շրջակայքի հայ համայնքը, որոնք դարձան այս պատմական իրադարձութեան վկաները։

Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիկին Աննա Աւետիսեանը, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանը, Քոլորատոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Տիգրան Մուրատեանը, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Տէրիք եւ Ատրինէ Ղուկասեանները, Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանը, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, ինչպէս նաեւ Թեմական Խորհուրդի անդամներէն Տիկին Այտա Ասքէճեանը։

ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 27 Յունիսին, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ նաւակատիքի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սրբազան Հայրը, Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանի եւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանի առընթերակայութեամբ, բազմաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ նախ եկեղեցւոյ մուտքին ծնկաչոք կատարեց դռնբացէքի Սրբազան կարգը։ Ապա, «Ողորմութեամբ Քո զդուռն բաց մեզ, Տէ՛ր» հոգեպարար շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Սրբազան Հայրը, հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեցին նորակառոյց եկեղեցի, ուր շարունակուեցաւ նաւակատիքի արարողութիւնը։ Խորհրդաւոր այս պահը խոր յուզումով լեցուց ներկաներուն սրտերը՝ ազդարարելով Տենվըրի հայ համայնքի պատմութեան նոր եւ օրհնաբեր էջի մը բացումը։

Սրբազան Հայրը, հոգեւորականաց դասին ընկերակցութեամբ, օրհնեց նորակառոյց սրբավայրը եւ աղօթք բարձրացուց, որպէսզի ան դառնայ Աստուծոյ շնորհքներու մշտաբուխ աղբիւր, հոգեւոր վերանորոգութեան տուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի համախմբման օրհնաբեր կեդրոն։

Իր պատգամին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ այս օրը պատմական հանգրուան մըն է Տենվըրի եւ Քոլորատոյի հայ համայնքի կեանքին մէջ, որովհետեւ ներկայ սերունդը իր աչքերով կը տեսնէ երկար տարիներու աղօթքներու, զոհողութիւններու, յոյսերու եւ տեսիլքներու իրականացումը։ Ան յիշեցուց, որ այս եկեղեցին երկար տարիներու հաւաքական ճիգի արդիւնքն է, երբ համայնքի զաւակները կը փափաքէին ունենալ իրենց սեփական եկեղեցին, ուր հայ աղօթքը պիտի հնչէր, ժողովուրդը պիտի համախմբէր, իսկ գալիք սերունդները պիտի հաղորդուէին իրենց հաւատքին եւ ազգային ժառանգութեան։

Մէջբերելով Սաղմոսերգուի խօսքերը՝ «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին՝ Տիրոջ տունը երթանք», Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այդ ուրախութիւնը այսօր դարձած է տեսանելի իրականութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ ան յիշեցուց, որ եկեղեցին մարդկային աշխատանքին կողքին առաջին հերթին Աստուծոյ օրհնութեան պտուղն է, որովհետեւ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Եթէ Տէրը տունը չշինէ, ի զուր կ’աշխատին անոր շինարարները»։ Սրբազան Հայրը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց հաւատքով, նուիրումով եւ զոհողութեամբ մասնակցեցան այս սրբավայրի կառուցման՝ համայնքի պատասխանատուներէն մինչեւ շինարարական յանձնախումբը, կնքահայրերը, հաւատատացեալ ժողովուրդի զաւակները եւ բոլոր կամաւորները, որոնց հաւաքական ծառայութիւնը կեանք տուաւ այս պատմական իրագործման։

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄԸ

Կիրակի, 28 Յունիսին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան նոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, որմէ ետք, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնակարգին համաձայն, կատարեց նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման սրբազան արարողութիւնը, որու ընթացքին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը եկեղեցին անուանակոչեց «Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի», աղօթելով, որ այս սրբավայրը մնայ հաւատքի, աղօթքի, քրիստոնէական վկայութեան եւ ազգային համախմբումի կենդանի կեդրոն։

Օծման սրբազան արարողութիւնը, իր խոր աստուածաբանական խորհուրդով, ամբողջութեամբ Աստուծոյ ծառայութեան ընծայեց նորակառոյց եկեղեցին։ Սիւներու եւ եկեղեցւոյ տարբեր մասերուն օծումով աղօթավայրը կոչուեցաւ դառնալու այն եզակի սրբավայրը, ուր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, սերունդներ պիտի մկրտուին, աղօթքներ պիտի բարձրանան առ Աստուած եւ պիտի շարունակուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քրիստոսահաստատ առաքելութիւնը։

Սրբազան Հօր քարոզէն առաջ, Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանը հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքն ու նահատակութեան վկայութիւնը՝ անդրադառնալով անոնց անսասան հաւատքին, Քրիստոսի հանդէպ անխախտ նուիրումին եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ունեցած անջնջելի տեղին։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ այս անուանակոչութիւնը խոր հոգեւոր պատգամ մը կը փոխանցէ ներկային եւ գալիք սերունդներուն՝ հրաւիրելով զանոնք ապրելու նոյն հաւատքով, քաջութեամբ եւ նուիրումով։

Այնուհետեւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հայրական պատգամը։ Իր խօսքին սկիզբը ան նախ ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիկին Աննա Աւետիսեանը, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանը եւ Քոլորատոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Տիգրան Մուրատեանը, բարձր գնահատելով անոնց ներկայութիւնը, որ կը վկայէ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերուն եւ ազգային միասնականութեան մասին։

Շարունակելով իր պատգամը՝ Սրբազան Հայրը մէջբերելով Սուրբ Պետրոս Առաքեալի խօսքերը՝ «Դուք ալ, որպէս կենդանի քարեր, կերտեցէ՛ք Աստուծոյ հոգեւոր տան շինութիւնը» (Ա. Պետրոս 2.5), հրաւիրեց համայնքի բոլոր զաւակները դառնալու «կենդանի քարեր» եւ իրենց հաւատքով, աղօթքով եւ ծառայութեամբ կեանք պարգեւելու նորակառոյց սրբավայրին։

Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ քարաշէն այս եկեղեցին իր ամբողջ նշանակութիւնը պիտի ստանայ այն ժամանակ, երբ լեցուի հաւատացեալներով, աղօթքով, մկրտութիւններով, պսակներով, մանուկներու ձայնով եւ երիտասարդներու ծառայութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ այս եկեղեցին կը պատկանի ոչ միայն ներկայ սերունդին, այլ նաեւ այն մանուկներուն, որոնք տակաւին ծնած չեն, բայց վաղը պիտի գան մկրտուելու, հաղորդուելու եւ իրենց քրիստոնէական ու ազգային ինքնութիւնը ամրապնդելու։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն պատմական զուգադիպութեան, որ այս օրհնաբեր իրադարձութիւնը տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակաշրջանին, երբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը կը պատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ իր անկախութեան 250-ամեակը։ Ան ընդգծեց, որ այս երկու յոբելեանները ոչ միայն կը յիշեցնեն մեր հոգեւոր, ազգային եւ եկեղեցական ժառանգութեան հանդէպ ունեցած պատասխանատուութիւնը, այլեւ կը վերահաստատեն այն խոր երախտագիտութիւնը զոր հայ ժողովուրդը կը տածէ այն երկրին հանդէպ, որ դար մը շարունակ իր ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան եւ լայն հնարաւորութիւններու շնորհիւ ապաստան, ապահովութիւն եւ զարգացման լայն հեռանկարներ ընձեռած է մեր համայնքներուն։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Տենվըրի նոր եկեղեցին արժանի նուէր մըն է այս երկու պատմական յոբելեաններուն՝ խորհրդանշելով Արեւմտեան Թեմի շարունակական աճը, հայ համայնքի կենսունակութիւնը եւ ամերիկահայութեան հաւատարմութիւնը թէ՛ իր ազգային ու քրիստոնէական արմատներուն եւ թէ՛ իրեն հայրենիք դարձած օրհնաբեր այս երկրին։

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը իր քարոզի աւարտին աղօթք բարձրացուց, որ Ամենակալ Աստուած օրհնէ նորակառոյց սրբավայրը, համայնքի զաւակները, կնքահայրերը,  եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց աղօթքով, զոհողութեամբ եւ նուիրումով մասնակից դարձան այս պատմական իրագործման, որպէսզի Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դառնայ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան տուն՝ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Պատարագի եւ եկեղեցւոյ օծման սրբազան արարողութեան աւարտին շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիկին Աննա Աւետիսեանը, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանը, Քոլորատոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Տիգրան Մուրատեանը եւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը։

Անոնք  շնորհաւորեցին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր դասը եւ Տենվըրի հայ համայնքի զաւակները նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման պատմական առիթով՝ արժեւորելով Արեւմտեան Թեմի առաջնորդութիւնը, համայնքի հաւաքական աշխատանքը եւ բոլոր անոնց նուիրումը, որոնք իրենց զոհողութեամբ ու ծառայութեամբ իրականութիւն դարձուցին այս պատմական ձեռնարկը։ Անոնք ընդգծեցին, որ նոր եկեղեցին պիտի դառնայ ոչ միայն աղօթքի տուն, այլ նաեւ հայ ինքնութեան, կրթութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու փոխանցման ամուր կեդրոն՝ ի նպաստ ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

Սուրբ Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսաւոր տօնախմբութիւն, որ համախմբեց հաւատացեալ ժողովուրդը, հիւրերն ու բարեկամները։ Ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ ներկաները բաժնեցին պատմական ու օրհնաբեր օրուան ուրախութիւնը, շնորհաւորեցին զիրար եւ գոհութիւն մատուցանեցին Ամենակալ Աստուծոյ՝ Տենվըրի հայ համայնքին պարգեւուած այս մեծ շնորհին համար։

Հանդիսութիւններու աւարտին Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր հայրական գնահատանքն ու օրհնութիւնը յայտնեց Տենվըրի եւ Քոլորատոյի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ արժեւորելով անոնց երկարամեայ հաւատքը, միաբանութիւնը, յարատեւ աշխատանքն ու նուիրումը, որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ այս պատմական եկեղեցաշինական ձեռնարկը։

Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Հրանդ  Միրիմանեանին եւ Ծխական Խորհուրդի բոլոր անդամներուն, որոնք մեծ պատասխանատուութեամբ, տեսլականով եւ անձնուէր ծառայութեամբ առաջնորդեցին համայնքը՝ հասցնելով զայն այս օրհնաբեր հանգրուանին։ Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ նաեւ նորակառոյց եկեղեցւոյ կնքահայրերուն, որոնց հաւատքը, առատաձեռնութիւնը եւ նուիրումը նշանակալի դեր ունեցան եկեղեցւոյ կառուցման ու իրականացման մէջ։ Ան բարձր գնահատեց անոնց անձնուէր մասնակցութիւնը՝ մաղթելով, որ Ամենակալ Աստուած բազմապատկէ անոնց բարի գործերու պտուղները։ Նոյնպէս իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր նուիրատուներուն, շինարարական յանձնախումբի անդամներուն, կամաւորներուն եւ համայնքի բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն, որոնց աղօթքները, զոհողութիւններն ու նիւթական աջակցութիւնը դարձան այս սրբավայրի կառուցման ամուր հիմքը։

Իր խօսքի աւարտին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը հայրական սիրով շնորհաւորեց համայնքի բոլոր զաւակները եւ աղօթեց, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սերունդէ սերունդ շարունակէ համախմբել հայ ընտանիքները, զօրացնել անոնց հաւատքը, պահպանել մեր սրբազան աւանդութիւնները եւ դառնալ աղօթքի, հաւատքի, կրթութեան ու ազգային վերազարթօնքի կենդանի օճախ։

Այսպիսով, Տենվըրի նորակառոյց Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքն ու օծումը դարձան Տենվըրի եւ Քոլորատոյի հայութեան եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ պատմական եւ օրհնաբեր հանգրուան մը՝ վերահաստատելով, որ հայ ժողովուրդը, ուր ալ գտնուի, կը շարունակէ իր կեանքը կերտել իր Եկեղեցւոյ շուրջ՝ հաւատարիմ մնալով իր քրիստոնէական հաւատքին, ազգային ինքնութեան եւ սրբազան ժառանգութեան։

Թող այս նորակառոյց սրբավայրը անսպառ աղբիւր դառնայ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ, եւ իր զանգերու հնչիւնը դարեր շարունակ հրաւիրէ հաւատացեալ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, դէպի Սուրբ Եկեղեցի եւ դէպի այն արժէքները, որոնց վրայ կերտուած է մեր ազգային ու հոգեւոր կեանքը։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունիս 29, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները