Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 06/19/2026
Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Կլէնտըլի նոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին յուսադրիչ ընթացքով։ Ծրագիրը, որ տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Արեւմտեան Թեմի կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկը, հետզհետէ կը մօտենայ իր աւարտական հանգրուաններուն։
Կլէնտըլի նոր եկեղեցւոյ եւ համալիրի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանի եւ Շինարարական Յանձնախումբի անմիջական հսկողութեամբ ընթացող աշխատանքներուն շնորհիւ, եկեղեցւոյ արտաքին շէնքը եւ ներքին բաժանումները օր ըստ օրէ ամբողջական տեսք կը ստանան։ Շինարարութեան տարբեր փուլերու յաջող իրագործումը կը վկայէ համայնքի հաւատքի, նուիրումի եւ միասնական աշխատանքի մասին։
Վերջին շրջանին շինարարական աշխատանքներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը կը ներառէ եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին բաժիններուն վրայ տարուող աշխատանքները, մինչ նորակառոյց եկեղեցին հետզհետէ կը բացայայտէ իր հայկական ճարտարապետական դիմագիծը։ Գլխաւոր գմբէթի եւ յարակից գմբէթներու տեղադրութենէն ետք աշխատանքները կը շարունակուին ծրագիրին յաջորդ եւ վերջնական փուլերուն վրայ։
Համաձայն համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանին նոր եկեղեցին կոչուած է դառնալու համայնքի զաւակներու աղօթքի, կրթական եւ համայնքային կեանքի կենսունակ կեդրոն մը՝ ծառայելով Կլէնտըլի հայ հաւատացեալներուն։
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը այս իր գնահատանքը կը յայտնէ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանին, Շինարարական Յանձնախումբին, բարերարներուն եւ բոլոր աջակիցներուն, որոնց նուիրումն ու զոհողութիւնը կեանքի կը կոչեն այս պատմական շինարարական նախաձեռնութիւնը։



ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ