Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցի

Եկեղեցիներ

Հրապարակված է: 06/19/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

Կիրակի, 14 Յունիս 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի։ Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ համայնքի հոգեւոր կեանքի եւ եկեղեցական ծառայութեան վերանորոգ նուիրումի գեղեցիկ արտայայտութեան։

Օրուան Պատարագիչն էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նաեւ կատարեց Դպիրի եւ Կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւններ։ Ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ նորընծայ սպասաւորները Սուրբ Հոգիի շնորհներով զօրացած, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայեն Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Դպրութեան աստիճանի արժանացաւ Գրանդ Հիլմանը։ Կիսասարկաւագութեան աստիճանի արժանացաւ Տանիէլ Գոլոյեանը։

Իր քարոզին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ եկեղեցական կոչումը եւ ծառայութիւնը կը պահանջեն նուիրում, խոնարհութիւն եւ ապրուած հաւատք։ Ան յատկապէս քաջալերեց նոր ձեռնադրեալները, որպէսզի իրենց ստացած շնորհքը վերածեն եկեղեցանուէր ծառայութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ձեռնադրեալները, անոնց հարազատները եւ համայնքի զաւակները՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ ներգրաւուած երիտասարդները մեր հոգեւոր կեանքի շարունակականութեան կարեւոր երաշխիքն են։

Սուրբ Պատարագի աւարտին յատուկ գնահատանք կատարուեցաւ Երէցկին Պեթի Սմբատեանին՝ անոր 95-ամեայ տարեդարձին առիթով։ Իր գնահատանքի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց յոբելեարը եւ բարձր գնահատեց անոր երկարամեայ ծառայութիւնը, հաւատարմութիւնն ու նուիրումը եկեղեցւոյ եւ համայնքին՝ անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւնը։

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշին, Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ եկեղեցւոյ բոլոր յարակից կառոյցներուն՝ համայնքային եւ հոգեւոր կեանքի զարգացման ի նպաստ տարուած նուիրեալ աշխատանքին համար։

Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի զաւակները, որոնք իրենց եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի մասնակցութեամբ կը պահպանեն մեր եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային ժառանգութիւնը։

Հոգեշունչ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնը անգամ մը եւս վկայեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը եւ համայնքի զաւակներուն սէրն ու նուիրումը հանդէպ Մայրենի Սուրբ Եկեղեցիին։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունիս 16, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները