Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Abmdr-Ի Պատուիրակութիւնը

Առաջնորդ

Հրապարակված է: 06/12/2026


ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ABMDR-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Armenian Bone Marrow Donor Registry (ABMDR)-ի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիկին Ֆրիտա Ճորտընի։

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձան կազմակերպութեան առաքելութեան, տարիներու ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Անոնք նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արեւմտեան Թեմին եւ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին՝ տարիներ շարունակ ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ համագործակցութեան համար։

Իր կարգին, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Armenian Bone Marrow Donor Registry-ի մարդասիրական եւ կեանք փրկող առաքելութիւնը՝ շեշտելով, որ կազմակերպութիւնը դարձած է ոչ միայն հազարաւոր հիւանդներու եւ ընտանիքներու յոյսի աղբիւր, այլեւ հայ ժողովուրդի մարդասիրական ծառայութեան գեղեցիկ վկայութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս արժեւորեց կամաւոր նուիրատուներու համաշխարհային ցանցի ստեղծման, համատեղելի նուիրատուներու որոնման եւ կեանք փրկող պատուաստումներու իրականացման ուղղութեամբ կազմակերպութեան տարած բազմամեայ եւ նուիրեալ աշխատանքը։

Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Տիկին Ֆրիտա Ճորտընին եւ կազմակերպութեան աշխատակիցներուն ու կամաւորներուն՝ իրենց անձնուէր ծառայութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար, որոնց շնորհիւ ABMDR-ը կը շարունակէ իր օրհնաբեր առաքելութիւնը՝ ծառայելով ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ մարդկութեան ընդհանրապէս։

Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ գնահատանքի արտայայտութիւններով եւ ապագային համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան վերահաստատումով։

Դիւան Առաջնորդարանի
Յունիս 10, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները