Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Սուրբ Էջմիածնի Խորհուրդին Ընդառաջ

Թեմ

Հրապարակված է: 06/12/2026


ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ առկայ են սրբութիւններ, որոնք իրօք կը կերտեն մեր հոգեւոր աշխարհին էութիւնը։ Առաջինը՝ Աստուծոյ ներկայութիւնն է, որուն ընկալումը պայմանաւորուած է հաւատքի գիտակցութեամբ եւ Քրիստոսի Աւետարանի էջերէն ճառագայթող ճշմարտութեամբ։ Իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ Լուսաւորչի տեսիլքը, որուն մէջ հաղորդ կը դառնանք այն իրողութեան, թէ Աստուած ինք իջաւ երկինքէն ու ոսկեայ մուրճով ճշդեց այն հողը, ուր կառուցեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածինը։ Եւ այսօր տօնն է Սուրբ Էջմիածնի, որուն կանչը կը զգանք բոլորս եւ կը խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ երախտագէտ սրտով, քանզի կը գիտակցինք, որ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդը մեր ազգի կեանքը հոգեւորապէս կը պայծառակերպէ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։

Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով առաջնորդուած՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Սուրբ Սահակ Հայրապետը Աստուածաշունչ Մատեանը հայերէնի թարգմանող ու մեկնաբանող ոսկեայ բանալին շնորհեցին։ Յաջորդող սերունդները որդեգրեցին քրիստոնէական հաւատքը եւ իրենց հոգիին կիզակէտը դարձուցին Սուրբ Էջմիածինը։

Սուրբ Էջմիածինը՝ դարերու հոլովոյթով մեզի տրուած եւ վստահուած սրբութիւն սրբոցն է, որուն պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեր Հայրենիքը, մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքը՝ գերագոյն ճշմարտութիւններ, որոնք կ՛ապահովեն մեր ազգի յաւերժականութիւնը։ Մեր ուսերուն պարտքն է Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդը փոխանցել ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։ Քանզի այս խորհուրդով ապրող անհատը կ՛իմաստաւորէ իր կեանքը եւ աւելին՝ նորակազմ ընտանիքները կը դառնան Աստուծոյ տունը եւ ապրող եկեղեցի։ Ուրեմն Սուրբ Էջմիածնի տօնը կը նշանաւորուի մեր խոստումով, այն է՝ որ պարտ ենք Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին ընդառաջ ապրելու մեր կեանքը։ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին ընդառաջ ապրիլը կը պարտաւորեցնէ, որ ապրինք քրիստոնէական հաւատքով եւ զայն թարգմանենք մեր խօսքով ու գործով։ Եւ աւելին՝ կեանքն ապրիլ սրբութեան տեսիլքով, որպէսզի մեր զաւակներուն փոխանցենք անկողոպտելի գանձը՝ Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը, որ դարերով ճանապարհորդակից եղաւ սերունդներու կեանքին մէջ։ Ուրեմն, տօնախմբել Սուրբ Էջմիածինը կը բացայայտէ, որ Աստուածորդին պիտի իջնէ եւ Իր ոսկեայ մուրճով կառուցէ մեր ներքին աշխարհի եկեղեցին։

Մեր խնդրանքն է Ձեզմէ, սիրելի՛ ծնողներ, որ այսօր եւ առհասարակ Ձեր զաւակներուն պատմէք Սուրբ Էջմիածնի մասին, Լուսաւորչի տեսիլքի մասին, Սուրբ Էջմիածնի՝ որպէս Մայր Դաստիարակի մասին, որ կը կանչէ մեզ աղօթքի, կը պատգամէ մեզ հաստատ մնալու քրիստոնէավայել կեանքի ընթացքին մէջ եւ հայրենակերտումի սրբազան առաքելութեան մէջ։ Սա է մեր նուիրական պատգամը։

Եթէ հարազատ ենք այս կոչման մէջ, ուրեմն հոգեւոր ու բարոյական իրաւունք ունինք խօսելու մեր զաւակներուն, որոնք Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանէն եւ մկրտութեամբ դարձած են որդեգիր զաւակները Աստուծոյ եւ սրբալոյս միւռոնի օծումով լուսաւորուած՝ կանչուած են դառնալու առաքեալներ մեր ներկայ աշխարհին մէջ։

Օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ՝
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

7 Յունիս, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները