Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէսի Բացում Եւ Կրթաթոշակային Հիմնարկի Մեկնարկ

Թեմ

Հրապարակված է: 06/05/2026


ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ՃՈՐՃ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2026-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Զօրեան» Թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Քալիֆորնիոյ նախկին Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի կեանքին, ծառայութեան եւ ժառանգութեան։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 150 հրաւիրեալներ, որոնց շարքին՝ դատական համակարգի ներկայացուցիչներ, պետական պաշտօնատարներ, հասարակական գործիչներ, բարերարներ եւ համայնքային պատասխանատուներ։ Հանդիսութեան ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ պաշտօնապէս մեկնարկեցաւ «Governor George Deukmejian Scholarship Fund» կրթաթոշակային հիմնարկը։ Երեկոյթին ներկայ էին Տիկին Կլորիա Տէօքմէճեանը եւ իրենց երկու դուստրերը՝ Լեզլին եւ Անդրէան, որոնց ներկայութիւնը յատուկ ջերմութիւն հաղորդեց ձեռնարկին։

Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին պատմական լուսանկարներ, պաշտօնական փաստաթուղթեր, անձնական յուշանուէրներ եւ այլ արժէքաւոր նմոյշներ, որոնք կը լուսաբանէին Քալիֆորնիոյ 35-րդ հայազգի նահանգապետին հանրային ծառայութեան բացառիկ ուղին, ինչպէս նաեւ անոր նուիրումը ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ համայնքին։

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Տիար Կրեկ Քահվաճեան, որ երկար տարիներ ծառայած էր Նահանգապետ Տէօքմէճեանի քաղաքական արշաւներուն, երդման արարողութիւններու կազմակերպման յանձնախումբերուն եւ անոր նահանգապետութեան ամբողջ շրջանին։ Իր բացման խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Տէօքմէճեանի հանրային ծառայութեան փայլուն ուղիին եւ անոր կողմէ բազմաթիւ անձերու ընձեռուած ծառայութեան հնարաւորութիւններուն։

Իր խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Նահանգապետ Տէօքմէճեանի բացառիկ ժառանգութեան եւ այն մնայուն արժէքներուն, որոնք կերտեցին անոր կեանքն ու առաջնորդութիւնը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Այս երեկոյ կը համախմբուինք երախտագիտութեամբ եւ հիացումով յիշատակելու Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի մնայուն ժառանգութիւնը՝ որպէս նուիրեալ հանրային ծառայողի, սկզբունքային ղեկավարի եւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակի, որուն կեանքն ու ծառայութիւնը կը շարունակեն ներշնչել նոր սերունդները։ Անոր ժառանգութիւնը միայն Քալիֆորնիոյ նահանգի պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած չէ, այլ դրոշմուած է այն անհամար մարդոց կեանքերուն մէջ, որոնք օգտուած են անոր իմաստութենէն, ազնուութենէն եւ անսակարկ նուիրումէն։ Իր բարձր պաշտօններուն եւ նշանակալի ձեռքբերումներուն կողքին, ան երբեք չկորսնցուց խոնարհութիւնը, բարոյական սկզբունքները եւ ընտանեկան ու հոգեւոր այն արժէքները, որոնք ձեւաւորեցին իր նկարագիրը»։

Երեկոյթի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կրթաթոշակային հիմնարկի պաշտօնական մեկնարկն էր, որ ստեղծուեցաւ խոստմնալից ուսանողներուն օժանդակելու եւ ապագայի ղեկավարներու կազմաւորման նպաստելու նպատակով։ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ Տիար Կրեկ Քահվաճեանի, յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարներուն եւ աջակիցներուն։

Հիմնարկի առաքելութիւնն ու նպատակները ներկայացուց յանձնախումբի անդամ եւ Հայաստան Հիմնադրամի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեան, որ ընդգծեց կրթաթոշակներու ազդեցիկ դերը ապագայ երիտասարդ պատասխանատուներու կազմաւորման մէջ։ Ան նշեց, թէ հիմնարկը կոչուած է քաջալերելու այն ուսանողները, որոնք իրենց կեանքով կը մարմնաւորեն ազնուութիւն, առաջնորդութիւն եւ հանրային ծառայութեան նուիրուածութիւն՝ շարունակելով Նահանգապետ Տէօքմէճեանի կեանքի օրինակն ու ժառանգութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէր Նահանգապետ Տէօքմէճեանի բազմամեայ հանրային ծառայութիւնը՝ օգտագործելով արխիւային հարցազրոյցներու եւ պատմական տեսագրութիւններու հատուածներ։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն Դատարանի նախկին դատաւոր Տիար Մարվին Պաքսթըրը, որ իր յուշերը կիսելով անդրադարձաւ Տէօքմէճեանի առաջնորդութեան, բարեկամութեան եւ արդարադատութեան հանդէպ անոր խոր յանձնառութեան։

Երեկոյթի յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ Քալիֆորնիոյ նախկին Առաջին Տիկին՝ Տիկին Կլորիա Տէօքմէճեանի խօսքը։ Ան խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր ներկաներուն՝ իր ամուսնոյն յիշատակը պահպանելու եւ մեծարելու համար։ Իր խօսքին մէջ ան ներկայացուց ոչ միայն պետական գործիչը, այլեւ ընտանիքին, հաւատքին եւ ծառայութեան նուիրուած մարդը։

Ապա Տիկին Թալին Պէրքսանլարի նուիրատուութեամբ, ձեռնարկի մասնակիցներուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ կրելով Նահանգապետ Տէօքմէճեանի պաշտօնական կնիքը, որպէս խորհրդանիշ անոր հանրային ծառայութեան եւ առաջնորդութեան մնայուն ազդեցութեան։

Պաշտօնական բաժինին աւարտէն ետք, ներկաները մասնակցեցան ընդունելութեան եւ շրջեցան ցուցահանդէսի սրահներուն մէջ, ուր ներկայացուած էին լուսանկարներ, պատմական նմոյշներ եւ պետական յուշանուէրներ, որոնք կը պատմէին հայ գաղթականներու զաւակէն մինչեւ Քալիֆորնիոյ բարձրագոյն պաշտօնը հասած Ճորճ Տէօքմէճեանի բացառիկ կեանքի ուղին։

Ձեռնարկը դարձաւ Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի մնայուն ժառանգութեան յաւերժացման գեղեցիկ վկայութիւնը։ Կրթաթոշակային հիմնարկի ստեղծման եւ պատմական ցուցահանդէսի միջոցով անոր յիշատակը պիտի շարունակէ ներշնչել գալիք սերունդները՝ ծառայելու արդարութեան, հայ-ամերիկեան արժէքներուն եւ հասարակութեան ընդհանուր բարիքին։

Դիւան Առաջնորդարանի
Յունիս 5, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները