Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Համբարձում Ապա Հոգեգալուստ

Թեմ

Հրապարակված է: 05/15/2026


ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՊԱ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

Համբարձման տօնը մեզ կը յիշեցնէ, անկասկած, Քրիստոսի համբարձումը երկինք, բայց միաժամանակ չմոռնանք Քրիստոսի պատգամը՝ դառնալու լոյսն աշխարհի․ «Գնացէ՛ք այսուհետեւ, աշակերտեցէ՛ք զամենայն հեթանոսս…» (Մտթ. 28)։

Քրիստոսի Յարութենէն քառասուն օրեր յետոյ, բոլորիս կը տրուի առանձնաշնորհումը՝ դառնալու առաքեալ Աստուծոյ անդաստանին մէջ, քարոզելու համար Քրիստոսի Աւետարանը։ Մեր հաւատքի կեանքին մէջ Համբարձումը ունի առանձնակի նշանակութիւն՝ մեր կեանքը այլակերպելու եւ միանալու առաքեալներու փաղանգին։ Այս տօնը միջանկեալ տօնն է Քրիստոսի Յարութեան եւ Հոգեգալստեան տօներուն մէջ, որովհետեւ պահն է լսելու Քրիստոսի վերջին պատգամը եւ ապա հնազանդելու ու խոնարհելու մեզի վստահուած շնորհքին, որ է՝ դառնալ առաքեալ Քրիստոսի։ Տաս օրեր յետոյ Հոգեգալուստ է, եւ մենք պիտի ստանանք Աստուծոյ Սուրբ Հոգւոյ շնորհները։

Եւ եթէ Քրիստոսի Յարութիւնը մեղքին վրայ մահուան յաղթանակն է, ապա Համբարձումն ու Հոգեգալուստը պայծառազգեստ կեանքի ճանապարհին դուռն են՝ ստանալով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները։ Ուրեմն, աղօթքով բանանք մեր հոգիներու դռները եւ սկիզբ դնենք նոր կեանքի։

Քրիստոսի Յարութենէն յետոյ, Համբարձումն ու Հոգեգալուստը մեր կեանքին մէջ կը խորհրդանշեն Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Օրէնքներն այլեւս ոչ թէ քարի վրայ արձանագրուած Հին Ուխտի պատուիրաններն են, այլ մարդկային հոգիներուն վրայ դրոշմուած Աստուծոյ սէրը։ Անոր Յարութենէն յետոյ, Համբարձումի եւ Հոգեգալստեան դէպքերուն ընդառաջ, առաքեալները շփոթի մէջ էին։ Նոյն տօներով մենք եւս կը դառնանք Քրիստոսի վկաները, կը կրենք մեր մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը, որովհետեւ կը լսենք Անոր պատգամը՝ մեզի տրուած Համբարձման ընդառաջ, եւ կը զօրանանք Սուրբ Հոգւոյ շնորհներու հեղմամբ։

Օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

Առաջնորդ՝

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

 

Տօն Համբարձման

2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները