Թեմ
Հրապարակված է: 05/06/2026
Նախագահութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026-ին, Ֆրէզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 99-րդ ընդհանուր ժողովը։ Ժողովը սկսաւ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ ետք, ժողովական կարգին համաձայն, կատարուեցաւ ներկաներու ստուգում, հաստատուեցաւ ժողովի օրակարգը, վաւերացուեցաւ նախորդ՝ 98-րդ Պատգամաւորական ժողովի ատենագրութիւնը եւ կազմուեցան ընտրական յանձնախումբերը։ Ապա պատգամաւորները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի գիրը ուղղուած ժողովին։
Պատգամաւորական նիստերու ընթացքին, համաձայն օրակարգի, Առաջնորդարանի Վարիչ Տնօրէն Բարեշնորհ Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեան ներկայացուց «Stewarding Our Blessings» նիւթը՝ շեշտելով Աստուծոյ պարգեւներու գիտակցուած եւ պատասխանատու տնօրինման կարեւորութիւնը՝ զանոնք ծառայեցնելով եկեղեցական առաքելութեան եւ համայնքային բարիքին։ Ապա տեղի ունեցաւ «From Dependency to Sustainability» խորագրով բանախօսական քննարկում մը, գլխաւորութեամբ Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեանին, ուր լուսարձակի տակ առնուեցան համայնքներու կայուն զարգացման ուղիները, առկայ մարտահրաւէրները եւ բոլոր այն միջոցները, որոնց ճամբով կարելի է ամրապնդել ծուխերու համայնքային կեանքը եւ ապահովել անոնց շարունակական աճն ու կենսունակութիւնը։
Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան աշխատարանի (workshop) միջոցաւ ներկայացուց իր վերջին ուսումնասիրութիւնները ծուխերէն ստացուած տուեալներուն հիման վրայ եւ հրաւիրեց ներկաները մասնայատեւկ ուշադրութիւն դրաձնել փաստարկուած տուեալներուն, որոնք մեզի յստակ պատգամներ կը փոխանցեն ծուխերու անդամակցութեան, հոգեւոր աճի, եւ նիւթական կայունութեան մասին։ Վերջաւորութեան, Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան յայտարարեց Արեւմտեան Թեմի ծուխերու հարցախոյզի մեկնարկի մասին, եւ տեղւոյն վրայ համապատասխան ուղղութիւնները տուաւ մասնակիցներուն մեծադիր պաստառին վրայ։
Յետմիջօրէի առաջին նիստին ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր պատգամը փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 99-րդ ընդհանուր ժողովին, կեդրոնանալով տեսլականէն դէպի գործնական դաշտ անցնելու հրամայականին։ Սրբազանը ըսաւ, որ եկեղեցական կեանքը պէտք չէ սահմանափակուի պարզ գործունէութիւններով, այլ կոչուած է դառնալու փոխակերպող իրականութիւն, ուր հաւատքը կը վերածուի ապրուած փորձառութեան։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած նախաձեռնութիւնները պէտք է արժեւորուին, գնահատուին եւ վերածուին շարունակական ու արդիւնաւէտ գործընթացներու՝ հրաւիրելով բոլորը որդեգրելու ռազմավարական մտածողութիւն, յստակ նպատակներ եւ հետեւողականութիւն։ Սրբազանը շեշտեց, որ Արեւմտեան Թեմը մօտենալով իր 100-ամեակին, կը գտնուի պատմական կարեւոր հանգրուանի մը մէջ, ուր պահանջուած է համատեղ ճիգերով կերտել ապագան, հիմնուած հաւատքի, պատասխանատուութեան եւ միասնականութեան վրայ։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր համայնքները պէտք է դառնան կենսունակ, համագործակցող եւ հաւատքի վրայ հիմնուած կեդրոններ, ուր ամէն հաւատացեալ կը զգայ իր տեղն ու դերը, եւ իր անմնացորդ ներդրումը կը բերէ համայնքային կեանքի ծաղկման ու զարգացման։ «Եկեղեցական առաքելութեան կեդրոնը կը մնայ հաւատքի փոխանցումը» շեշտեց Սրբազանը, աւելցնելով, որ «Թեմի ամբողջ տարածքին ներկայ ժամանակակից պայմաններուն մէջ եւ տարբեր մարտահրաւէրներուն դիմաց անհրաժեշտ է վերակենդանացնել քարոզչական եւ հոգեւոր ծառայութիւնը»։ Շարունակելով իր պատգամը Սրբազանը ընդգծեց, որ առանց կարգապահութեան, միասնական աշխատանքի եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան կարելի չէ հասնիլ մնայուն եւ շօշափելի արդիւնքներու։ Աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլորը շարունակելու իրենց ծառայութիւնը հաւատքով, յանձնառութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով, վստահ ըլլալով, որ Տիրոջ օգնականութեամբ ծառայական այս ուղին պիտի պտղաբերի ժամանակին։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր հրաւէրով, 2027-ին Արեւմտեան Թեմի 100 ամեայ յոբելինական ծրագիրներուն անդրադարձ կատարելով յատուկ զեկոյց մը փոխանցեց Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեան։ Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան համապարփարկ կերպով անդրադարձաւ վերջերս Սրբազան Հօր օրհնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի եւ University of Redlands-ի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան յուշագիրին (Memorandum of Understanding)։ Օրդ․ Զարուհի Տէր Մկրտիչեան իր կարգին Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի գործունէութեանց մասին կուռ զեկոյց մը ներկայցուց։ Աւարտին, Արեւմտեան Թեմի շինարարական ծրագիրներու եւ Թեմի ու Սուրբ Ներսէս Ասստուածաբանական Ընծայարանի միջեւ համագործակցութեան մասին եւս մասնաւոր զեկոյցներ փոխանցուեցան։
Այնուհետեւ, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան ներկայացուց Թեմական Խորհուրդի զեկոյցը, հանգամանօրէն անդրադառնալով Սրբազան Հօր նախագահութեամբ անցեալ տարուան ընթացքին կատարուած վարչական, կազմակերպչական, շինարարական եւ հովուական գործունէութիւններուն։ Ան անդրադարձաւ Թեմական կառոյցներու գործունէութեան, տարբեր յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ իրականացուած ծրագիրներուն, որոնք կոչուած էին խթանելու համայնքային կեանքի աշխուժացումը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը։ Տիար Ղուկասեան յատկապէս կարեւոր նկատեց համագործակցութեան ոգին, ընդգծելով, որ միասնական աշխատանքի շնորհիւ կարելի եղած է դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ շարունակել Թեմի առաքելութիւնը հաստատակամութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։
Ապա Դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան «The Path Forward» նիւթով իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Արեւմտեան Թեմի ապագայ զարգացման տեսլականը՝ ուրվագծելով այն ռազմավարական ուղղութիւններն ու գործնական քայլերը, որոնք կոչուած են ամրապնդելու համայնքային եւ եկեղեցական կեանքը։ Ան շեշտեց երկարաժամկէտ ծրագիրներու, կազմակերպուած աշխատանքի եւ յստակ առաջնահերթութիւններու սահմանման կարեւորութիւնը՝ որպէս հիմք կենսունակ եւ կայուն համայնքներու կերտման։ Դոկտ. Ալթըպարմաքեան անդրադարձաւ նաեւ կրթական, երիտասարդական եւ հոգեւոր ծառայութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան՝ ընդգծելով նոր սերունդի ներգրաւման վճռական դերը եկեղեցական կեանքի շարունակականութեան մէջ։ Իր խօսքին մէջ ան յատուկ շեշտեց նաեւ արդի մեթոտներ կիրառման կարեւորութիւնը՝ որպէս միջոցներ դիմագրաւելու ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ ապահովելու Թեմի առաքելութեան արդիւնաւէտ կատարումը։ Ապա տեղի ունեցան քննարկումներ, որու աւարտին Պատգամաւորական 99-րդ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց Առաջնորդարանի 2027 թուականի պիւտճէն։
Պատգամաւորական 99-րդ Ընդհանուր Ժողովի վերջին նիստի ընթացքին կատարուեցաւ Թեմական Խորհուրդի նոր կազմի համալրող անդամներու ընտրութիւնը։ Միաժամանակ յայտարարուեցաւ, թէ 2027 թուականի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը պիտի գումարուի Առաջնորդարանէն ներս՝ հանդիսաւոր կերպով նշելու եւ արժեւորելու Արեւմտեան Թեմի 100-ամեակը։ Այս առիթով շեշտուեցաւ, որ յառաջիկայ ժողովը պիտի ունենայ յոբելենական առանձնայատուկ բնոյթ՝ դառնալով ոչ միայն վարչական համախմբում, այլեւ երախտագիտութեան, վերարժեւորման եւ ապագայի տեսլականի ձեւակերպման կարեւոր հանգրուան մը, միաւորելով հոգեւորականներն ու աշխարհականները մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ։
Իր փակման խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Թեմի հոգեւորականաց դասին, Թեմական Խորհուրդին եւ պատգամաւորներուն իրենց նուիրեալ ծառայութեան, պատասխանատու մասնակցութեան եւ եկեղեցասէր ոգիին համար։ Ան գոհունակութեամբ արձանագրեց, թէ ժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթերը, ներկայացուած զեկոյցները եւ բանախօսութիւնները վկայեցին Արեւմտեան Թեմի կենսունակութիւնը եւ յառաջընթացի ու վերելքի պատրաստակամութիւնը։
Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան առանցքային կէտերուն՝ շեշտելով թէ՛ հոգեւոր կեանքի նորոգման անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ համայնքային եւ վարչական կառոյցներու ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսլականէն դէպի գործնական քայլերու անցնելու հրամայականը։ Ան յատկապէս ընդգծեց կրթական, երիտասարդական եւ քարոզչական ծառայութիւններու վերակենդանացման հրատապութիւնը՝ որպէս հիմք Եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութեան եւ արդիւնաւէտ կենսագործման։
Անդրադառնալով Արեւմտեան Թեմի մօտալուտ 100-ամեակին՝ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այս յոբելենական հանգրուանը միայն յիշատակութեան առիթ մը չէ, այլ՝ վերարժեւորման, ինքնաքննութեան եւ նոր տեսլականով ապագան կերտելու կոչ մը։ Ան հրաւիրեց բոլոր ներկաները պատրաստուելու այս մեծ տարեդարձին՝ նորոգ յանձնառութեամբ, միասնական ոգիով եւ հաւատքի զօրութեամբ, որպէսզի Թեմը շարունակէ իր առաքելութիւնը առաւել կազմակերպուած, կենսունակ եւ ազդեցիկ կերպով։
Սրբազան Հայրը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ հիւրընկալ Ֆրէզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, երախտագիտութիւն յայտնելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Եսայի Քահանայ Պետրոսին, ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, յարակից կառոյցներուն եւ ի մասնաւորի Պատգամաւորական Ժողովի Ատենապետ՝ Բարեշնորհ Սթիվ Սարկաւագ Ատամսին եւ դիւանի անդամներուն, որոնք իրենց անձնուէր ծառայութեամբ նպաստեցին Պատգամաւորական 99-րդ Ընդհանուր ժողովի պատշաճ եւ կազմակերպուած գումարման։ Այս առթիւ, ի դիմաց Ֆրէզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, Սրբազան Հայրը որպէս գնահատանքի արտայայտութիւն ձեռաց խաչ մը նուիրեց Տէր Հօր։ Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իր երկար տարիներու անխոնջ ծառայութեան համար ձեռամբ Սրբազան Հօր «2026 Archbishop’s Award»-ին արժանացաւ համայնքի զաւակներէն Տիար Ճէֆ Մարգարեանը, գնահատանքի եւ օրհնութեան գիրի արժանի դարձան համայնքի ժրաջան անդամներէն Սալբի Ատամս եւ Տարլին Չարտուկեան եւ Անտոն Կիզմէթեան, իսկ իրենց համայնքային եւ եկեղեցական ծառայութեանց համար Մելէնէ Ուզունեան եւ Բարեշնորհ Սթիւ Սարկաւագ Ատամս արժանացան Արեւտեան Թեմի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Խաչ» շքանշանին։
Փակելով ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 99-րդ ընդհանուր ժողովը Բարձրաշնորհ Սրբազանը վերահաստատեց, որ Թեմական կեանքը կը կերտուի յանձնառութեամբ, կարգապահ աշխատանքով եւ փոխադարձ վստահութեամբ, եւ հրաւիրեց բոլորը շարունակելու իրենց ծառայութիւնը նոյն նուիրումով, խոնարհութեամբ եւ հաւատքով՝ ի պայծառութիւն Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ժողովուրդին։
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով։
























Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 5, 2026