Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Հաղորդակցութիւն - Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կը Մասնակցի Եպիսկոպոսաց Ժողովին

Թեմ

Հրապարակված է: 02/06/2026


Հաղորդակցութիւն - Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կը Մասնակցի Եպիսկոպոսաց Ժողովին

Այսու կը տեղեկացնենք սիրեցեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, սիրով ընդունած է Վեհափառի հրաւէրը եւ Փետրուար ամսուան ընթացքին պիտի մասնակցի Աւստրիայի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսաց նիստին:

Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս շեշտեց հետեւեալը՝ «Կանոնականօրէն Եպիսկոպոսաց Ժողովը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այն մարմինն է, որ իրաւասու է քննարկելու իր առջեւ ծառացած խնդիրները եւ համապատասխանօրէն լուծումներ առաջարկելու: Այս ուղղութեամբ Մայր Աթոռէն ստացած ենք նաեւ նամակ ժողովին ներկայացնելու համար օրակարգային հարցեր: Եւ մենք օրին արդեն իսկ պատասխանած ենք Վեհափառին պաշտօնական նամակով, որ կ՛առտացոլէ մեր կողմէ առաջարկուած հարցերը:  Եպիսկոպոսաց Ժողովը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան վերաբերեալ կարեւոր հարցերու քննարկման եւ ուղորդման կանոնական հարթակն է:»

Արդ՝ կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակները աղօթելու Եպիսկոպոսաց Ժողովի բարեյաջող ընթացքին համար, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ այն ըլլայ օրհնաբեր եւ պտղաբեր՝ ի պայծառութիւն ու շինութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն մեր Հայրենիքին:

Դիւան Առաջնորդարանի

Փետրուար 6, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները