Թեմ
Հրապարակված է: 01/23/2026
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը մեծ ուրախութեամբ եւ խորին երախտագիտութեամբ կը հաղորդէ, որ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան 2025 թուականին լոյս ընծայեց իր նոր եւ հոգեւոր խոր արժէք ունեցող՝ Փունջ մը Քարոզներու, ԺԸ (18-րդ) հատորը։
Սոյն գիրքը հաւաքածոյ մըն է քարոզներու, որոնք ծնած են Սրբազան Հօր եկեղեցական ծառայութեան կենդանի փորձառութենէն, հաւատացեալ ժողովուրդին հետ անմիջական շփումէն եւ Սուրբ Աւետարանի լոյսով ներշնչուած հովուական մտահոգութիւններէն։ Ան կը ներկայացնէ հոգեւոր խօսք մը, որ պարզ է, բայց խորունկ, ժամանակակից է, բայց արմատացած՝ Աւետարանին եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեանց մէջ։
Հատորը կը շօշափէ մարդկային կեանքի հիմնական հարցերը՝ հաւատք եւ կասկած, տառապանք եւ յոյս, ապաշխարութիւն եւ վերածնունդ, սէր եւ զոհաբերութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ քրիստոնէական վկայութիւն։ Ամէն քարոզ եւ խորհրդածութիւն կը ծառայէ որպէս հոգեւոր ուղեցոյց, որ կ՚օգնէ ընթերցողին վերանորոգելու իր ներքին աշխարհը եւ խորացնելու իր յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ հետ։ Փունջ մը Քարոզներ, առանձնայատուկ արժէք ունի նաեւ այն իմաստով, որ հայ հոգեւոր մտածողութեան ու ժառանգութեան մասին հաղորդակից կը դարձնէ տարբեր մշակութային միջավայրերու մէջ ապրող հայ ընտանիքները եւ մեր նոր սերունդի զաւակները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը իր խորին շնորհաւորութիւններն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին այս հարուստ հոգեւոր հրատարակութեան առթիւ, որ իրողապէս կը հարստացնէ մեր եկեղեցական գրականութիւնը եւ կը ծառայէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր մեր հաւատացեալներուն։
Այս հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձաւ ազնիւ մեկենասութեամբ Սիպիլ Աբրահամեանի, որուն սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր նուիրումին, Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյն եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկատմամբ իր խոր գիտակցութեան համար։ Անոր աջակցութիւնը կենդանի վկայութիւն է, որ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը կը կերտուի նաեւ նուիրատուութեան եւ զոհաբերական ազնիւ ոգիով։
Թող Ամենակալ Աստուած օրհնէ այս նոր հրատարակութիւնը, բազմապատկէ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր եկեղեցաշէն ու ազգակերտ ճիգերն ու նախաձեռ-նութիւնները եւ առատապէս օրհնէ Սիպիլ Աբրահամեանը՝ իր ազնիւ մեկենասութեան եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած իր անշեղ նուիրումին համար։
Առաջնորդ սրբազանի գրեթէ բոլոր հրատարակութիւններու խմբագրութիւնը կատարած է առաջնորդարանի նուիրեալ պաշտօնեաներէն Հայկ Մադոյեանը, որուն համար Սրբազան հայրը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը։
Շուտով հրատարակութեան կը յանձնուի Փունջ Մը Քարոզներու (ԺԹ) 19-րդ հատորը, ինչպէս նաեւ Մեծ Պահքի խորհրդածութիւններու փոքրիկ ձեռնարկը։
Թող այս խնկաբոյր հատորը բոլորին համար ըլլայ հրաւէր աղօթական կեանքի, հոգեւոր վերանորոգութեան եւ Աստուածավայել ծառայութեան։
Դիւան Առաջնորդարանի