Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ամն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցելութիւնը Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Համայնքին

Թեմ

Հրապարակված է: 01/16/2026


ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԱՊԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան Կիրակի 11 Յունուարին հովուական այցելութիւն մը կատարեց  Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համայնքին։ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ծուխի Մատակարար Հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանին, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Կարպիս Հինտոյեանին եւ անդամներուն կողմէ: Այդ առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ ձեռնադրեց երեք դպիրներ՝ համայնքի հոգեւոր կեանքին մէջ նոր սերունդի ծառայութիւնները քաջալերելով: 

Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւին եւ  Ծխական Խորհուրդին նուիրական աշխատանքները, յարակից մարմիններու անձնուրաց նուիրումը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մէջ կենդանի հաւատքի պահպանութիւնը, եւ բոլորին կողմէ Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերուած անսահման աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Շնորհաւորելով երեք նոր դպիրներու ձեռնադրութիւնը Բարձրաշնորհ Սրբազանը իր հայրական պատգամին մէջ շեշտեց ծառայութեան կոչումը եւ հաւատքի կարեւորութիւնը՝ խրախուսելով նոր ձեռնադրուած դպիրները հաւատարիմ եւ խոնարհ ոգիով ծառայելու Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Ան նաեւ փոխանցեց Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան իր ջերմ բարեմաղթութիւնները համայնքի բոլոր անդամներուն՝ մաղթելով խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգում։

Արարողութիւնը անցաւ աղօթական, հոգեւոր խանդավառ եւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ՝ ամրապնդելով  համայնքի միասնականութիւնը եւ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութիւնը: 

Սուրբ Պատարագին ներկայ էր նաեւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իր հովուական այցելութեան միջոցին կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան ընթացքին օրհնեց քաղաքի երեւելի ոստիկաններէն՝ Տիար Դանիէլ Եագուպեանը, գնահատելով անոր նուիրեալ ծառայութիւնը, պատասխանատուութեան բարձր զգացումը եւ հասարակութեան անվտանգութեան ու արդարութեան հաստատման գործին մէջ ունեցած կշիռը։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը շեշտեց, որ նման ծառայութիւն մը օրինակելի է թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ ամբողջ ամերիկեան հասարակութեան համար։

Իր հայրական խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը Տիար Դանիէլ Եագուպեանին  մաղթեց Աստուծոյ պահպանութիւնը, առողջութիւն եւ շարունակական յաջողութիւն իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ՝ ընդգծելով, որ նման ծառայողներ իրենց աշխատանքով կը մարմնաւորեն ծառայութեան եւ զոհաբերութեան քրիստոնէական արժէքները։

Սուրբ Պատարագին յաջորդող ընդունելութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւոր գնահատականաց արժանացուց Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը իր նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդը, ատենապետութեամբ Տիար Կարպիս Հինտոյեանի: 

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր  Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կատարած հովուական այցելութիւնը, Սուրբ Պատարագի մատուցումը, դպրաց ձեռնադրութիւնը եւ  ընդունելութեան արարողութիւնը անցան քրիստոնէական,  ջերմ,  բարեկամական ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ՝ ամրապնդելով Եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութիւնը,  համայնքային կեանքին աշխուժութիւնը եւ  հանրային ծառայութեան նուիրուածութիւնը։

Դիւան Առաջնորդարանի 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները