ՀԲԸՄ ԱՍՊԵՏՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՈՒԵՆ ՀՀ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԸ ՀԲԸՄ ԱՍՊԵՏՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՈՒԵՆ ՀՀ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
09 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ՀԲԸՄ ԱՍՊԵՏՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՈՒԵՆ ՀՀ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԸ
Published - 2 April 2026

Քալիֆորնիա կատարած իր այցի ծիրէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Նարեկ Մկրտչեան, ընդառաջելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու հրաւէրին, Շաբաթ 29 Մարտին, պաշտօնական ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան արժանի դարձաւ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեան եւ խումբ մը հրաւիրեալներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ասպետներու Ատենապետ Տիար Վարդան Թէլեան, որ ներկայացուց կազմակերպութեան պատմութիւնն ու առաքելութիւնը։ Ապա Դեսպան Նարեկ Մկրտչեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն–Միացեալ Նահանգներ օրակարգի առաջնահերթութիւնները եւ Դեսպանատան ընթացիկ աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Դեսպանը պատասխանեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եւ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ ներկաներու հարցումներուն։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեց Մեծարգոյ Դեսպանին՝ մաղթելով յաջողութիւն, բեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ՝ ի ծառայութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ Միաժամանակ ան բարձր գնահատեց Ասպետներու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ անոնց մաղթելով շարունակական արգասաբեր առաքելութիւն։

Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ՝ արտացոլելով համայնքային, ազգային եւ դիւանագիտական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Դիւան Առաջնորդարանի

Ապրիլ 2, 2026

Print