ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊԻ ՍՈՒՐԲ ՏՕՆԻՆ ԵՒ «FAMILY DAY»-Ի ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊԻ ՍՈՒՐԲ ՏՕՆԻՆ ԵՒ «FAMILY DAY»-Ի ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
28 March 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊԻ ՍՈՒՐԲ ՏՕՆԻՆ ԵՒ «FAMILY DAY»-Ի ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ
Published - 27 March 2026

Կիրակի 22 Մարտին, Գալստեան Կիրակիի առաւօտեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Մեծ Հայրապետի «Մուտն ի Վիրապ» սուրբ տօնին եւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն շնորհեց Փասատինայի հայ համայնքին։ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագ մատուցեց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները, դպրաց դասին հետ միասին կատարելով պատարագի երգեցողութիւնը։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Յովսէփեան Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները եւ Հ․Բ․Ը․Մ․ սկաուտները, որոնք եւս մասնակից դարձան Սուրբ Պատարագի երգեցողութեան։ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանը, սարկաւագներն ու դպիրները։

Օրուան պատգամի որպէս բնաբան հնչեց Տիրոջ հետեւեալ խօսքը՝
«Քու Տէր Աստուածդ պիտի սիրես ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ։ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը նման է անոր․ պիտի սիրես ընկերոջդ՝ որպէս քեզ» (Մատթ. 22․37-39)։

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ աստուածային այս պատուիրանին՝ նշելով, որ «Քրիստոս Աստուածորդու շրթներով արտասանուած այս պատգամը իր մէջ կ՛ամփոփէ յաւիտենական ճշմարտութիւն, որուն հաղորդ դառնալու եւ զայն իրականացնելու սրբազան պարտականութիւնը ունինք բոլորս»։ Ան շեշտեց, թէ այս պատգամը «խտացումն է երկու հիմնական ճշմարտութիւններու՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը եւ ընկերոջ հանդէպ ակնկալուած սէրը», եւ բացատրեց, որ զԱստուած սիրել կը նշանակէ ամբողջութեամբ ապաւինիլ Աստուծոյ՝ «հոգւով, սրտով եւ մտքով», որովհետեւ այլապէս «մենք մեր սէրը իմաստազրկած կ՛ըլլանք»։ Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց, որ ընկերոջ հանդէպ սէրը չի սահմանափակուիր խօսքերով, այլ պէտք է ունենայ իր գործնական արտայայտութիւնը․ «սիրել մեր ընկերն ու դրացին մեր անձին նման կը նշանակէ նոյն անձին մէջ փնտռել եւ տեսնել Աստուծոյ ներկայութիւնը»։

Անդրադառնալով օրուան աւետարանական պատգամին՝ Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ Յովհաննու Աւետարանին վկայութիւնը՝ «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ…», ընդգծելով Աստուածային սիրոյ անսահմանութիւնը։ Ան բացատրեց, թէ Գալստեան Կիրակիի խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ Քրիստոսի հետ քայլելու եւ մեր հոգիներուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրեցնելու։

Միեւնոյն ժամանակ Սրբազան Հայրը լուսաբանեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Մուտն ի Վիրապ» տօնի խորհուրդը՝ որպէս հաւատքի տոկունութեան, փորձութեան մէջ յարատեւութեան եւ աստուածային հաւատարմութեան վառ օրինակ, որով Հայաստանը դարձաւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը։ Իսկ անդրադառնալով համայնքի տարեկան ընտանիքի օրուան, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ պարտ ենք պահպանել հայ ընտանիքը, նորոգել մեր էութեան մէջ քրիստոնէական սէրը եւ ամրապնդել եկեղեցի-դպրոց անբաժանելի միութիւնը։ Իր պատգամի աւարտին Սրբազան Հայրը հայրական մաղթանքով յորդորեց հաւատացեալները պատրաստուիլ Աւագ Շաբթուան եւ Զատկական տօնին՝ հաւատքի նորոգութեամբ եւ աղօթքի զօրութեամբ, կոչ ուղղելով մանաւանդ երիտասարդ սերունդին՝ «հպարտութեամբ պահելու իրենց հաւատքը եւ Քրիստոս Աստուածորդին ունենալու իբրեւ կեանքի ուղեցոյց»։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի, ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու նուիրեալ ծառայութիւնը, գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Յովսէփեան Ամենօրեայ Վարժարանի եւ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու պատասխանատուներուն եւ աշակերտութեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան ուրախութեամբ եւ գնահատանքով ողջունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սկաուտներուն ներկայաութիւնը, որոնք իրեց առաջնորդներու ուղեկցութեամբ ժամանած էին եկեղեցի մասնակցելու հոգեպարար արարողութեան։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւն՝ նուիրուած Սերայի յիշատակին, որուն կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է համայնքին։ Սրբազան Հայրը մխիթարեց ծնողները եւ աղօթեց, որ հանգուցեալի հոգին հանգչի երկնային լուսեղէն օթեւաններուն մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ իր գնահատական խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրաց դասի ղեկավար՝ Պարթեւ Կիւլիւմեանին եւ իր նուիրեալ ծառայութեան դիմաց ներկայացուց Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը խորհրդանշող նուէր։ Ան նոյնպէս գնահատեց երէցկին Թալինը իր ծառայութեան դիմաց։

Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնը դարձաւ բացառիկ առիթ մը՝ Սուրբ Պատարագով հանդիսաւոր կերպով նշելու Մուտն ի Վիրապի սուրբ տօնը եւ համայնքի աւանդական «Family Day»-ը, անգամ մը եւս վերարժեւորելու Եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ հայ ընտանիքի անփոխարինելի դերակատարութիւնը մեր համայնքային, հոգեւոր եւ կրթական կեանքին մէջ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Print