ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
18 February 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Published - 12 February 2026

Սոյն թուականի Փետրուար 9-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան առցանց հանդիպում մը ունեցաւ  Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածուներուն հետ, որոնք իրենց աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանէն ներս։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ քահանայից թեկնածուներու յանձնախումբերու պատասխանատու՝ Բարեշնորհ Պարլօ Սարկաւագ Տէր Մկրտիչեանը։

Սրբազան Հայրը հայրական սիրով ողջունեց ապագայ հոգեւոր սպասաւորները եւ գնահատանքով խօսեցաւ անոնց ընտրած ծառայական ուղիին մասին։ Իր պատգամին մէջ ան շեշտեց, որ Արեւմտեան Թեմի ծառայական դաշտը տարուէ տարի կ՛ընդարձակուի՝ ընդգրկելով բազմաթիւ համայնքներ, նոր կազմաւորուող ծխական կեդրոններ եւ բազմաթիւ հոգեւոր, երիտասարդական, կրթական ու համայնքային կառոյցներ։ Այս իրողութիւնը, ըստ Սրբազանին, կը պահանջէ պատրաստուած, գիտակից, հաւատքով ու նուիրումով լեցուն հովիւներ, որոնք կրնան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմաց առաջնորդել եւ զօրացնել մեր ժողովուրդը։

Սրբազանը յատկապէս շեշտեց բարձրագոյն աստուածաբանական ուսման կարեւորութիւնը՝ որպէս հիմք առողջ վարդապետութեան, հոգեւոր խոհեմութեան եւ պատասխանատու առաջնորդութեան։ Միաժամանակ ընդգծեց, որ տեսական գիտութիւնը պէտք է զուգորդուի գործնական ծառայութեամբ, հովուական զգօնութեամբ եւ մարդոց կեանքին մօտիկ ըլլալու պատրաստակամութեամբ։ Ան քաջալերեց թեկնածուները, որպէսզի իրենց կոչումը ապրին գիտակից մօտեցումով, կենդանի հաւատքով եւ անձնուէր նուիրումով՝ ծառայելով Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանի կրթական առաքելութեան՝ ընդգծելով, որ հաստատութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը կազմաւորէ այնպիսի հոգեւորականներ, որոնք մտաւոր, հոգեւոր եւ հովուական պատրաստութեամբ կոչուած են ծառայելու եկեղեցւոյ եւ ազգին։ Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ։

Print