Կիրակի 17 Օգոստոսին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց, օրուար պատգամը փոխանցեց եւ խաղողօրհնէքի արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր հաղորդուելու օրուայ խորհուրդին հետ: Սուրբ Խորանին վրայ, Սրբազան Հօր կողքին առընթերակայ հոգեւորականներն էին Կլէնտըլի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քանահայ Մարգարեան եւ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի համատեղութեամբ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․ Գոզումեանին։
Իր պատգամին մէջ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէութեան կեանքին մէջ Քրիստոսի մայրը Մարիամ մեզի կը ներկայանայ որպէս առաջինը սուրբերու ընտանիքին մէջ, որու ներկայութիւնը՝ խոնարհութեան խորհրդանիշն է դարձած քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ այն հիմնական պատճառով, որ ան լսեց Աստուծոյ կանչը եւ հնազանդեցաւ Անոր կամքին։ «Աստուածամայրը իր մէջ խորագոյնս գիտակցեցաւ կարեւորութիւնը Աստուծմէ իրեն տրուած կոչումին, եւ այդ կոչումէն մինչեւ այսօր ու յաւիտեան հաղորդակից կը դարձնէ նաեւ բոլորս» շեշտեց Սրբազանը իր քարոզին մէջ եւ աւելցուց, որ հայ մայրը Մարիամի նման ի գին զոհաբերութեան քառ առ քայլ կը հետեւի իր զաւակներու աճման նուիրական գրծին, որպէսզի մեր զաւակները իրենց կեանքը ապրին աստուածսիրութեամբ, աղօթքով ու հաւատքով, իրենց կեանքով դառնալու նմանակից Քրիստոսի։ Սրբազանին բառերով Վերափոխման տօնը հայ մօր տօնը ըլլալու զուգահեռ նաեւ Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնն է, որ «նախնեաց համար եղաւ եւ մեզի եւ յաջորդող բոլոր սերունդներուն համար պիտի հանդիսանայ այն Մայրը, որու սրբազան կամարներուն ներքոյ խոնարհութեան առաքինութեամբ եւ Աւետարանական ուսուցումներով պիտի սնուցուին մեր զաւակաց հոգիները, մտքերն ու ու սրտերը»։ Վերջապէս, իր քարոզը եզրակացնելով Բարձրաշնոր Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան ընդգծեց, որ «տօնախմբել Աստուածամօր վերափոխումը կը թելադրէ մեր հոգու հայեացքը ուղղել Սուրբ Աստուածամօր անձին եւ զԱյն դարձնել մեր հոգու պատկերը, խոստում կատարելով, որ պիտի դառնանք Քրիստոսի Մայրն ու եղբայրները, ամէն մէկս մեզի վստահուած ու շնորհուած պարտականութիւններով»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց խաղողները որպէս խորհրդանիշ բերքերու առատութեան, եւ մաղթեց, որ երբ կ՛ընդունինք օրհնուած խաղողը, անոր մէջ տեսնենք ու ըմբոշխնենք անմահութեան խորհրդանիշ Աստուածամօր քաղցրահամ ներկայութիւնը, որպէսզի կեանքն ապրինք Աստուածամօր հետ եւ Քրիստոսի սէրը եւ վեհագործութիւնը դարձնենք հոգեւոր նոր բարձրակէտը մեր կեանքին։
Առաջնորդարանի բոլոր ծուխերուն առընթեր, Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առիթով նաեւ Պատարագներ մատուցուեցան Գոլորատոյի մէջ Տէր Գեւորգ Քահանայ Աբեանի կողմէ, Նորդ Հոլիվուտի մէջ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիեանի կողմէ, Եութայի մէջ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեանի կողմէ, Անապատի մէջ Տէր Երեմիա Քահանայ Խաչատուրեանի կողմէ ինչպէս նաեւ տարիներու աւանդութեան համաձայն «Արարատ Տան» մէջ։
Դիւան Առաջնորդարանի
Օգոստոս 22, 2025