ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ՁԵՐ ՀՈԳՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ՁԵՐ ՀՈԳՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
16 August 2025
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ՁԵՐ ՀՈԳՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ
Published - 15 August 2025

Քրիստոնէութեան մէջ Քրիստոսի մայրը Մարիամ մեզի կը ներկայանայ որպէս առաջինը սուրբերու ընտանիքին մէջ։ Աստուածամօր ներկայութիւնը՝ խոնարհութեան խորհրդանիշն է դարձած քրիստոնէութեան մէջ այն հիմնական պատճառով, որ լսեց Աստուծոյ կանչը եւ հնազանդեցաւ Անոր կամքին՝ իր մէջ կրելու իննամսեայ ժուժկալութեամբ Աստուածորդին՝ Յիսուս Մանուկը եւ Անոր ողջ կեանքի ընթացքին եղաւ ուղեցոյցը, զօրավիգն ու գործակիցը ընդհուպ մինչեւ խաչելութիւն, երբ Աստուածորդին Խաչին վրայ պատարագեց Իր անձը մարդկանց հոգիներու փրկութեան համար։

Երբ կը կարդանք Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը, այդտեղ կը հանդիպինք զգայացունց պատկերի մը, երբ Քրիստոսի շուրջ համախմբուած աշակերտները առիթով մը կը յիշեցնեն Վարդապետին, որ Իր մայրն ու եղբայրները իրեն կը փնտռէին։ Եւ Քրիստոսի պատասխանը կ՛ըլլայ հետեւեալը ․ «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն»  (Ղկ 8:21)։ Ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք Քրիստոսի այս խօսքը  պարզ սակայն համոզեցուցիչ պատասխանով մը։ Քրիստոս Իր խօսքով յստակ պատասխան մը կը փոխանցէր Իր  աշակերտներուն, որպէսզի մեր կեանքով նմանիք Աստուածամօր։ Մայրեր, երբ կ՛աղօթէք, Աստուածամայրը դարձուցէք հայելին ձեր հոգուն, եւ ձեր մէջ կրեցէք Ձեր հոգեծինը, ինչպէս Աստուածամայրը իր մէջ կրեց Յիսուս Մանուկը։ Այդպէս ալ է ճշմարտապէս երբ կը նայինք Ձեզ սիրելի մայրեր, գիտենք եւ կը զգանք, կը գիտակցինք եւ փա՜ռք կու տանք Աստուծոյ, որ երբ Ձեր զաւակները լոյս աշխարհ կու գան, անոնք Ձեր գիրկը կ՛առնէք՝ այնպէս ինչպէս Աստուածամայրը իր գիրկին մէջ սնեց ու զարգացուց մանուկ Յիսուսը։

Աստուածամայրը իր մէջ խորագոյնս գիտակցեցաւ կարեւորութիւնը Աստուծմէ իրեն տրուած կոչումին, եւ այդ կոչումէն մինչեւ այսօր ու յաւիտեան հաղորդակից կը դարձնէ նաեւ բոլորս։ Տեսէք ինչպէս Աստուածամայրը դարձաւ ուղեկից ու գործակից Իր Որդուն՝ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի առաքելութեան ընթացքին։

Սիրելի մայրեր եւ Ձեզի հետ նաեւ հայրեր, քայլ առ քայլ կը հետեւիք Ձեր զաւակներու աճման տարիներուն ընդհուպ մինչեւ Ձեր կեանքերը զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ։ Կ՛ուզէք վստահ ըլլալ, որ անոնք պիտի դառնան օրինակելի զաւակներ, կեանքն ապրելու աստուածսիրութեամբ, աղօթքով ու հաւատքով, իրենց կեանքով դառնալու նմանակից Քրիստոսի։

Այսօր, Աստուածամօր վերափոխման տօնն է եւ հաւասարապէս նաեւ Ձեր տօնն է սիրելի մայրեր, որպէսզի Ձեր մէջ նորոգէք կոչումը մայրութեան եւ երախտագէտ սրտով փառք տանք Աստուծոյ որ Յիսուս Մանուկի նման մաքուր ու անմեղ մանուկներ է պարգեւած մեր ազգին։

Այսօր տօնն է նաեւ Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, որ նախնեաց համար եղաւ եւ մեզի եւ յաջորդող բոլոր սերունդներուն համար պիտի հանդիսանայ այն Մայրը, որու սրբազան կամարներուն ներքոյ խոնարհութեան առաքինութեամբ եւ Աւետարանական ուսուցումներով պիտի սնուցուին մեր զաւակաց հոգիները, մտքերն ու ու սրտերը։

Այս է խորհուրդը օրուայ տօնին, Աստուածամօր վերափոխման։ Երբ աղօթքի մէջ ենք, ապա մենք ալ մեր էութեանը խորքին կը լսենք Աստուծոյ կանչը, խոնարհութեամբ կատարելու Անոր կամքը եւ լսելու Քրիստոսի պատասխանը ուղղեալ աշակերտներուն ․ «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն»։

ՏօնախմբելԱստուածամօր վերափոխումը կը թելադրէ մեր հոգու հայեացքը ուղղել Սուրբ Աստուածամօր անձին եւ խոստում կատարելով, որ պիտի դառնանք Քրիստոսի Մայրն ու եղբայրները, ամէն մէկս մեզի վստահուած ու շնորհուած պարտականութիւններով։

Այս նուիրական տօնին, Եկեղեցին կ՛օրհնէ նաեւ խաղողը՝ որպէս խորհրդանիշ բերքերու առատութեան։ Նոյն խաղողի օրհնութիւնը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ աստուածաստեղծ երկիրը, հողն ու բնութիւնն ալ մայրութիւն կը խորհրդանշեն եւ հրաշալի կերպով իրենց մէջ կը ծնին նաեւ մարդկութեան բարիք բերող օրհնութիւնները։ Ուրեմն, երբ կ՛ընդունինք օրհնուած խաղողը, անոր մէջ պիտի տեսնենք ու ըմբոշխնենք որպէս անմահութեան խորհրդանիշ Աստուածամօր քաղցրահամ ներկայութիւնը,  որպէսզի կեանքն ապրինք Աստուածամօր հետ եւ Քրիստոսի սէրը  եւ վեհագործութիւնը դարձնենք հոգեւոր նոր բարձրակէտը մեր կեանքին։

Օհնութեամբ՝

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

Առաջնորդ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Print