St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Ուրբաթ 20 Յունիս առաւօտուն, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, այցելեց Սան Տիէկոյի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի։ Պատրիարք Հօր կ՛ընկերանար գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի, խորհուրդի անդամներուն եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ու Պատրիարք Հօր ուխտի աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք արտասանեց Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր ու Առաջնորդ Սրբազանին։ Շրջան կատարած օրհնաբեր այցելութեան առթիւ յանուն ծխական խորհուրդին ու ժողովուրդին Հայր Սուրբը յուշանուէր մը նուիրեց Կոստանդնոըպոլսոյ Հայոց Գահակալին։
Իր արտասանած պատգամին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ջերմ դիմաւորութեան համար եւ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց նորահաստատ ծուխին աշխուժ ու արդիւնաւոր գործունէութեան կապակցաբար։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ ծուխի հաւատացեալներու դրսեւորած կամքը ըլլայ շարունակական եւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ ճառագայթող ներկայութիւն դառնայ եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ բոլորը ներգրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան առաքելութեան մէջ։
Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Պատրիարք Հօր բարեբաստիկ այցելութեան առթիւ ինքզինք երջանիկ կը զգայ, նորահաստատ ծուխին համար պատմական ու հրաշալի առիթ համարելով Պատրիարք Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը, միաժամանակ նոր մղում ու քաջալերանք հանդիսանալով համայնքային ուժեղ ու ծաղկուն առաքելութեան։
Ապա շքախումբը ուղղեցաւ դէպի Արազ Էտուարտ – Աննա Ատուրեան ընտանիքի բնակարանը, ուր ճաշկերոյթով մեծարուեցաւ Պատրիարք Հայրը։ Տնօրհնէքի եւ սեղանի օրհնութենէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Ատենապետ Տիար Արազ Ատուրեան։ Ան յայտնեց, որ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ Ատուրեան ընտանիքը պատուուած կը զգայ Պոլսոյ Պատրիարքին ծուխին եւ ընտանքին շնորհած այցելութեամբ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Աննա Ատուրեան Գրիգորեան եւ Անթոնի Կիւրիւնեան դաշնակի նուագով, Արփի Ատուրեան ասմունքով եւ Հայր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մեներգով խանդավառեցին մթնոլորտը եւ արժանացան բոլորի գնահատանքին ։
Ճաշի աւարտին Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ․ Պատրիարք գնահատեց Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմէն ու մասնաւորաբար Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիէն ներս մատուցած ծառայական ներդրումը եւ քաջառողջութիւն մաղթեց ընտանեաց բոլոր անդամներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը առիթը պատեհ համարելով մեծ գոհունակութեամբ ու դրուատիքով անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծառայական վաստակին եւ գնահատեց շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Տէր Բագրատ Ծ. Վարդապետի, ծխական խորհուրդի ատենապետի ու անդամներու, տիկնանց միութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին։
Դիւան Առաջնորդարանի
21 Յունիս 2025