Ն․Ա․Տ. ՍԱՀԱԿ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ Ն․Ա․Տ. ՍԱՀԱԿ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
22 June 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Ն․Ա․Տ. ՍԱՀԱԿ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Published - 19 June 2025

Երկուշաբթի 16 Յունիսի յետմիջօրէին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, հրաւէրով ԱՄՆ-ի Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնաբեր այցելութեամբ ժամանեց Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան։ Պատրիարք Հայրը, որուն որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ, որու կ՛ընկերանային Սրբոց Ղեւոնդեան Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանն ու  Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Սարօ Մարուքեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելէ ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց, ուր Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամներ բարի գալուստ մաղթեցին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր։ Նոյն օրը երեկոյեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն հետ եւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ծանօթացուց սեղանակիցները, ներկայացնելով իւրաքանչիւրի համայնքային կեանքէն ներս ունեցած հանգամանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու սեղանակիցները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եւ օրհնաբեր այցելութիւն ու բարի կեցութիւն մաղթեցին Պատրիարք Հօր, որ իր կարգին  շնորհակալութիւն յայտնեց դիմաւորութեան եւ կազմակերպչական լուրջ աշխատութեան համար։ Ընթրիքի ընթացքին ներկաներուն Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։

Դիւան Առաջնորդարանի

16 Յունիս, 2025

Ն․Ա․Տ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Արեւմտեան Թեմ կատարած իր  օրհնաբեր այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 17 Յունիսի առաւօտուն, Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի յաջորդաբար այցելեց Յովսէփեան եւ Սահակ Մեսրոպ հայկական ամենօրեայ վարժարաններ։ Պատուրիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայ Թաշճեանն ու Արժ․ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանը։

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մուտքին Պատրիարք Հայրը նախ դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ Յովսէփեան Վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ եւ «Հրաշափառ» երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուցին փունջ մը եկեղեցական ու ժողովրդական երգեր։ Յանուն Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանը, որ համայնքի հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք, լուսարձակի տակ առաւ  ծուխին եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային բազմածաւալ առաքելութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ողջոյնի ու բարի գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս Պատրիարք Հօր այցելութեան պատմական նշանակութեան։ Ապա, Վարժարանի տնօրէն Տիար Շահէ Մանկըրեան յանուն Յովսէփեան վարժարանի կրթական մշակներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեց։

Մօտէն ծանօթանալէ ետք Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի ուսումնական կեանքին ու առաքելութեան, Պատրիարք Հայրը  գնահատեց կրթական մշակներու  նուիրական աշխատանքը եւ փայլուն ապագայ մաղթեց աշակերտութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը հակիրճ ձեւով նաեւ անդրադարձաւ Պոլսահայ կրթական կեանքին ու առաքելութեան։  

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնելէ ետք բոլորը  եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ եկեղեցւոյ ու վարժարանի պատասխանատուներուն հետ։ 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ այցելութենէն ետք Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան այցելեց  Փասատինայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համալիրը, ուր Յունուարի հրդեհներուն պատճառով Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի հրկիզումէն ետք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ ու կազմակերպութեան ողջունելի ընդառաջումով  կը հիւրընկալուին հրկիզուած Սուրբ Սահակ Մեսրոպ ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Սահակ Մեսրոպ վարժարանի պատասխանատուները բարի գալուստ մաղթելէ ետք Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հակիրճ կերպով ներկայացուցին վարժարանին պատմականը։ Ապա, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան աշակերտներուն ծանօթացուց Պատրիարք Հայրը, յայտնելով, թէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հեռաւոր Ստանպուլ քաղաքէն ժամանած է Լոս Անճէլըս եւ իր պատմական այցելութեամբ կը ծանօթանայ Արեւմտեան Թեմի զանազան հաստատութիւններուն, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին։

Իր պատգամին մէջ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ համայնքային կեանքէն ներս կրթական առաքելութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանցներէն ներս օրհնութիւն է տեսնել նորահաս սերունդին մօտ մայրենի լեզուին, ազգային-եկեղեցական կեանքին ու մեր աւանդութեանց պահպանութիւնը։ Պատրիարք Հայրը ցաւով անդրադարձաւ Լոս Անճելըսի Յունուարի հրդեհներուն պատճառած վնասներուն եւ գոհունակութեամբ վեր առաւ համահայկական համագործակցութեան ոգին, որուն շօշափելի արտայայտութիւնն է վարժարանի աշակերտութեան փոխադրութիւնը Հ․Բ․Ը․ Միութեան համալիր, մաղթելով ապագային կառուցուած տեսնել Սահակ Մեսրոպ նոր վարժարանը, ուր աշակերտները պիտի շարունակեն իրենց ուսումնական կեանքը։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմի անդամները, աշակերտներն ու ծնողները։

Դիւան Առաջնորդարանի

17 Յունիս 2025

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՄՆ-ՈՒՄ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ժամը 11.30-ին հասաւ ԱՄՆ-ու Արեւստեան Թեմի Առաջնորդարանի համալիրը, ուր ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներու, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամրան ջամբարի աշակերտներու եւ իրենց ուսուցիչներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ։

Մանուկներ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ ողջունեցին Մեր Հոգեւոր Պետը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ ներկայացուց Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամրան ջամբարն ու իր առաքելութիւնը։ Բացի Առաջնորդարանի համալիրէն, թեմական կեանքէ ներս տարբեր շրջաններու մէջ եւս հաստատուած էին նման ջամբարներ, որոնք կը նպատակէին ամրան շրջանին մանուկները համախմբել եւ իրենց հայեցի շունչով դաստիարակութիւն մատուցանել։ 

Պատրիարք Հայրը, իր պատգամը փոխանցեց ներկայ մանուկներուն եւ ըսաւ, որ իրենց մանկական ոգեւորութիւնը ամէնուրէք կը խանդավառէ իրենց ուսուցիչներն ու հոգեւոր հովիւները։ Այլապէս մաղթեց որ իրենց եռանդը մնայ անսասան եւ անոնք սիրեն մայրենի լեզուն։ Այս առթիւ շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը, որ նախաձեռնած է նման ծրագիրներուն եւ այս միոյն որպէս հետեւանք հայապահպանութիւնը թափ ստացած է շրջանէ ներս։ 

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք եւ Պատրիարք Հայրը օրհնեց բոլոր ներկաները։ 

Աշակերտաց հաւաքէն յետոյ, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս, Պատրիարք Հօր Առաջնորդարանէ ներս ներկայութիւնը ողջունեց։ Այս առթիւ մի առ մի ծանօթացուց թեմի հոգեւորականաց դասու ներկայ անդամները, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը։ Այստեղ ներկաներ ազատ զրոյցի պահ ունեցան եւ հակիրճ պատգամները լսեցին Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեսնելով Առաջնորդարանի լայնածաւալ գործունէութիւնը, դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ։

Ապա, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ներկայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն գլխաւորեցին Պատրիարք Հայրն ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Անմիջական մթնլորտին մէջ հոգեւորականներ եկեղեցական կեանքի մասին զրուցեցին Պատրիարք Հօր հետ եւ լսեցին իր պատգամները։ Մեր Հոգեւոր Պետը եկեղեցական կեանքէ ներս ներկայ մարտահրաւէրներուն անդրադարձաւ եւ յայտնեց, որ եկեղեցական դասու զօրակցութիւնը բաւականին կարեւոր է այս մարդահրաւէրները յաղթահարելու համար։ Այս առթիւ յայտնեց, որ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմը տարեներու ընթացքին շարունակած է իր զարգացման եւ թեմական կեանքի մէջ հոգեւոր ու մշակութային բնագաւառներէ ներս զարգացումները միշտ օրինակելի դիրքի վրայ կը մնան։ Այլապէս մաղթեց, որ հոգեւորականաց դասու աշխուժութիւնը մնայ շարունակական։

Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ ինչ որ կը կատարուի եկեղեցական կեանքէ ներս, կը կատարուի շնորհիւ իր եկեղեցականաց դասուն։ Այսօր, այս հոգեւորականաց դասը պատեհ առիթը կ՚ունենար Պոլսոյ Պատրիարքին հետ մեկտեղուելի եւ իր պատգամներուն ընդմէջէն առաւել եւս ծանօթանալու Պոլսոյ Պատրիարքութեան առաքելութեան եւ տեղւոյն ազգային եկեղեցական կեանքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր սոյն այցելութեան կապակցութեամբ եւ յանուն եկեղեցականաց դասուն իրենց նուիրեց հնատիպ Աստուածաշունչ մը։ 

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ բոլոր հոգեւորականներուն նուիրեց յիշատակի լանջախաչեր։

Print