Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Մեծարանքը՝ Գաբրիէլ Մոլոյեանին Ազգային-Հասարակական Գործունէութեան 70-Ամեակին Առթիւ (From Masis Weekly Newspaper) Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Մեծարանքը՝ Գաբրիէլ Մոլոյեանին Ազգային-Հասարակական Գործունէութեան 70-Ամեակին Առթիւ (From Masis Weekly Newspaper)- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
22 June 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Մեծարանքը՝ Գաբրիէլ Մոլոյեանին Ազգային-Հասարակական Գործունէութեան 70-Ամեակին Առթիւ (From Masis Weekly Newspaper)
Published - 6 June 2025

Անցնող շաբաթավերջին՝ Կիրակի 1 Յունիս, 2025ին, Լոս Անճելոսի եւ շրջակայքի հայութեան ժամադրավայրը դարձած էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պըրպէնքի առաջնորդանիստմանակ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարը, որ բերնէ բերան լեցուն էր հաւատացեալներով։ Մատուցուող Ս. Պատարագին կը նախագահէր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ներկայ էր նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Դէրիք Ղուկասեան իր տիկնոջ Ատրինէի հետ, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան եւ յարակից կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Առաջորդ Յովնան Սրբազան՝ խորան բարձրացաւ, իր շուրջ ունենալով Տէր Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեանն ու Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը, ողջունեց օրուան մեծարեալ Գաբրիէլ Մոլոյեանը, որ այսօր մեզի կը ներկայանայ եօթը տասնեակ տարիներու մեծ վաստակով արժանի այս գնահատանքին։

Այնուհետեւ Տէր Մանուկ Աւ. Քհնյ. կարդաց առաջնորդ Յովնան Սրբազանի »Գիր Օրնութեան եւ Գնահատականաց առ հաւատարիմ զաւակն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծարեալ Տիար Գաբրիէլ Մոլոյեանին« պաշտօնական գրութիւնը։ Արդարեւ, այդ գրութեան մէջ սրբազանը կ’ընդգծէ... »Ձեր ողջ կեանքը բնորոշուեցաւ հմուտ եւ լուսամիտ լրագրողի, խմբագրի եւ կրթական մշակի պատուաբեր հանգամանքներով։ Տասնամեակներ շարունակ, բացառիկ նուիրումով ծառայեցիք նախ միջին Արեւելքի եւ ապա Գալիֆորնիոյ մէջ հայ ազգային, քաղաքական, կրթական, համայնքային, մշակութային ու լրագրական ասպարէզներուն մէջ, որոնց համար՝ արժանացաք բոլորիս յարգանքին ու մեծարանքին։ Լիբանանի մէջ, այլ գործընկերներու հետ, հիմնեցիք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, ԱՄՆ փոխադրուելով շարունակեցիք Ձեր օգտաշատ ծառայութիւնները բերել ազգային, հասարակական, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ եւ ձեռնհասօրէն վարեցիք զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Բազմաթիւ անգամներ ստանձնեցիք ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետութիւնը։ Երկար տարիներ եղաք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետը։ 1984-ին, խումբ մը ուսումնատենչ ընկերներու աջակցութեամբ իրականութիւն դարձուցիք հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը ունենալու երազանքը »Յովսէփեան« վաժարանը, որ կենսական ջիղը դարձաւ շրջանի հայութեան կենսունակութեան եւ հայ եկեղեցւոյ կողքին, նորահաս սերունդներու մէջ հայկական գիտակցութեան եւ հայապահպանութեան ամրապնդման։

Առ ի գնահատութիւն ձեր երկարամեայ ազգօգուտ ծառայոթիւնենրուն, 2005 թուականին, արժանացաք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակին եւ պարգեւատրուեցաք Սուրբ Ներսէս շնորհալի շքանշանով։ »Մեծարեալ Տիար Գաբրիէլ Մոլոյեան, Ձեր ծննդեան 92-րդ տարեդարձին առթիւ՝ մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած առողջութիւն շնորհէ Ձեզի, որպէսզի Ձեր վաւերական հայու, հօր ու մեծ հօր գուրգուրանքները ընդերկար շաղախուին Ձեր զաւակին, թոռներուն ու հարազատներուն կեանքին հետ։ Ի գնահատութիւն Ձեր եօթ տասնամեակներու անխոնջ ու բոլորանուէր ծառայութեանց, այսու դուք կը դառնաք երկրորդ անձը՝ որուն անունը պիտի արձանագրուի Արեւմտեան Թեմի 100 ամեակի առթիւ պատրաստուած հարիւր ամեակի մեծար- եալներու անունը կրող մարմարեայ ցուցատախտակին վրայ։

Այս առթիւ Յովնան Սրբազան մեծարեալ Գ. Մոլոյեանի տիկնոջ Մարիային նուիրեց 100-ամեակի առթիւ պատրաստուած կնոջական թանկարժէք շղարշ մը, իսկ օրուան պատարգիչ Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, իր քահանայական օծման 17-րդ տարեդարձին առթիւ իրեն նուիրուեցաւ պատարագի ընթացքին գործածուող սկիհ մը։ Իր ելոյթի աւարտին Յովնան Սրբազան անձնապէս եւ թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տէրիք եւ Ատրինէ Ղուկասեանի, քահանայից դասի ու ներկայ հաւաատացեալներու անունով՝ շնորհաւրոեց Գաբրիէլ Մոլոյեանն ու իր ազնուափայլ Տիկինը, աղօթելով որ բարձրեալ Աստուած մշտապէս օրհնէ եւ քաջառողջ ու երկար տարիներու իմաստուն եւ բեղուն գործունէութիւն պարգեւէ, ներշնչելով նորահաս սերունդները եկեղեցին սիրելու, ազգը սիրելու, մշակոյթի առջեւ խոնարհելու եւ իմաստաւորելու իրենց կեանքը։ Սրբազան Հօր ելոյթը քանիցս ընդմիջուեցան բուռն ծափահարութիւններով։

Այնուհետեւ ներկաներուն մէկ մասը համախմբուեցաւ առաջնորդական համալիրի »Համբար« սրահը, ուր տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ հայկական ուտեստի հիւրասիրութիւն։Այստեղ Յովնան Սրբազան բաժակ բարձրացնելով, առաջարկեց քաջառողջ եւ երկար ու բեղմնաւոր տարիներու կենաց խմել մեծարեալ Գաբրիէլ Մոլոյեանի եւ իր կնոջ Մարիայի։ Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ մեծարեալը եւ իր սրտաբուխ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Թեմական Խորհուրդին, Ս.ԴՀԿ. Վարիչ Մարմնին, յարակից կառոյցներուն, բարեկամներուն եւ համակիրներուն իրենց աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար։ Ստեղծուած ընկերական ջերմ եւ համակրալիր մթնոլորտի մէջ, առկայ էր տօնական բարձր տրամադրութիւն։ Եղան նաեւ հաճելի անակնկալներ։ Մեներգներով հանդէս եկան շնորհալի կատարողներ՝ երգչուհի Սիւզի Մազմանեան եւ երգիչ Յարութ Տէր Դաւիթեան, որոնք իրենց ազգային եւ հայրենասիրական երգերով առաւել եւս ջերմացուցին արդէն իսկ խանդավառ մթնոլորտը։ Յետ միջօրէին ներկաները ակամայ բաժնուեցան սրահէն շնորհաւորելով օրուան մեծարեալը, իրենց հետ տանելով եզակի նախաձռնութեան մը առթած յիշարժան տպաւորութիւնները։  

Print