Մշակոյթի դարբնոցն ու դարբինները: Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը Մշակոյթի դարբնոցն ու դարբինները: Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
22 June 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Մշակոյթի դարբնոցն ու դարբինները: Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը
Published - 6 June 2025

Շաբաթ, 31 մայիս, 2025 թ․: Անգամ մը եւս ամավերջի հանդէսն է: Եւ ինչպէս յատկանշական է այս օրուան համար, տեսչութիւն, ուսուցչակազմ եւ ծնողական մարմին զօրաշարժի մէջ էին՝ 180 աշակերտ, 15 ուսուցիչ Վարժարանը մեղուափեթակի նման եռուզեռի մէջ էր:

       Այս առիթով, Պ. Սեւակի դիմանկարով տպուած վերնաշապիկներ հագած՝ Կրտսերագոյն դասարաններուն մանչուկներէն ու դստրիկներէն ոմանք, հրեշտակային անմեղութեամբ կը շրջէին եւ իրենց վերնաշապիկի վրայ տպուած նկարը հպարտութեամբ ցոյց կու տային՝ «Աղուո՞ր է շապիկս» հարց տալով:

        Այս տարուան հանդէսին առաջարկուած նիւթերն էին կա՛մ Շառլ Ազնաւուրին կեանքն ու գործունէութիւնը, կա՛մ ալ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակը: Ուսուցչական կազմի մեծամասնութեան ցանկութեան ընդառաջելով՝ ընտրուած էր Պարոյր Սեւակի գրական-ստեղծագործական վաստակը, եւ ըստ այնմ, պարոն Րաֆֆի Մելքոնեան ընտրած էր լսարանին ներկայացուելիք բանաստեղծութիւնները, առակները եւ տասնամեակներու ընթացքին Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական արուեստին նուիրուած խօսքեր, որոնք լոյս ընծայուած են հայ եւ օտար մեծամեծ գրողներու եւ մտաւորականներու կողմէ:

Վարժարանիս համար աւանդոյթ դարձած է ժամանակ խնայել եւ չյայտարարել կատարուող նիւթերը, այլ տպել շքեղ յայտագիր եւ բաժնել բոլոր ներկաներուն, որպէսզի ծանօթանան կատարուելիք յաջորդ նիւթին:

Առաւօտուն, ճիշդ 10:30-ին, արժանապատիւ տէր Միքայէլ քահանայ Կիւրեղեանի առաջնորդութեամբ, «Տէրունական աղօթք»-ով կատարուեցաւ հանդէսին բացումը :

Այս տարի որոշուած էր զանց առնել բացման խօսքը, որուն փոխարէն տիկիններ Մարիա Անթեքելեանի եւ Եդեր Սիմոնեանի աշակերտներն արտասանեցին Պ. Սեւակի «Բարեւ» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան հանդէսին նախագիծն ու թատերական պատկերներն ստեղծելու յանձնառութիւնը ստանձնած էին տիկին Անի Գէորգեան եւ պարոն Արթուր Տարվերեանին, որոնք բարձր ճաշակով յաջողած էին ստեղծել թատերական գեղեցիկ եւ յուզիչ ձեւաւորում:

Յաջորդ պատկերը եւս մտայղացումն էր տաղանդաշատ Անի Գէորգեանին: Սրահի մթութեան մէջ, բեմին վրայ պարզուեցաւ հսկայական պաստառ, որուն ետեւէն կը տեսնուէր Պարոյր Սեւակին ստուերը՝ նստած իր աշխատանքային գրասեղանին: Պ. Սեւակը կը մարմնաւորէր Տիգրան Մելիքեան, որ դերասանական հմտութեամբ եւ ստուերային խաղարկութեամբ ձեւաւորեց Սեւակի բանաստեղծական երկունքը: Հնչեց «Ապրել» բանաստեղծութեան ձայնագրութիւնը, բանաստեղծին խռպոտ ձայնով: Ապա բեմ մտան տիկին Լուսինէ Ադամեանին աշակերտները եւ դասարանային ասմունքով արտասանեցին նոյն բանաստեղծութիւնը: Ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ այս վարժարանին դասատուները ջանք չեն խնայեր մեր մեծերուն մտաւոր ժառանգութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու:

Յաջորդ նիւթը քիչ մը եւս արթնցուց ներկաներուն ուշադրութիւնը: Տէր Միքայէլ քահանայ Կիւրեղեանի, տիկիններ Թամար Եսիլճիմէնինի եւ Հիլտա Աճիլաչօղլուի աշակերտները ներկայացուցին «Մարդ Կայ» բանաստեղծութիւնը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած, եւ «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» երգը: Պարոն Րաֆֆի կը պատմէ, թէ այս երգին ձայներիզը, ազգայնաշունչ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի կատարմամբ, ինք իր երիտասարդութեան օրերուն, դեռ 1978-ին ձեռք բերած էր եւ համալսարանի շրջանին, ընկերներով միշտ ունկնդրած են երկար տարիներ: Ան ձայներիզը իր մօտ պահած է մինչեւ սոյն թուականը, եւ հին ձայնագրիչով արտահանած ու յանձնած էր տիկին Սիրվարդ Կաւուկչեանին, ով իր հերթին, իր սովորական արհեստավարժի հմտութեամբ սորվեցուցած էր աշակերտներուն: Երգը արժանացաւ ներկաներու երկար ծափողջոյններուն:

Ապա բեմ մտաւ տաղանդաւոր աշակերտ Արեն Պապիկեանը, որ իր տպաւորիչ ձայնով ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի մշակած «Հով արէք» երգը:

 

Հերթը եկաւ վարժարանի ամենափոքր եւ ամենահամովիկ խումբին՝ տիկիններ Ազատուհի Մուրատեանի, Նայիրի Զաքարեանի եւ Սեդա Քելեշեան-Վելասքեզի աշակերտներուն: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ բեմականացուած ձեւով ներկայացուցին Սեւակի առակներէն երկուքը՝ «Վագրն ու կատուն» եւ «Իշուկը», ապա իսկական ցնծութեամբ կատարեցին Կոմիտասի մշակած երգերէն՝ «Զար զընգը» եւ «Ջուր կու գայ» երգերը:

Կարգ մը աշակերտներ՝ յանձինս Արսէն Բալումեանի, Ռուբէն Պաղտասարեանի եւ Էրիք Սաաքճեանի, ներկայացուցին «Էրւում եմ» երգը:

Բեմին կեդրոնը պսպղացող պաստառին վրայ երեւացող Սեւակին ստուերին ներքոյ, տէր Միքայէլի եւ տիկին Լուսինէ Ադամեանի աշակերտները կարդացին շարք մը հայ եւ օտար մտաւորականներու եւ գրողներու կարծիքներ՝ Սեւակի մասին: Հանդէսի աւարտին, մեծաթիւ ներկաներ, իրենց գեղեցիկ տպաւորութիւնները յայտնեցին եւ բարձր գնահատեցին այս պատկերը, զոր ստեղծած էին տիկին Անի Գէորգեանն ու պարոն Արթուր Տարվերեանը:

Յաջորդ խմբակը՝ տիկիններ Հեղինէ Յակոբեանի եւ Անի Գէորգեանի աշակերտները, հակառակ իրենց փոքր հասակին, հեզասահ կերպով բեմ բարձրացան, իւրաքանչիւրն իրեն համար նշանակուած տեղը գրաւեց եւ սկսան թատերական ոճով եւ մանկունակ շեշտով ասմունքել «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը, ապա երգեցին «Մայրիկ» հոգեթով երգը:

    Յաջորդ խումբը տիկին Զարինէ Սուքյասեանի եւ պարոն Արթուր Տարվերեանի աշակերտներն էին, որոնք ներկայացուցին «Վարք Մեծաց» եւ «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւնները: Այս խումբին կատարումները իսկական հաճոյք առթեցին ներկաներուն, որովհետեւ յաջող ձեւով բեմականացուած էին եւ պարերով համեմուած՝ շնորհիւ տիկին Զարինէ Աւանեանի գեղարուեստական տաղանդին: Յայտագրին մէջ բացայայտօրէն յիշուած էր, որ հանդէսի տեւողութեան՝ երգերուն ընկերակցող պարերը ամբողջովին յօրինուած էին տիկին Զարինէի կողմէ:

Այս տարի Ս. Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանէն շրջանաւարտ եղան ութ աշակերտ։ Դաստիարակներու սրտի խօսքերէն ետք, տնօրէնութիւնը կատարեց վկայականաց բաշխումը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն յանձնելով իրենց անունները կրող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մետալները: Հակառակ անոր, որ աւարտականի սաները շատ երջանիկ էին վկայական ստանալնուն առթիւ, սակայն չէին կրնար իրենց յուզմունքն ու արցունքները զսպել «Վերջին զանգ»-ի հնչեցման պահուն:

Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ Տ. Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեանի օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերէն ետք հանդէսի փակումը կատարուեցաւ Պարոյր Սեւակի անուան զուգորդուող «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերով: Այս երգերը հնչեցին վարժարանիս համայն աշակերտութեան մասնակցութեամբ: 180 աշակերտներու փաղանգ մըն էր, որ լեցուց բեմը եւ բեմէն վար: Տարիներու հունձնքն էր, խրոխտ պատանիներու կամ մատղաշ աշակերտներու բանակ մը լեցուց սրահը, որոնց ժիր ու կայտառ երգեցողութեամբ թնդաց սրահն ու թնդացնելով ներկաներուն սրտերը, կարգ մը ծնողներուն յուզումնախառն ու արտասուալից աչքերուն առջեւ:

Ցնծութեան, հրճուանքի եւ ուրախութեան անխառն վայելքի պահեր առթող հանդէսի յայտագիրը աւարտեցաւ, մինչ կարգ մը ծնողներու հիասքանչ արտայտութիւններուն ու ջերմ ծափողջոյններուն շնորհիւ, տօնական մթնոլորտը հասած էր իր բարձրակէտին:

 

Տնօրէնութեան խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Ծովինար Ղ. Մելքոնեան, որ նախ ողջունեց ներկայ գտնուող հիւրերը, յանձինս Արեւմտեան թեմի Շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեանի, ինչպէս նաեւ Կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Էլի Անդրէասեանի: Ան իր երախտիքի եւ գնահատանքի խօսքերն ուղղեց Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ տիար Պարգեւ Համալեանի, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Շաբաթօրեայ վարժարանի գործունէութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի վերելքին սատարող ծնողաօժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն, յանձինս տիկիններ՝ Դալար Փափազեանի, Թիլտա Մինասեանի, Սուզան Աբրահամեանի, Նունէ Չօրլուեանի, Թալին Դաւիթեանի եւ Թալին Ջուրեանի: Տիկին Մելքոնեանն իր ասելիքը եզրափակեց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղելով հանդէսի բոլոր մասնակիցներուն, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան եւ բոլոր ներկաներուն, վերամուտին՝ սեպտեմբեր 6-ին վերստին հանդիպելու քաղցր մարմաջով:

Րաֆֆի Մելքոնեան

Print