St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Կիրակի, 1 Յունիս, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի բարձր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Փորթր Ռենչի եւ Գրանադա Հիլզի նորահաստատ եկեղեցական ծուխի մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ, որ համախմբեց շրջանի հաւատացեալները։
Անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց նորհաստատ ծուխի հոգեւոր պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանը, Գրանադա Հիլզի St. Andrew & St. Charles եպիսկոպոսկան եկեղեցւոյ մէջ:
Յընթացս Ս. Պատարագի Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան տուաւ օրուան պատգամը, որի ընդմէջէն իր սրտի երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն եւ սարկաւագներուն՝ Ս. Պատարագի պատշաճ կազմակերպման համար: Արարողութեանը ներկայ էր նաեւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Տէրիկ Ղուկասեանը:
Ս. Պատարագէն վերջ բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զիրար շնորհաւորեցին անդրանիկ Սուրբ Պատարագի եւ նոր եկեղեցական համայնք ունենալու առթիւ, ապա միասնաբար յիշատակի խմբանկար մը առին:
Հուսկ, Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանը աղօթեց, որ Եկնաւոր Տէրը մշտապէս վառ պահէ կանթեղը նորհաստատ այս եկեղեցական համայնքի եւ հայտարարեց, որ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի բարձր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ այսուհետեւ Սուրբ Պատարգները տեղի կունենան ամեն ամսուայ առաջին կիրակի օրը՝ ժամը 12:30-ին, Գրանադա Հիլզի St. Andrew & St. Charles եպիսկոպոսկան եկեղեցւոյ մէջ:
Դիւան Առաջնորդարանի