ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՏԻԿՆԱՆՑ 73-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՏԻԿՆԱՆՑ 73-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
15 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՏԻԿՆԱՆՑ 73-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Published - 9 May 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովի նախորդող օր, Հինգշաբթի Մայիս 1-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեան 73-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը: Տիկնանց տարեկան ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեմի բոլոր հոգեւոր հովիւները, որոնք նոյն օր յետմիջօրէին մասնակցեցան հոգեւորականաց ժողովին, իսկ յաջորդ օր, Հինգշաբթի Մայիս 2-ին, Պատգամաւորական 98-րդ ժողովին: 

Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Հոգշ․ Տէր Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանը եւ Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանը։ Ապա, Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիկին Այտա Ասքիճեան իր սրտի խօսքին մէջ բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Սրբազան Հօր, միութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան եւ քաջալերանքին համար, ապա՝ Խորհուրդի բոլոր անդամահունիներուն եւ Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեանց բոլոր մասնաճիւղերուն իրենց համագործակցութեան եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն համար։Ապա տեղի ունեցաւ ներկաներու ստուգում, որմէ ետք Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։

Սրբազանը քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական օրհնութեամբ ողջունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեան 73-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները,  փառք եւ գոհութիւն վերառաքելով Ամենաբարին Աստուծոյ, որ Իր ամենազօր պահպանութեան ներքոյ անցնող տարի Թեմական մակարդակով իրականացուեցան բազմաթիւ ազգօգուտ եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան ի նմաստ ծրագրեր, որոնց յաջողութեան մէջ Թեմիս հոգեւոր հովիւներուն եւ ծխական խորհուրդներուն կողքին մեծապէս իրենց ներդրումը ունեցան Արեւմտեան Թեմի անխտիր բոլոր շրջաններու Տիկնանց Միութիւնները։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը Թեմի ողջ տարածքին ծառայութեան լծուած Տիկնանց Միութիւններու անդամուհիները նմանցուց Քրիստոսի յարութեան իւղաբեր կանանց, որոք առաջին վկաները դարձան քրիստոսի յարութեան։ Սրբազանը վերարժեւորելով Տիկնանց Միութիւններու ծառայութիւնը,  ըսաւ, որ անոնց առաքելութիւնը Քրիստոսի անձին վկաները դառնալ է իրենց շրջապատէն ներս։

«Ահաւասիկ համախմբուած ենք այս անգամ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ լուսարձակի տակ առնելու անցնող շրջանին կատարուած իրագործումները, միաժամանակ շեշտելու ծուխերէն ներս Ձեր  կենսական դերակատարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, հաստատելով, որ «Առաջնորդարանին եւ ծխական եկեղեցիներուն հովանիին ներքոյ գործող բոլոր  մեր կառոյցներուն աշխատանքները կը կատարուին պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, կարգապահութեամբ, համադրուած եւ նպատակասլաց կերպով»:

Իր սրտի խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազանը մեծապէս գնահատեց Թեմի Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդը ատենապետութեամբ Տիկին Այտա Ասքիճեանին։ Վեր առնելով Տիկին Այտա Ասքիճեանի երկար տարիներու բեղուն եւ յանձնառու ծառայութիւնը Սրբազան Հայրը զինք պարգեւատրեց Թեմիս ARCHBISHOP'S AWARD-ի տուուչութեամբ։ Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդը գնահատեց Թեմի հոգեւորականաց դասու անձնդիր ծառայութիւնը, ներկայ պատգամաւորները եւ բոլոր շրջաններու Տիկնանց Միութեանց անդամուհիները, եւ հրաւիրեց բոլորը մանաւանդ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ  հայ ինքնութեան խորացման ու  հաւատքի պահպանութեան զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը, առաւել եւս կեդրոնանալով նոր սերունդի հոգեւոր վերազարթօնքին ու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան նուիրական գործին վրայ։  Սրբազանը Թեմական մակարդակով տիկնանց միութեանց աշխատանքները համադրելու նպատակով յանձնարարեց հետեւիլ

Առաջնորդարանի ողղութիւններուն, նորարարական երկարաժամկէտ ծրագիրներուն եւ անկէ առաջադրուած առաքելութեան, տեսլականին ու արժէքներուն։ Սրբազան Հայրը կարեւորեց հովուական այցելութիւնները եւ mission parish-ներուն մէջ տիկնանց միութիւններու հաստատումը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեան 73 Տարեկան Ընդհանուր ժողովը բաց յայտարարելով Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան սրտագին մաղթեց, որ Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Անոր տուած իմաստութեամբ ժողովական նիստերը ընթանան հեզասահ, արդիւնալից եւ օգտաշատ՝ բոլոր մտածումերը կեդրոնացնելով մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր ժողովուրդի յառաջդիմութեան, հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական, կրթական ու դաստիարակչական կեանքի կենսունակութեան եւ մեր գործունէութեան նպատակասլաց ճիգերուն վրայ։

Տիկնանց Տարեկան Ընդհանուր Ժողովի ընթաքին ներկայացումներ կատարուեցան արուեստագէտ Տիկին Արփի Գրիգորեանի կողմէ, որ խօսեցաւ պատանիներին եւ երիտասբարդներին պատկերազարդ գրականութեան մատուցման հարցերու մասին, եւ  Առաջնորդարանի նորարարական երկարաժամկէտ ծրագիրներու տնօրէն Դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանի կողմէ, որ խօսեցաւ «Faith in Action – Innovating Parish Ladies Society» նիւթին շուրջ։

Ներկայացումներէն ետք Տիկին Այտա Ասքիճեան փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի  Տիկնանց Միութեան Խորհուրդի եւ Թեմի բոլոր շրջաններու Տիկնանց Միութեանց գործունէութեանց ընդհանուր տեղեկագիրը, իսկ գանձապահութեան եւ հաշուեքննութեան զեկոյցները ներկայացուց Խորհուրդի գանձապահ Տիկին Այտա Սէթեանը:   Ապա կատարուեցաւ Տիկնանց Կեդոնական Խորհուրդի նոր անդամներու ընտրութիւնը: Առ ի  յարգանք Տիկնանց Միութեան վախճանեալ անդամներու աստուածանուէր ծառայութեան, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ հոգւոց կարդաղուեցաւ անոնց յիշատակին։

Ժողովը աւարտեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի փակման խօսքով: Գնահատելով ընթացաւարտ Կեդրոնական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեանց բոլոր մասնաճիւղերու անձնուէր ծառայութիւնը, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ ներկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար անհրաժեշտ է կեդրոնանալ քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան վրայ, էական համարելով բոլոր ծուխերուն տիկնանց մարմիններ ունենալու հանգամանքը։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընտիր Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդը, բոլորին մաղթեց Աստուածանուէր բեղուն առաքելութիւն, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն հայ ազգին եւ յանսասանութիւն Հայաստնեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:

Տիկնանց 73-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ պատմական լուսանկարով։

Դիւան Առաջնորդարանի

Մայիս 6, 2025

Print