St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
«Ամէն անգամ, երբ մենք՝ հայերս ճակատագրական պահի մը, իրադարձութեան մը կամ վտանգի մը առջև գտնուինք այստեղ կամ այլուր, Սարդարապատի ոգին է, որ պէտք է արթննայ մեր մէջ, որպէսզի մենք չշեղինք մեր պատմութեան, մեր ժողովուրդի զարգացման ուղիղ ճանապարհէն։ Սարդարապատի յաղթանակը երեկուան, այսօրուան համար չէ միայն, այլ բոլոր հնարաւոր Հայաստաններու համար է այժմ և յաւիտեան»:
Վազգէն Ա Վեհափառ
«Սարդարապատի ոգին այս օրերուն ի մասնաւորի կը պարտաւորեցնէ բոլորս, որ մշտապէս խոնարհուած մնանք մեր անմահ զինուորնրու յիշատակին առաջ, որպէսզի հայրենիքի հանդէպ մեր սէրն ու ծառայութիւնը արտացոլենք նախանձնախնդրութեան ամենավեհ մօտեցումով։ Հայաստան եւ արտաշխարհ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակաց առաջ է յառնած անկշռելի օրհասական վտանգը մեր հայրենիքի։ Նախապայման է, որ ամէն բանէ առաջ միասնակամ մնանք, դառնանք հայրենակերտ զաւակները մեր նախնեաց»:
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
28 Մայիսի, 2021