St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Անցնող երկու և աւելի ամիսներու ընթացքին Աշաջնորդ Սրբազան հայրը կանոնաւոր կերպով առցանց կազմակերպուած պահեց իր ժողովական կեանքն ու հանդիպումները թեմի հոգևորականաց, Թեմական խորհուրդի, Ծխական խորհուրդներու և Առաջնորդարանի ենթայանձնախումբերուն հետ։ Այս նոր մօտեցումը ենթահող կը պատրաստէ, որ երբ բնականոն կեանքի վերադառնանք, կարելի ըլլայ արդիւնաւորել աշխատանքները առաւելագոյն չափերով։
Ժողովական այս դրոյթը յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ միաւորուած պահել թեմի հաւատացեաները։ Ժողովներու հետ համատեղ շարունակուեցան նոյնիսկ առցանց ձեռնարկներն ու դպրոցները։ Երևոյթն իրօք դրական է և խրախուսող այն իմաստով, որ արտաքին խանգարող ազդակները երբևէ չեն կրնար խանգարել մեր առաքելական կեանքը։
Սոյնը կը բերենք մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ուշադրութեանը առ ի տեղեկութիւն։
Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 18, 2020
Պըրպենք