St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՄԱՅՐՆ Է ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը ողջ հայութեան կեանքը կենսաւորող աստուածային ներգործութիւնն է։ Աշխարհացրիւ հայութեան կեանքն է Հայաստանը՝ իր Հանրապետութեամբ, և Անկախութեան տօնը մեր գիտակցական կեանքին մէջ կը խորացնէ սէրն ու նուիրումը Հայրենիքի նկատմամբ, որով և կ’ամրապնդենք մեր ինքնութիւնը։
Երբ կը սերտենք Հայոց պատմութիւնը, ապա այն ժամանակ կ’ըմբռնենք, որ Ս. Էջմիածինը Մայրն է Հայոց պետականութեան։ Ինչու՞, որովհետև դարերով Հայոց եկեղեցին իր զաւակաց հոգիներուն մէջ արթուն պահեց Հայրենիքի տեսիլքը, և երբ հասաւ օրհասական պահը, 1918 թուականին Սարդարապատի դաշտ մեկնող քաջարի զինուորները Ս. Էջմիածնի Մայր խորանին սուրբ հաղորդութիւն ստանալով իրենց արեամբ նուիրագործեցին բոլոր ժամանակներու Հայաստանը։
Այսօր Հայաստանի անկախութիւնը կը տօնախմբենք։ Փառք Աստուծոյ այս անսահմանելի օրհնութեան համար, որու պատկերին մէջ կը տեսնենք մենք մեզ, ուղին ու նպատակը մեր կեանքին և աւելին՝ գալիք սերունդներու առաքելութիւնը։ Եւ տօնախմբումը Հայաստանի անկախութեան պէտք է արտայայտենք գործնականապէս, նուիրումով ու բացառիկ ծառայութեամբ։ Կեանքն առանց ծառայութեան ինքն իր մէջ պարպուած է։
Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը թթխմորն է ամբողջական Հայաստանի տեսիլքի իրականացումին, որ մեր նախնիքներէն որպէս ժառանգ է վստահուած մեզի։
Արդ, բանանք մեր միտքն ու հոգին դէպի Մայր Հայաստան, մեր ամբողջ գիտակցական ու զգացական կեանքը մտասևեռենք Հայաստանի վրայ, և այն ժամանակ մեր կեանքը պիտի հրաշագործուի։
Աստուած պահէ մեր Հայրենիքը։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Սեպտեմբեր 20, 2019