ԼԱՍ ՎԷԿԱՍԻ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ԼԱՍ ՎԷԿԱՍԻ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
16 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԼԱՍ ՎԷԿԱՍԻ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ
Published - 15 April 2026

Ուրախութեամբ կու գանք ծանուցելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Լաս Վէկասի Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուող նոր դպրոցական շէնքի՝ մանկապարտէզի (daycare) շինարարական աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին, որու հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիսներուն, նախագահութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․Տէրտէրեանի։

Յիշեցնենք, որ նորակառոյց դպրոցի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, Հինգշաբթի Օգոստոս 14-ին, Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Այդ օրը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ Լաս Վէկասի հայ համայնքին համար, խորհրդանշելով նոր սկիզբ մը կրթական եւ հոգեւոր կեանքի ամրապնդման ուղիին վրայ։

«Թաջիրեան Համալիր» անունը կրող շէնքի կողքին շինարարական այս նոր ծրագիրը դպրոցական կառոյց ըլլալէ անդին կը միտի նաեւ դառնալ համայնքային կեդրոն մը, իր մէջ ներառելով կրթական, մշակութային եւ եկեղեցական կեանքի զանազան ոլորտները, ծառայելով Լաս Վէկասի հայութեան ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն։ Սոյն նախաձեռնութիւնը կը հանդիսանայ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, Թեմական Խորհուրդի, Լաս Վէկասի Հոգեւոր Հովիւի եւ ծխական խորհորդի եւ համայնքի միասնական կամքի, նուիրումի եւ տեսլականի արդիւնքը, որուն շնորհիւ երկարամեայ երազ մը այսօր կը վերածուի իրականութեան։

Սրբազան Հայրը իր հովուական այցելութիւններու ընթացքին միշտ շեշտած է, որ եկեղեցի եւ դպրոց կը կազմեն մէկ ու անբաժանելի առաքելութիւն մը, ուր կը կերտուի հայ մանուկին միտք, կը հարստանայ անոր հոգին, դաստիարակուելով Աստուածաշնչական եւ ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ։ Արեւմտեան Թեմի հայապահպանութեան եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման գործին մէջ եկեղեցաշինութեան զուգահեռ դպրոցաշինութիւնը եզակի ներդրում մըն է ամերիկահայ նոր սերունդի քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան, երաշխաւորելով սերունդներու հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորումը եւ համայնքի կենսունակ ապագան։

Թող այս նորակառոյց կրթական օճախը դառնայ սերունդներ կերտող լուսաւոր կեդրոն մը՝ ամրապնդելով հայապահպանութիւնը եւ առաջնորդելով Լաս Վէկասի հայ համայնքը դէպի աւելի պայծառ եւ հաստատուն ապագայ։

Դիւան Առաջնորդարանի