
Ի գիտութիւն մեր ազնիւ ժողովուրդին ուրախութեամբ կու գանք ծանուցելու, թէ Քոլորատոյի Տենվերի հայ համայնքը, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, Թեմական եւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի համագործակցութեամբ, յաջողեցաւ ի գործ դնել իր սեփական եկեղեցւոյ կառուցման համար նախատեսուած կալուածի ձեռքբերման ծրագիրը։
Սոյն ծրագիրը, եկեղեցւոյ կողքին պիտի ներառէ նաեւ մեր նոր սերունդի զաւակներուն համար ամէնօրեայ դպրոց, ուր հայ մանուկն ու պատանին պիտի դաստիարակուին մեր սուրբ հաւատքի, մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու ոգիով։ Միաժամանակ պիտի հաստատուի երիտասարդութեան եւ ընտանիքներուն համար համայնքային համալիր մը, որ պիտի դառնայ հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ազգային կեանքի շունչով լեցուն օճախ մը՝ ի նպաստ համայնքի յարատեւ աճման եւ կենսունակութեան։
Յիշեցնենք, որ տարիներ առաջ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Տենվերի համայնքը հաստատուեցաւ որպէս «mission parish», որով ծուխը սկսաւ ամրապնդել իր կազմակերպուած կեանքն ու զարգացումը՝ Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հովիւներու յաճախակի այցելութիւններով, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հաւատացեալներու նուիրեալ մասնակցութեամբ։
Այս ուրախալի առիթով, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, համայնքէն ներս նոր կառոյցին մէջ պիտի մատուցուի անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Կիրակի, 5 Ապրիլին, Սուրբ Յարութեան տօնին օրը, որ պիտի հանդիսանայ համայնքի կեանքին մէջ նոր հանգրուանի սկիզբը։ Սոյն Պատարագը պիտի մատուցանէ Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական՝ Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեանը։
Եկեղեցւոյ նոր կառոյցի օծման արարողութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ։ Իսկ եկեղեցւոյ եւ յարակից կառոյցներու շինարարութեան զուգահեռ ապագային պիտի կատարուին անհրաժեշտ նշանակումներ՝ եկեղեցական, կրթական եւ համայնքային պատասխանատու պաշտօններու համար՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել համայնքի կազմակերպական եւ ծառայական կեանքը։
Սրբազան Հայրը այս առթիւ բարձր կը գնահատէ Քոլորատոյի հայ համայնքին հաւատքը, եկեղեցասիրութիւնը, նուիրումը եւ անխախտ կապուածութիւնը մեր կրօնական սրբութիւններուն եւ ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն։ Անոնք իրօք եղան այս յաջողութեան հիմնական խթանը։
Այս լուսաւոր եւ օրհնաբեր առիթով ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հայրական սիրով իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը յղէ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորաբար Քոլորատոյի Տենվերի հաւատացեալ համայնքին՝ գոհութիւն մատուցելով առ Ամենակալ Աստուած այս շնորհալի պարգեւին համար։ Թող Սուրբ Յարութեան կենսատու լոյսը լուսաւորէ համայնքի կեանքը, ամրապնդէ հաւատքը, զօրացնէ յանձնառութիւնը եւ առաջնորդէ զայն դէպի նոր վերելքներ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Դիւան Առաջնորդարանի