ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
09 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԳՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ
Published - 1 April 2026

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ բարձր ու պատուաբեր ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մեծարգոյ Տիար Նարեկ Մկրտչեանի, Կիրակի Մարտ 29-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը նուիրուած Մեծարգոյ Դեսպանին, որ վերածուեցաւ նաեւ յիշատակի արժանի առիթի մը՝ յարգելու աշխարհահռչակ հայ կոմպոզիտոր եւ դիրիժոր Ալան Յովհաննէսի վաստակը, որ իր ստեղծագործութիւններով անջնջելի դրոշմ ձգած է համաշխարհային երաժշտութեան մէջ եւ բարձր պահած հայ մշակոյթի պատիւը միջազգային բեմերուն վրայ։

Երեկոն կազմակերպուած էր Արեւմտեան Թեմի Stewardship յանձնախումբին կողմէ եւ իրականացած Տիար Արման Նարինեանին ու Տիկին Սուզաննա Ազիզեանին մեծահոգի աջակցութեամբ։ Ներկայ էին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեան, Ճափոնի Գլխաւոր Հիւպատոսի ներկայացուցիչ Ճենիֆըր Ուսեակ, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Տերիք եւ Ատրինէ Ղուկասեան, ինչպէս նաեւ Ալան Յովհաննէսի որդին՝ Տիար Ուիլիըմ Հոլսթ իր կողակիցին՝ Քոլլինի հետ։ Ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով բարերարներ, հաւատացեալներ եւ երաժշտասէրներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տերիք Ղուկասեան, որ շեշտեց նման մշակութային նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման առումով։

Երեկոյի գեղարուեստական մասը վստահուած էր երաժշտագէտ Ռաֆֆի Միքայէլեանին, որ իր բարձրորակ ղեկավարութեամբ ներկայացուց Ալան Յովհաննէսի նշանաւոր ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։ Ծրագիրը ընդգրկեց Armenian Rhapsody No. 1, Alleluia & Fugue եւ Prayer of St. Gregory, շեփորի վրայ Էնդրու Ռոտմանի կատարողութեամբ։ Այնուհետեւ հնչեցին Armenian Rhapsody No. 2-ը եւ դաշնամուրային «Լուսածագ» քոնչերթոն՝ Լէոն Թոմասեանի վարպետ կատարմամբ։

Երեկոյի յատկանշական պահերէն մէկը եղաւ Avak the Healer ստեղծագործութեան հրաշալի թնդիւնը՝ սոփրանօ Արսինէ Զարգարեանի հրաշալի կատարողութեամբ, որ նաեւ ներկայացուց «Եար Նազանի» ժողովրդական սիրուած երգը։ Համերգը հարստացաւ նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբի մասնակցութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Բարեշնորհ Արթուր Սարկաւագ Վարդանեանի։

Երեկոն իր գագաթնակէտին հասաւ Զատկական «Jesus Christ Is Risen Today» ուրախ խմբերգով, որուն արձագանգը լեցուց Մայր Տաճարը, յոյսի, վերանորոգութեան եւ յաղթանակի պատգամ աւետելով բոլորին։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծարգոյ Դեսպան Նարեկ Մկրտչեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորներուն, կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն՝ դասական համերգի երեկոյի բացառիկ իրականացման համար։

Համերգէն գոյացած հասոյթը պիտի ծառայէ Արեւմտեան Թեմի Stewardship ծրագրին՝ ի նպաստ ապագայ հոգեւորականներու կրթութեան եւ կազմաւորման։

Երաժշտական այս երեկոն դարձաւ եզակի առիթ մը պատուելու Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Նարեկ Մկրտչեանը, կենդանի վկայութիւն մը՝ փառաբանելու Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական հանճարը, միաժամանակ շեշտելու մեր մշակութային ժառանգութեան կենսունակութիւնը, հաւատքի պահպանութիւնը եւ համայնքային միասնականութեան ամրութիւնը։

Դիւան Առաջնորդարանի

Մարտ 31, 2026