ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻՆ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
18 February 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻՆ
Published - 13 February 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու Արեւմտեան Թեմի ոսկեմատեանին մէջ յիշարժան եւ օրհնառատ օրեր արձանագրուեցան եւ նոր էջ մը եւս աւելցաւ համայնքային ու հոգեւոր կեանքի տարեգրութեան մէջ, երբ Շաբաթ 7 եւ Կիրակի 8 Փետրուարին, Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը արժանացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի երկօրեայ հովուական այցելութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը դարձաւ հաւատքի հզօրացման եւ հոգեւոր վերանորոգութեան շնորհալի առիթ մը։

Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 35 ամեակի նշում

Շաբաթ 7 Փետրուարի երեկոյեան  հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Բարձրաշորհ Սրբազան Հօր,  կազմակերպութեամբ Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Յարութիւնեանին եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն։ Պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին համայնքի պատասխանատուներուն եւ ծխայիններու ներկայութեամբ մասնաւոր յայտագրով ու մեծ շուքով նշուեցաւ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 35 ամեակը՝ որպէս բազմամեայ հովուական ծառայութեան, առաջնորդական անձնուրաց նուիրումի եւ եկեղեցաշէն վաստակի արժեւորում։

Ծրագիրը վարեց Թեմական Խորհուրդի անդամ Տիար Արա Երկանեանը։ Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արժանապատիւ Տէր Հայրը իսկ օրհնութիւնը կատարեց Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը։ Մասնաւոր յայտագրի ընթացքին հնչեցին Սրբազան Հօր արեւշատութեան բարեմաղթութիւններ եւ երախտիքի խօսքեր։ Պաշտօնական ընդունելութիւնը վերածուեցաւ հոգեկան ցնծութեան եւ համայնքային կեանքի կենսաւորման եզակի առիթ մը։ Բարձրաշնոր Սրբազան Հայրը ընդառաջելով Հոգեւոր Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի փափաքին, համայնքային իրենց ծառայութիւններուն համար Առաջնորդարանի «Hye Spirit» շքանշաններով պարգեւատրեց Տիկին Աննա Մխիթարեանը եւ Տիկին Նանա Քնայթը, 2025-ի տարեշրջանի համայնքի օրինակելի ընտանիք հռչակեց Պարսումեան գերդաստանը՝ Բարեշնորհ Լեւոն Սարկաւագը, կողակիցը Տիկին Ալինը եւ անոնց դուստրը Սօսէն։ Սրբազան Հօր մասնաւոր գնահատանքին արժանացաւ Սուրբ Անդրէաս Մշակութային Կազմակերպութիւնը իր բոլոր անդամներով, իսկ համայնքի 2025 տարեշրջանի տիպար երիտասարդը հռչակուեցաւ Դաւիթ Կոստանեանը։

Երեկոն առանձնայատուկ կերպով արժեւորեց Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր բազմամեայ Առաջնորդական վաստակը՝ Արեւմտեան Թեմի պայծառութեան եւ ծաւալման ճիգերը, եկեղեցաշինութեան մեծածաւալ նախաձեռնութիւնները, եկեղեցական կառոյցներու հզօրացումը, կրթական եւ երիտասարդական ծրագիրներու խթանումը, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տեսլականը։

Հանդիսութեան աւարտին Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Յարութիւնեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն անսակարկ հոգեւոր ու համայնքային ծառայութիւնը, շնորհաւորեց օրուայ մեծարեալներն ու դրուատեց յայտագրի մասնակիցներուն ծառայական ու նուիրումի ճիգերը։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը իրեն ուղղուած գնահատանքի խօսքերուն համար իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, ծառայութեան պտուղները վերագրելով Աստուծոյ շնորհքին, հոգեւորականաց դասի համագործակցութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդի նուիրումին։ Ան հայրական օրհնութեամբ եզրափակեց երեկոն։

Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ եւ քարոզ

Հովուական այցելութեան երկրորդ օրը, Կիրակի 8 Փետրուարի առաւօտուն, Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան ղօղանջներուն ներքոյ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերակայութեամբ Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Յարութիւնեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագներուն, դպիրներուն ու երգչախումբին։

 

Սրբազան Հօր քարոզը  հիմնուեցաւ օրուայ ընթերցումէն քաղուած հետեւեալ Աւետարանական համարին վրայ՝ «Եթէ ոք ծարաւի իցէ, եկեսցէ առ իս եւ արբցէ։ Ով հաւատայ յիս՝ որպէս եւ ասեն Գիրք, գետք յորովայնէ նորա բղխեսցեն ջրոց կենդանութեան» (Յովն. 7:37–38)։

Սրբազանը շեշտեց, թէ Տիրոջ այս խօսքը ուղղուած է ոչ թէ մարմնաւոր, այլ հոգեւոր ծարաւ ունեցող մարդուն։ Ան բացատրեց, որ մարդկային հոգին կը ծարաւի Աստուծոյ սիրոյն, ճշմարտութեան եւ շնորհքին, եւ միայն Քրիստոսի մէջ է, որ ան կը գտնէ իր ներքին յագեցումն ու խաղաղութիւնը, որովհետեւ Աստուածային սիրոյն մէջ կը բխին կենդանարար եւ սրբարար ջուրերը, որոնք կը նորոգեն մարդու ներաշխարհը եւ կը զօրացնեն անոր հաւատքը։

Անդրադառնալով մօտեցող Մեծ Պահքի շրջանին՝ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները պատրաստուելու 40օրեայ հոգեւոր ճանապարհորդութեան՝ աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Պահքը արձակուրդի շրջան չէ, այլ ներքին սրբագործման, հաւատքի վերահաստատման եւ հոգեւոր կարգապահութեան ժամանակաշրջան։ Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց, որ իւրաքանչիւր օր հաւատացեալին համար դառնայ հոգեւոր հայելի՝ վերարժեւորելու Աստուածապարգեւ կեանքը, զօրացնելու հաւատքը եւ գիտակցաբար ապրելու մկրտութեամբ ստացած քրիստոնէական կոչումը։

Սրբազանը նաեւ յիշեց, որ Մեծ Պահքին նախորդող օրերը մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատկանշական են Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Սրբոց Վարդանանց նահատակներու յիշատակութեամբ, որոնք իրենց կեանքը ընծայեցին վասն հաւատքի եւ հայրենիքի, ինչպէս նաեւ Տեառնընդառաջի տօնով։ Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն խոնարհ սրտով նշելու այս սրբազան տօները եւ իրենց անձերը վերանորոգուած հաւատքով ընծայելու Տիրոջ՝ վստահելով Ամենակալի առաջնորդութեան եւ նախախնամութեան։

Քարոզի ընթացքին Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ կերպով անդրադարձաւ Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Յարութիւնեանի ամբողջանուէր եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ բարձր գնահատելով անոր հովուական նախանձախնդրութիւնները եւ եկեղեցանուէր վաստակը։ Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Ծխական Խորհուրդին, յարակից մարմիններուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան, համայնքային կեանքի կազմակերպչական ջանքերուն եւ եկեղեցանուէր մասնակցութեան համար։

Յայտնենք, որ Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան շրջանի Հ․Մ․Ը․Մ․ի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտները եւ ջերմօրէն դիմաւորուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւոր Հովիւին եւ Ծխական Խորհուրդին կողմէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովուական այցելութիւնը զգալիօրէն ամրապնդեց Սուրբ Անդրէաս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքի միասնութիւնն ու նուիրումը։ Հաւատացեալները ոգեշնչուած ուխտեցին իրենց հոգեւոր ճանապարհորդութիւն շարունակել վերանորոգ հաւատքով եւ ծառայական յանձնառութեամբ։

Դիւան Առաջնորդարանի

12 Փետրուար 2026