Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը մասնակցի Եպիսկոպոսաց ժողովին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը մասնակցի Եպիսկոպոսաց ժողովին- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
28 March 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը մասնակցի Եպիսկոպոսաց ժողովին
Published - 23 January 2026

Այսու կը ծանուցենք սիրեցեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ՝ յընդառաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաւէրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Փետրուար ամսուայ 16-19 օրերուն Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ կը մասնակցի Եպիսկոպոսաց ժողովին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ կը մասնակցի նաեւ նոյն քաղաքին մէջ կայանալիք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովներուն, Փետրուար 20-21-ի օրերուն։

Կը խնդրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներէն աղօթքով յիշել այս կարեւոր ժողովները, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ անոնք ըլլան օրհնաբեր եւ պտղաբեր՝ ի բարօրութիւն ու բարգաւաճում մեր Հայրենիքին եւ ի շինութիւն ու պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունուար 23, 2026