ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՒՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ 25 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՒՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ 25 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
30 June 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՒՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ 25 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Published - 27 June 2025

Այսու ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, Թէ՝ Յուլիսի 2-7 օրերուն Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ «Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում»ին կազմակերպած «Քրիստոնեայ Ընտանիքը Հայ Ինքնութեան Խարիսխը» խորագրով համահայկական երիտասարդական մեծ ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Միաւորումի-ի հիմնադրութեան յոբելինական 25 ամեակը։ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․Տէրտէրեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատուած Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի կեդրոնական գրասենեակի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի հետեւողական եւ ջանադիր ծառայութեամբ ուխտագնացութեան առթիւ պատրաստուած է շահեկան ու նպատակայարմար դասախօսութիւններով բովանդակալից ծրագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր թեմերէն աւելի քան երեք հարիւր երիտասարդներ։

 Այսօր, Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ը համաթեմական տարողութեամբ կը շարունակէ արդիւնաւորել եւ տարածաշրջանային եւ համահայկական ու թեմական ձեւաչափերով նորանոր ծրագիրներ, յօգուտ հայ երիտասարդի դերակատարութեան ու  գործօն մասնակցութեան ծառայական ու հաւաքական մեր երթին:  Հ.Ե.Հ.Ե.Մ-ի գրասենեակը իր առջեւ դրուած համաթեմական ծրագիրներէն բացի, մշտապէս պատրաստակամութիւն է յայտնած աջակցելու աշխարհացրիւ Թեմերու երիտասարդական կեանքի աշխուժացման ու հզօրացման,  միաժամանակ յանձնառու մնալով նոր ծրագիրներ մշակել եւ հայթայթել բոլոր Թեմերու երիտասարդական կառոյցներուն ու միաւորումներուն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան որպէս Հ.Ե.Հ.Ե.Մ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Յուլիսի առաջին օրերուն Լոս Անճելըսէն պիտի մեկնի Հայաստան մօտէն հետեւելու ուխտագնացութեան բարեյաջող ընթացքին։ Իսկ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի հիմնադրութեան յոբելինական 25 ամեակին առթիւ նոյն օրերուն պիտի մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անհամ Պատարագ։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը Յուլիս 2-7 2025-ին «Քրիստոնեայ Ընտանիքը Հայ Ինքնութեան Խարիսխ» խորագրով դէպի Հայաստան համահայկական ուխտագնացութինը Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան համար կը համարէ հրաշալի առիթ մը Հայրենի մեր հողին վրայ եւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ համախմբուելու եւ գօտեպնդուելու մեր հայրենական ու հոգեմտաւոր արժէքներով:  Ուխտագնացութեան ընթացքին մասնակից երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները պիտի ստանան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնները, այցելեն Հայաստանի զանազան սրբավայրեր եւ հոգեւոր հայրերու հետ միասին մասնակին «ընտանիք» թեմայի շուրջ խմբային քննարկումներու: Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Թեմակալ Առաջնորդները եւ իրենց խրախուսիչ ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսանան Հ․Ե․Հ․Ե․Մ,ի առաքելութեան։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ եւ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքէ առ Ամենաբարին Աստուած, որ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը կը շարունակէ հայ երիտասարդը Հայրենիքին ու Մայրենի Եկեղեցւոյ  շուրջ պահելու եզակի իր առաքելութիւնը, նուիրական գործ մը, որ կը միտին նորահաս սերունդին մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը:

Ուխտագնացութիւնը կ՛եզրափակուի Կիրակի 4 Յուլիսին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագով։  

Դիւան Առաջնորդարանի

27 Յունիս 2025