Ն․Ա․Տ․ ՍԱՀԱԿ Բ․ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ» Ն․Ա․Տ․ ՍԱՀԱԿ Բ․ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
30 June 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Ն․Ա․Տ․ ՍԱՀԱԿ Բ․ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»
Published - 26 June 2025

Հինգշաբթի 19 Յունիսի առաւօտուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի «Արարատ Տուն»։  Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝  Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը։

«Արարատ Տան» մատրան մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան հոգեւոր պատասխանատու՝ Արժ. Տէր Երեմիա Քհնյ. Խաչատուրեանին, Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեանին, վարչական պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանին եւ խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ «Հրաշափառ» արարողութենէն ետք մատրան Սուրբ Խորանին առջեւ Պատրիարք Հայրը մասնաւոր աղօթքը արտասանեց համախմբուած ուխտաւորներուն համար, որոնք եկած էին դիմաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արժանանալու անոր շնորհառատ օրհնութեանց։ Մատրան մէջ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ իր խնդակցութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ուխտաւորներու ներկայութեան կապակցաբար, որոնք եկած էին դիմաւորելու եւ աղօթակից ըլլալու Նորին Ամենապատուութեան։

Իր արտասանած պատգամին մէջ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ հաւատքի կեանքի կարեւորութեան եւ մէջբերումներ կատարեց  Սուրբ  Յովհաննէս Կարապետի ապրած սրբակենցաղ կեանքէն։ Ան ներկաները յորդորեց նմանիլ Սուրբ Յովհաննէսին եւ ապրուած հաւատքի  կեանքով Տիրոջ ճանապարհը հարթել ու շատերը հրաւիրել  ուխտաւորաբար քալելու դէպի Աստուած առաջնորդող կեանքի ու անմահութեան ճանապարհէն։ Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հոգեթով պատգամին համար։

Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը այցելեց Արարատ Տան համալիրին մէջ հաստատուած «Արարատ Էսքիճեան Թանգարան»,  որու մասին  համապարփակ տեղեկութիւններ ստացաւ պատասխանատուներէն։ Լուտէր Էսքիճեանի բարերարութեամբ հաստատուած թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին պատմագիտական ու ազգագրական գոյքեր, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, արուեստն ու հանճարը։ Թանգարան կատարած այցելութենէն ետք Նորին Ամենապտութիւնը առաջնորդուեցաւ Արարատ Տան առաջին մասնաշէնքը, ուր սեղանատան մէջ համախմբուած էին առողջապական դարմանումի կարօտ տարեցները։ Յանուն հոգաբարձութեան Պատրիարք Հօր բարի գալուստ մաղթեց Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան։ Ապա Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան քրիստոնաէական սիրով ու վառ ապրումներով Արեւմտեան Թեմ օրհնաբեր ու պատմական այցելութեան առթիւ բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։

Ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելով Պատրիարք Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սիրալիր ու ջերմ դիմաւորութեան համար, ապա լուսարձակի տակ առաւ Արարատ Տան հաստատութեան մարդասիրական արժէքը։ «Հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ իրապէս գանձ մըն է նման հաստատութիւն մը, որ իր շուրջ կը համախմբէ տարեց հայրերն ու մայրերը»  ըսաւ Նորին Ամենապատութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հաստատութեան պատասխանատուներուն  տարեցներուն համար ստեղծած  այն գեղեցիկ միջավայրին համար, ուր անոնք ընկերային ու հաւաքական ամենօրեայ կեանքով կը կազմեն  մեծ ընտանիք մը։ Ապա հանդիսապետելով Տնօրհնէքի արարողութեան, Նորին Ամենապտուութիւնը օրհնեց հացը, ջուրը եւ աղը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բնակիչները, պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները։ Հանդիպումին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ․ Տամատեան մեներգով   ոգեւորեց ներկաները։

«Արարատ Տուն» կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը պահ մը կանգ առաւ տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր տեղեկութիւն ստանալէ ետք հաստատութեան առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին, օրհնեց ու գնահատեց բոլորի նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ ի խնդիր հայ տարեցի քաջառողջութեան ու արժանավայել կեանքին։ Հաստատութեան ատենապետ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան յանուն Արարատ Տան մեծ ընտանիքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատութեան եւ այս առթիւ  Պատրիարք Հօր յանձնեց Արարատ Տան կրծքանշանը, որպէս  պատուոյ անդամ Արարատ Տան։ Աւարտին, ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ընդունելութիւն մը, ուր ներկաները պատեհ առիթը ունեցան մօտէն զրուցելու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Նուիրապետական Աթոռի Գահակալին հետ։ Պատրիարք Հայրը հաստատութեան պատուոյ տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները, մաղթելով, որ հաստատութիւնը առաւել եւս ամուր քայլերով շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը։ Նախքան բաժանումը, Պատրիարք Հայրը որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց հաստատութեան։