St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեան ընտանիքը, 17 Յունիս 2025, Երեքշաբթի, ժամը 18.30-ին, իր բնակարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Հանդիպման մասնակցեցան ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած հիւրընկալութեան յանձնախումբի անդամներ։
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շուրջ 50 ազգայիններ առիթը ունեցան Պատրիարք Հօր հետ առաւել եւս շփուելու եւ Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ ստանալու։ Նախկին Պոլսեցիներ եւս բաժնեցին անցեալէ յուշեր եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին որ Պոլսոյ Պատրիարքին հետ հանդիպելու առիթը ունեցած էին Լոս Անճէլըսի մէջ։
Ընթրիքի ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ դրուատեց Մարուքեան ընտանիքին Արեւմտեան Թեմի ազգային եկեղեցական կեանքէ ներս ունեցած ներդրումը։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Սարօ Մարուքեան ստանձնած էր հիւրընկալութեան յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը, այլնաեւ այսօր իր տան դռները կը բանար Պատրիարք Հօր եւ իր հարազատներուն։
Պատրիարք Հայրը եւս սրտի խօսք արտասանեց եւ յայտնեց, թէ մեծապէս զգացուած էր Լոս Անճէլըսի շրջանի մէջ մէկ օրուան տեւողութեամբ տեսածներով։ Թէ՛ վարժարաններու այցելութիւնը, թէ՛ առաջնորդարանէ ներս ընդունելութիւն եւ թէ՛ հոգեւորականներու հետ ունեցած հանդիպումը առիթ ստեղծած էր որ շրջանի աշխուժութեան մասին պատկեր մը ունենայ։ Այս առումով դրուատեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի բարձր կարողութիւնները եւ մաղթեց որ իր առաջնորդութեամբ շարունակէ այս ապրող համայնքային կեանքը։
Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ հեռաւոր ԱՄՆ-ու մէջ նման տեսարանի ականատես ըլլալը, իրապէս ոգեւորած էր զինք։
Իր խօսքերու աւարտին, գնահատեց նաեւ Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեան ընտանիքին ազգային կեանքէ ներս ունեցած հսկայ ներդրումները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գիշերուան ընդունելութեան համար։ Պատրիարք Հայրը, որպէս օրուան յիշատակ նուիրեց պատկերազարդ շրջանակ մը, որուն վրայ աշխատուած է Պատրիարքարանի մուտքի բաժինը։
Մարուքեան ընտանիքը թէ՛ Պատրիարք Հօր եւ թէ՛ Յովնան Սրբազանին շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իրենց բարձր ներկայութեամբ պատուած էին սոյն միջոցառումը։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։