St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
8 Մայիս 2025 թ․, կիրակի օր, Փասատենա քաղաքի (ԱՄՆ, Քալիֆորնիա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը աշակերտական մեղրահամ հանդէսով մը աւարտեց իր ուսումնական բեղմնաւոր տարին:
Ջերմ յետմիջօրէ է: Ահա իրենց ծնողներով, մեծ հայրերով եւ մեծ մայրերով Գալուստեան- Տունայեանց սրահը կը մտնեն մեր «մեղու»ները: Անոնց ծաղկաւոր, կարմիր, դեղին տարազները կը յիշեցնեն ուրախ եւ ցնծուն ամառը, որ հասած է արդէն:
Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը բացման խօսք կը կատարէ. «Ուրախ օր է այսօր, կ’ըսէ ան, որովհետեւ մէկ տարուայ աշխատանքը կ’աւարտի իր նպատակին հասած ըլլալով: Դուք, յարգելի ծնողներ եւ ներկաներ այսօր պիտի վայելէք ձեր զաւակներու՝ մեր ժրաջան աշակերներու արգասիքը՝ անոնց երգը, ասմունքը եւ պարը…»:
Աշակերտները բեմ կ’ելլեն: Անոնց զիլ ձայնը կը զուարթացնէ սրահը. «Մեր Հայրենիք», «Մենք մանուկներ հայոց ազգի», «Հայ աշակերտին ուխտը»: Մանկապարտէզը կը մնայ բեմի վրայ: Ամառնային արձակուրդին եւ մայրերու օրուան նուիրուած ոտանաւորներ կ’ուրախացնեն բոլորը: Ծափահարութիւններու մէջ անոնք կ’երգեն՝ «Ծափիկ-ծափիկ» եւ կը պարեն հայրենիք բուրող պար մը:
Ա. Դասարանը, որ այլեւս ինքզինք մեծցած կը համարէ, «Մախմուր աղջիկ» երգով, նազով եւ շքեղօրէն բեմ կ’ելլէ, կը ներկայացնէ դպրոցական պատկեր մը, ուր աշակերտուհի մը կը դառնայ «ուսուցչուհի» իսկ միւս աշակերտները՝ ուսումնատենչ աշակերտներ: Անոնք միասնաբար կ’արտասանեն հայրենասէր «Պատգամ» մը եւ հայկական պարով կը պսակեն իրենց բաժինը:
Բ. դասարանը «Լեռներ հայրենի» երգի ընկերակցութեամբ բեմ կը բարձրանան: Իւրաքանչիւր աշակերտ Հայաստանին «Սրտի խօսք» մը կը կ’ուղղէ: Ունին արտասանութիւն մը՝ «Երգ Հայաստանի մասին», ապա դաշնակը կը սկսի նուագել մեզ յուզող ծանօթ եղանակ՝ աշակերտները կ’երգեն «Ծիծեռնակ» երգը: Անոնք սրահը կը թնդացնեն աշխոյժ պարով մը, զոր կոչած են՝ «Լեռնապար»:
Աւագ դասարանի աշակերտները մօր սրբութիւնը պատմող բանաստեղծութիւն մը կ’արտասանեն կարմիր վարդեր բռնած: Արտասանութիւնը կը վերջանայ եւ անոնք բեմէն կ’իջնեն, վարդերը կը նուիրեն իրենց մայրերուն:
Հանդէսի վերջին բաժինը կը կազմէ խմբերգները: Աշակերտները միաշունչ եւ վայելչօրէն կ’երգեն «Լորիկ», «Էսօր Ուրբաթ է», «Մայրերին բոլոր» եւ «Հայաստան» (Արեւիկ) երգերը:
Եւ ահա կը հասնի յայտագրի ամենէն յուզիչ պահը: Բոլորի յոտնկայս ծափողջիւններու մէջ կը հնչէ դպրոցի պղնձեայ ձեռնազանգակը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիվ Տ․ Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեանը եւ ծխական խորհուրդի անդամ Վահէ Աջապահեանը սրտի խօսքեր, հիացմունքի արտայայտութիւններ կ’ուղղեն աշակերտներուն եւ անոնց նուիրեալ ուսուցչուհիներուն՝ Անի Մարսէլեանին, Ազնիւ Սէրայտարեանին եւ Մարալ Դաւիթեանին: Անոնք ուրախութիւն կը յայտնեն, որ ամէն աշակերտ հայերէն խօսի եւ իր արմատներուն սերտ մնայ:
Իր աւարտի խօսքին մէջ Ն. Տատուրեանը կը յայտարարէ, որ որպէս WASC վարկաւորումի արժանացած դպրոց՝ Փեթակը յաջորդ տարեշրջանին կ’ունենայ իր սեփական կայքէջը՝ www.petagstgwd.com , ինչպէս նաեւ պաշտօնական օրերուն եւ հանդէսներուն համար նախատեսուած յատուկ շապիկներ: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ հիւր պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերուն, դաշնակահար Էլմիրա Սիմոնեանին, կայքէջը եւ դպրոցի գեղարուեստական ձեւաւորումները կատարող Փաթիլ Գաբդանեանին, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի «կամաւոր քոյրեր» Էլէն Վարդանեանին եւ Տերեւ Տատուրեանին:
Յայտագիրը կ’աւարտի ընկերային ժամով, որ քաղցրացած է սիրալիր զրոյցներով եւ թեթեւ հիւրասիրութեամբ մը:
ՓԵԹԱԿ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը 1965 թուականէն ի վեր 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայկական դաստիարակութիւն: Լեզուի դասերու քով ան ունի պարի եւ երգի ժամեր: Արձանագրութեան համար գրել՝ saturdayschool@stgpas.com հասցէին, կամ հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ (626) 449-15231 ։
Նորայր Տատուրեան
Տնօրէն